ՏԵՂԱԿԱՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներու աւարտին, Հալէպի «Ահլի»-ն 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Ճէյշ»-ը եւ Սուրիոյ ախոյեան դարձաւ։ Նշենք, որ ասիկա հերթական երկրորդ եւ պատմութեան մէջ 8-րդ անգամն է, որ Հալէպի «Ահլի»-ն կը տիրանայ Սուրիոյ ախոյեանութեան: Այս տարեշրջանին «Ահլի»-ն մասնակցեցաւ 30 մրցումի, յաղթեց 27-ին, հաւասարեցաւ երկու մրցումի եւ պարտուեցաւ միայն մէկ մրցումի:
-Համաշխարհային պասքեթի առաջին փուլի զտման մրցումներու շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը 73-52 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Իրանի հաւաքականէն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊՐԱԶԻԼ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐԷՆ
Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան 1/8 եզրափակիչ փուլին, Պրազիլի եւ Նորվեկիոյ հաւաքականները հանդիպեցան ԱՄՆ-ի Իսթ Ռատըրֆորտ քաղաքին մէջ, ուր Պրազիլ 2-1 արդիւնքով կրեց անակնկալ պարտութիւն մը եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն:
14-րդ վայրկեանին, Նորվեկիոյ կազմի դարպասապահը խումբը փրկեց 11 մեթրի տուգանային հարուածէն։ 79-րդ վայրկեանին, անգլիական «Մանչեսթըր Սիթի»-ի 25-ամեայ յարձակող Էրլինկ Հալանտ, գլխով կատարած հարուածով, ցնցեց Պրազիլի դարպասը, որմէ տասը վայրկեան ետք, նոյն խաղցողը կրցաւ կրկնապատկել արդիւնքը:
Աւելցուած ժամանակի 10-րդ վայրկեանին, Պրազիլ ստացաւ երկրորդ տուգանային հարուածի իրաւունքը, որով Նէյմար կրցաւ նշանակել Պրազիլի միակ կոլը:
Աւելցնենք, որ համաշխարհային խաղերու պատմութեան մէջ ասիկա երրորդ անգամն է, որ Պրազիլ դուրս կը մնայ 1/8 եզրափակիչի փուլէն։ Նախապէս ան նոյն կացութեան առջեւ գտնուած էր 1934 եւ 1990 թուականներուն:
ՖՐԱՆՍԱ ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ՔԱՅԼԵՐՈՎ
ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՐԴ ՓՈՒԼ
2026-ի աշխարհի առաջնութեան 1/8 եզրափակիչի մրցումներուն, Ֆրանսայի ազգային հաւաքականը ծանրագոյն պայքարով եւ նուազագոյն՝ 1-0 հաշիւով յաղթեց Փարակուէյին եւ նուաճեց քառորդ եզրափակիչի ուղեգիրը:
Հանդիպման միակ եւ յաղթական կոլը արձանագրուեցաւ երկրորդ խաղակիսուն. 70-րդ վայրկեանին, VAR-ի միջամտութենէն ետք նշանակուած 11 մեթրի տուգանային հարուածը յաջողութեամբ կատարեց Քիլիան Մպափէ՝ վճռելով խաղին արդիւնքը։
Այս յաղթանակին շնորհիւ, Ֆրանսայի ազգային հաւաքականը պիտի շարունակէ պայքարը համաշխարհային խաղերուն: Ինչպէս յայտնի է, քառորդ եզրափակիչին ֆրանսացիները պիտի մրցին Մարոքի հետ, որ իր կարգին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած է հիւրընկալ Քանատան:
Ռաֆֆի Սիւլահեան

