ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԶԲԱՂԵՑՆԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Երկրի տարածքին գրեթէ բոլոր կրթօջախներէն ներս արդէն իսկ սկսած են ամառնային արձակուրդները։ Այս շրջանին, բազմաթիւ մանուկներ իրենց ընտանիքներուն հետ
կը ճամբորդեն դէպի այլ քաղաքներ, մինչ ուրիշներ իրենց ժամանակը կ’անցընեն տան մէջ։ Դպրոցական դասերու դադրեցումով, երբ մանուկները անհոգ զուարճութեան մէջ են, ծնողներ յաճախ կը մտածեն անոնց ժամերը օգտակար զբաղումներով լեցնելու մասին։
Արձակուրդները կրնան հանդիսանալ լաւագոյն առիթը՝ մանուկներուն նոր գիտելիքներ ջամբելու եւ զանոնք զանազան գործունէութեանց մէջ ներգրաւելու, միաժամանակ երաշխաւորելով, որ անոնք երկար ժամանակ չվատնեն պաստառներու կամ բջիջային հեռաձայններու դիմաց։ Ստորեւ կը ներկայացնենք պարզ ու հաճելի 7 միջոցներ, որոնք թոյլ պիտի տան մանուկներուն ուրախ մթնոլորտի մէջ սորվիլ նոր յատկութիւններ։
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀՄՏՈՒԹԵԱՆՑ ՈՒՂԵՑՈՅՑ՝ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
– Պատրաստեցէ՛ք փոքրիկ խոհարարներ.  Ձեր զաւակները վերածեցէ՛ք փոքրիկ խոհարարներու՝ խոհանոցէն ներս անոնց գոգնոցներ տրամադրելով։ Սորվեցուցէ՛ք անոնց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ակրատներ (sandwich) պատրաստել կամ պտղային աղցաններ ձեւաւորել։ Երբ անոնք իւրովի բան մը պատրաստեն, ինքնավստահ կը դառնան, իսկ դուք կը հիանաք անոնց ձիրքերով։
– Ստեղծագործական շունչ տուէ՛ք ձեռային աշխատանքներուն.  Անոնց տրամադրեցէ՛ք թուղթ, ներկեր եւ օգնեցէ՛ք, որ ձեռային աշխատանքի լծուին։ Ըլլայ գունաւորում, թուղթէ պատրաստութիւններ, թէ հին իրերէն նոր առարկաներու պատրաստութիւն, այս բոլորը պիտի ըլլան հաճելի եւ պիտի զարգացնեն անոնց ստեղծագործական միտքը։
– Գիրքերու աշխարհը.  Տան մէջ ստեղծեցէ՛ք ընթերցանութեան փոքրիկ անկիւն մը եւ քաջալերեցէ՛ք մանուկները, որ հեքիաթներ ու պատմուածքներ կարդան։ Անոնց տրամադրեցէ՛ք իրենց տարիքին համապատասխան հետաքրքրական գիրքեր, որոնք ո՛չ միայն պիտի հարստացնեն իրենց գիտելիքները, այլեւ պիտի զօրացնեն մտածողութեան կարողութիւնը։
– Կապ հաստատեցէ՛ք բնութեան հետ.  Եթէ նոյնիսկ փոքր տարածք մը ունիք, ներգրաւեցէ՛ք մանուկները պարտիզպանութեան մէջ։ Սորվեցուցէ՛ք անոնց ծառ տնկել, ջրել զանոնք եւ խնամել։ Այս գործունէութիւնը պիտի օգնէ մանուկներուն ըմբռնելու բնութեան կարեւորութիւնը եւ պիտի սորվեցնէ համբերատարութիւն։
– Աւանդեցէ՛ք նոր հմտութիւններ.  Ամառնային արձակուրդները հոյակապ պատեհութիւն են նոր արուեստ մը սորվելու համար, ըլլայ այդ կիթառ նուագել, մարզանքի հետեւիլ, թէ նոր լեզու մը սորվիլ։ Նոր հմտութեանց տիրապետելը պիտի բարձրացնէ մանուկներուն ինքնավստահութիւնը։ Մանուկները ուղղեցէ՛ք միութենական կեանքի, որպէսզի հաւաքական աշխատանքի վարժութիւն ունենան։
– Սեղանի խաղեր եւ ընտանեկան ջերմութիւն.  Մանուկներուն հետ խաղցէ՛ք սեղանի խաղեր (board games) կամ մտախաղեր (puzzles)։ Այս խաղերը պիտի սրեն անոնց միտքը եւ առիթ պիտի ընծայեն միասնաբար լաւ ժամանակ անցընելու։
– Փոքր արշաւներ եւ բացօթեայ խաղեր. Մանուկները առաջնորդեցէ՛ք մօտակայ զբօսայգի՝ հեծանիւ քշելու կամ թենիս խաղալու համար։ Պարտէզներուն մէջ գնդակ խաղալն ու վազվզելը մանուկները կը պահեն առողջ եւ ուրախ։ Ընկերացէ՛ք անոնց ու միասին խաղեր կազմակերպեցէ՛ք։