Ամէն գիշեր, երբ մթնշաղն ու երեկոյեան անդորրը զով հովիկին հետ ձեռք ձեռքի տուած կը պատեն ննջասենեակս, ներս կը մտնեմ օրուան աշխատանքը բոլորած ըլլալու հանգիստ խղճով ու ժպտուն դէմքով։
Կը շտկեմ բարձս. ո՜հ, անուշ պատրանք… կրնա՞ք երեւակայել այդ սփոփիչ զգացումը, երբ յոգնած գլուխդ կը հանգչեցնես սառնորակ բարձին վրայ, ու կարծես օրուան բոլոր հոգերը վայրկեանի մը մէջ կը չքանան։
Սակայն քանի մը վայրկեան ետք, բարձս կը սկսի իր գաղտնի գործը.  ի՞նչ ըսեմ, վա՜տ գործ մը։ Ամբողջ օրը լուռ, անշարժ ու առանձին սպասած էր կարծէք գալուստիս, որպէսզի գիշերային մութին մէջ իր որոգայթները լարէ։ Հազիւ գլուխս կը հպի անոր, կը սկսին աներեւոյթ խաղերը։ Սեւ մտածումներ կամաց-կամաց կը սողան դէպի ուղեղս, կը թակեն մտքիս փակ դռները, ու ահա՛, ներաշխարհս կը փոթորկի, սիրտս կը սկսի տրոփել։ Որքա՜ն զարմանալի է… այս անշունչ բարձը ինչպէ՞ս կրնայ գրգռել ու արթնցնել հոգւոյս ամենանուրբ լարերը՝ խանգարելով խաղաղութիւնս ու գալիք երազներս։
Ցերեկը, կեանքի եռուզեռին մէջ, երբ կլանուած եմ աշխատանքով, տան հոգերով ու զաւակներուս խնամքով, միտքս ամբողջովին լարուած կ’ըլլայ օրուան պարտականութիւնները լաւագոյնս կատարելու ճիգին վրայ։ Թէեւ դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները օրըստօրէ
կը բազմանան, բայց երբ գիշերը կը մօտենայ, անոնցմէ շատերը
կը մեղմանան ու կը հանդարտին։ Օրուան այդ վազքին ու խուճապին մէջ երբեք ժամանակ չեմ ունենար անցեալին կամ ապագային մասին խորհելու։
Բայց ահա՛ բարձս կը դառնայ անցեալիս անողոք յուշարարը։
Հին օրերու դրուագները մէկիկ-մէկիկ իրենց ամենանուրբ ու երբեմն ցաւոտ մանրամասնութիւններով կը կենդանանան գլխուս մէջ։ Կը վեր-յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս դրացուհիս վիրաւորական խօսք մը ուղղեց, երբ տակաւին քսաներկու տարեկան էի, ու ապշած, չկրցայ նոյնիսկ պատասխանել անոր։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս դպրոցական տարիներուն ուսուցչուհիս ամբողջ դասարանին առջեւ զիս պախարակեց ու անարդարօրէն պատժեց, մինչդեռ ես յանցանք մը չէի գործած։
Անոր կը յաջորդեն կեանքիս մեծագոյն հանգրուանները՝ ամուսնութիւնս, զաւակներուս լոյս աշխարհ գալը, ապա՝ աղէտաբեր պատերազմը, ծննդավայրէս հեռանալս ու այն բոլոր յուշերը, որոնք ստիպուած թողուցի իմ ետին…
Պահ մը քննութեան կ’ենթարկեմ բարձս, կը շօշափեմ անոր անկիւնները, մատներս կը մխրճեմ անոր սրտին մէջ, կարծէք փնտռելու համար այն գաղտնի «սարքը», որ այսպէս անողոքաբար կը խանգարէ քունս։
Բայց ոչինչ կը գտնեմ… ան սովորական, պարզ բարձ մըն է։
«Կերպասի ու բամպակի այս հասարակ մէկտեղումը ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի ահռելի ազդեցութիւն ունենալ հոգիիս վրայ», կը մտմտամ։ Անիկա նոյնիսկ ինքնակոչ դատաւորի մը պէս զիս կը մեղադրէ անցեալի պատահարներուն համար եւ պատասխանատու կը նկատէ անորոշ գալիքին հանդէպ։
«Պէտք է բարձս շրջեմ», կը խորհիմ յուսահատ։
Բարձին հակառակ կողմը աւելի հանդարտ ու զով կը թուի, մեղմօրէն կը շոյէ գլուխս։ «Վստահաբար այս կողմը զիս պիտի չտանջէ», կը փորձեմ ինքզինքս համոզել։ Այդ վայրկեանին կեանքը աւելի լուսաւոր կը թուի,
կը համոզուիմ, որ անցեալի բոլոր դժբախտութիւններուն միակ մեղաւորը ես չեմ։ Սակայն, բարձս դարձեալ կը սկսի շշնջալ ականջիս, յուշելով, որ բոլոր որոշումներս ու ընտրութիւններս սխալ էին։
Յոգնած այս ներքին կռիւէն՝ աչքերս կը փակեմ, քունը կը յարձակի աչքերուս վրայ՝ մէկ, երկու…
Հազիւ քանի մը վայրկեան անց, սեւ մտածումները կրկին կը ներխուժեն մտքիս վիհերը։
Ո՛չ, այսպէս անկարելի է շարունակել. վաղը առտու բարձս անպայման պիտի փոխեմ։
Դալար Ներսէս