ՏՈՒՆԸ ԲՆԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՄԱՔՐԵԼ
Տունը կանոնաւոր կերպով մաքրելն ու ախտահանելը շատ կարեւոր են։ Ասիկա առողջապահական միջավայր մը ապահովելու լաւագոյն ձեւն է, յատկապէս պաղառութեան եւ հարբուխի օրերուն։ Շուկան կան քիմիական նիւթերով պատրաստուած դեղեր, որոնք արագօրէն կը սպանեն մանրէները, բայց անոնք կրնան նաեւ վնասակար ըլլալ։ Քլորը, ամոնիակը զորօրինակ կրնան գրգռել մաշկը, աչքերն ու շնչուղիները։ Ասկէ զատ, այս դեղերը գործածելէ ետք յաճախ կը զգանք գլխացաւ, յոգնածութիւն եւ գլխապտոյտ։ Ասոր համար, եկէք տեսնենք բնական ախտահանիչներու քանի մը տարբերակներ, որոնք տան մաքրութեան համար աւելի ապահով են։
Մաքրե՞լ, թէ Ախտահանել. Ի՞նչ է Տարբերութիւնը
Թէ՛ պարզ մաքրութիւնը եւ թէ՛ ախտահանումը կը հեռացնեն վնասակար մանրէները, բայց ձեւերը տարբեր են։
– Պարզ մաքրութիւնը ընդհանրապէս մանրէներու քանակը
կը պակսեցնէ ու կը հասցնէ այնպիսի մակարդակի մը, որ չվնասէ ձեզի։ Այս պարագային գործածուած նիւթերը աւելի թեթեւ կ’ըլլան, ուստի բնական միջոցները լաւագոյն ընտրութիւնն են։
– Ախտահանումը կը սպանէ աւելի լայն տեսակի մանրէներ՝ ժահրեր եւ բորբոսներ։ Բնական ախտահանիչներու շարքին շատ ազդու են ջրածինի գերօքսիտը (hydrogen peroxide՝ թթուածնաջուր) եւ ալքոլը։
Տունը Բնական Ձեւով Ախտահանելու Օգուտները
Ոչ թունաւոր մաքրութեան ձեւերը յաճախ նոյնքան ազդու են, որքան քիմիական նիւթերը, իսկ երբեմն աւելի լաւ արդիւնք կու տան։ Անոնք անվնաս են մարդոց եւ ընտանի անասուններուն համար, ինչ որ աւելի դիւրին կը դարձնէ բաղնիքներու, ննջարաններու, խոհանոցի եւ խաղասենեակներու մաքրութիւնը։
Բնական մաքրութեան նիւթերը նաեւ բազմակողմանի են. կարիք չկայ ամէն անկիւնի համար տարբեր դեղ գնելու։ Ասիկա թէ՛ գործնական, թէ՛ ալ խնայողական կ’ըլլայ։ Յաճախ ձեր խոհանոցի պահարաններուն մէջ արդէն իսկ ունիք այնպիսի նիւթեր, որոնցմով կրնաք ախտահանել տունը, ինչպէս՝ քացախն ու կիտրոնը։
Խոհանոցի Մաքրութիւնը՝ Առանց Վնասակար Քիմիական Նիւթերու
Խոհանոցը այն տեղն է, որ ամէնէն շատ ախտահանուելու կարիք ունի։ Սեղաններու վրայ, սառնարանի բռնակներուն եւ լուացարաններուն մէջ մանրէները դիւրաւ կը բազմանան։ Այստեղ է որ ուտելիք կը պատրաստէք, յաճախ հում միս կամ ձուկ, որոնք դուրսը մնալով արագ
կը փճանան։ Ուստի խոհանոցի մաքրութեան ձեւերը պէտք է ըլլան թէ՛ ազդու, թէ՛ ալ ուտելիքներուն համար անվնաս։
Քացա՞խ, թէ՛ Ախտահանիչ Դեղ
Քացախով մաքրութեան հեղուկ մը պատրաստելու համար, սրսկիչ շիշի մը մէջ հաւասար քանակով քացախ եւ ջուր խառնեցէ՛ք։ Եթէ այս խառնուրդը սրսկէք խոհանոցի մակերեսներուն վրայ եւ ձգէք շուրջ 15 վայրկեան, անիկա յաջողութեամբ կը ջնջէ մանրէներն ու բորբոսները։ Լաւ կ’ըլլայ, որ նախ պզտիկ անկիւն մը փորձէք, որովհետեւ եթէ խառնուրդը շատ թունդ ըլլայ, կրնայ որոշ մակերեսներ վնասել։
Կիտրոն եւ Սոտա (Baking Soda)
Ասիկա յարմար է լուացարաններուն եւ սեղաններուն համար։ Կիտրոնը կը հալեցնէ իւղն ու աղտը, միեւնոյն ատեն կը սպանէ մանրէները, իսկ խոհանոցը կիտրոնի թարմ հոտով կը լեցուի։ Կիտրոնը մէջտեղէն կտրեցէ՛ք, մակերեսին վրայ քիչ մը սոտա ցանեցէ՛ք եւ կիտրոնի կէսով շփեցէ՛ք մակերեսները։ Ետքը տեղը լաւ մը ցօղուեցէ՛ք։
Բաղնիքի Մաքրութիւն
Բաղնիքները շատ արագ կ’աղտոտին, նոյնիսկ եթէ նոր մաքրած ըլլաք։ Մաքրութիւնը կարգով ըրէք, որպէսզի աղտը մէկ տեղէն միւսը չփոխադրուի։ Հիմնական մաքրութիւններու միջեւ, քանի մը օրը անգամ մը սրբեցէ՛ք պահարանները եւ պարպեցէ՛ք ու հականեխեցէք աղբամանները։
Սոտա
Սոտան շատ լաւ կ’ազդէ ծորակի կամ ցնցուղի տակի բաժինները մաքրելու ատեն։ Անիկա հոտ չունի եւ հականեխիչ է։ Քիչ մը սոտա ցանեցէ՛ք մաքրուելիք տեղը, քանի մը կաթիլ ջուր աւելցուցէ՛ք եւ քիչ մը ուժով շփեցէ՛ք. բաղնիքը պիտի փայլի։
Հիւրասենեակի Հանգիստն ու Մաքրութիւնը
Թէեւ հիւրասենեակը ընդհանրապէս մաքուր կը մնայ, ատեն-ատեն հիմնական ախտահանումը օգտակար է։ Սակայն զգոյշ եղէ՛ք. պէտք չէ վնասել նուրբ կահոյքը։
– Կրնաք սոտա ցանել գորգերուն եւ կահոյքին վրայ։
– Ձգեցէ՛ք զայն շուրջ 30 վայրկեան, ետքը փոշեկուլով մաքրեցէ՛ք։ Ասիկա կը քաշէ խոնաւութիւնն ու կ’անհետացնէ անախորժ հոտերը։
(շար. 1)