«A part of him is still back there, 
on the other side, where the dead deny 
the living the right to leave them behind».
     Elie Wiesel
ևԱյգուհի՜, ընտանիքիդ արեւի ութ շողերէն մէկը, 14 տարի արուեստով սնանեցար, մետաքսի վրայ քնացար եւ դաշնակահար դառնալ երազեցիր…
Բառը՝ ցեղասպանութիւն – genocide – լսեցիր, երբ մոռցուեր էիր արդէն (1944-ին), ու մտածեցիր՝ բայց այդ բառը չի կրնար նկարագրել այն, որ ապրեցայ, որ բոլորս ապրեցանք…
Ցեղասպանութենէն փրկուելէ ետք, ԱՄՆ-ի մէջ անունովդ, տառապանքիդ պատումը գիրքի  վերածուելէ եւ նոյն այդ գիրքին ֆիլմի տարբերակին մէջ քու անձդ խաղալէ ետք, անունդ՝ Արշալոյս Մարտիկանեան կը մոռցուի վերջնականապէս… Յետոյ կը թուի, թէ կեանքը դիմակ փոխեր է քեզի համար եւ պայծառ օրեր սկսեր է պարգեւել. ճիշդ այդ պահուն կը մահանան ամուսինդ ու մանչդ:
Ինչպէ՞ս շարունակէիր ապրիլ առանց զաւկիդ, ամուսինիդ, եղբօրդ…
Երբ երկար տարիներ առանձնութեան մէջ ապրելէ ետք մահացար,  ոչ ոք եկաւ աճիւնիդ     տէր կանգնելու: Եւ մա-հէդ չորս տարի ետք, աճիւնդ թաղուեցաւ համայնական փոսի մը մէջ:
Ես- Արշալո՜յս, Օրօրա՜, ինչո՞ւ հոգիդ դեռ կը թափառի երկրիս երեսին ու չես հեռանար դէպի անդորր հեռուն, դէպի յաւիտենական խաղաղութիւն…
Արշալոյս Մարտիկանեան- Ինչպէ՞ս հեռանամ. կը փնտռեմ մերինները՝ հայրս, մայրս, եղբայրներս, քոյրերս, բոլորն ալ աչքիս առջեւ խողխողուած. աչքերս ա՛լ չեն փակուիր առանց արեան ժայթքերու, քուն չունիմ, տուն չունիմ…
Ե- Ինչպէ՞ս փրկուեցար:
ԱՄ- Զիս ծախեր էին հարեմի մը. 14 տարեկան էի. աշխարհէն լուր չունէի. փախայ… բռնուեցայ… նորէն փախայ… անվերջ պիտի փախչէի, մինչեւ վերջնականապէս ազատ ըլլայի. չէի մտածած թէ ազատ ըլլալէս ետք ի՞նչ պիտի ընէի:
Ե- Բայց վերջնական փախուստդ այնքան ալ դիւրին չէր. 18 ամիս Տէրսիմի անտառներուն մէջ միս մինակ, խոտ ու արմատ ուտելով:
ԱՄ- Հա՛, այդպէս Էրզրում հասայ. ռուսերը գրաւեր էին Էրզրումը. բան չհասկցան պատմածներէս. բայց շատ ազդուած կ’երեւէին մերկութենէս, սովահար վիճակէս:
Ե- Ո՞վ քեզ տարաւ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին:
ԱՄ- Չեմ յիշեր. երկար ճամբորդութիւն մըն էր քաղաքէ քաղաք, յետոյ ծովային երկա՜ր ճամբորդութիւն մը…
Ե- Այո՛՝ Էրզրումէն Թիֆլիս, Փեթերսպուրկ, Օսլո, եւ ի վերջոյ՝ Նիւ Եորք: Կ’ըսուի թէ 2253 քմ. քալեր ես բոպիկ, աւազներուն վրայ:
ԱՄ- Ո՞վ հաշուեր է քայլերս, ո՞վ համրեր է ներբաններս տաղող աւազի հատիկները… Ոչ ոք անունս գիտէր, ոչ ոք կը ճանչնար զիս. գիտէի որ եղբայրներէս մէկը այստեղերը տեղ մը պէտք է ըլլար. հայկական քանի մը թերթերու մէջ դնել տուի «Կը փնտռէ»: Ապարդի՜ւն…
Ե- Այստեղե՞րը, այսինքն Ամերիկա՞… Չգտա՞ր զինք, նոյնիսկ
«Կը փնտռէ»-էն ետք չգտա՞ր զինք. ինչպէ՞ս:
ԱՄ- Բայց սպասէ տեսնեմ, այս զրոյցը ինչո՞ւ Ապրիլի մէջ չըրիր:
Ե- Ինչո՞ւ Ապրիլի մէջ ընէի:
ԱՄ- Որպէս Ապրիլեան յիշատակի օր:
Ե- Եթէ կ’ուզես յետաձգեմ, գալիք Ապրիլին գամ:
ԱՄ- Քանի եկեր ես, հարցո՛ւր:
Ե- Կ’ըսէի՝ ինչպէ՞ս եղբայրդ չգտար:
ԱՄ- Կ’երեւի թերթ չէր կարդար. հիմա կը մտածեմ՝ ո՜վ գիտէ օրական քանի ժամ կ’աշխատէր… հաւանաբար թերթին դրամը կը խնայէր:
Ե- Ֆիլմը, որուն մէջ դուն քու կերպարդ կը խաղայիր, եւ որ ամբողջ Ամերիկան յուզեր էր, ա՞յդ ալ չտեսաւ:
Լուռ կը մնայ. կը մտածեմ՝ ո՞ր եղբայրը պիտի ուզէր տեսնել իր քրոջ կրած տառապանքները, եւ ինչպիսի՜ տառապանքներ…
ԱՄ- Դուն տեսե՞ր ես այդ ֆիլմը:
Ե- Ո՛չ, ո՞ւր պիտի կարենայի տեսնել:
ԱՄ- Լսեր եմ որ կորսուեր է, կամ թէ այրեր է…
Ե- Ինչպէ՞ս ֆիլմ մը կրնայ կորսուիլ, եթէ մէկը, կամ խումբ մը մարդիկ չուզեն կորսնցնել զայն:
ԱՄ- Օ՜, յիշեցի՜… Կարծեմ ճիշդ ա՛յս է հոս մնալուս, դեգերումներուս եւ սպասումներուս պատճառը. կ’ուզէի հասկնալ թէ ինչպէ՛ս կամ ինչո՛ւ կորսուեր է այդ ֆիլմը, երբ այնքա՜ն ուրիշ անձայն ֆիլմեր գուրգուրանքով պահուեր են, «որպէս պատմութիւն». իսկական պատմութիւնը ի՛մ պատմածս է… եւ հիմա միակ փաստը չկայ, կորսուեր է եղեր: Արդեօք անգլերէն գիրքը կա՞յ… Չեմ ալ գիտեր, թէ ճիփ ու ճիշդ պատմածնե՞րս գրի առաւ այդ մարդը, թէ իր կողմէ աւելցուց-պակսեցուց…
Տխրութեամբ կը լռեմ ու չեմ ըսեր թէ որքա՜ն ուրիշ թանկագին եւ թանկարժէք բաներ կորսուեր են. չեմ ուզեր աւելի տխրեցնել թէ՛ զինք, թէ՛ ինքզինքս: Իսկ ինք կարծես պատասխան կը սպասէ:
Ե- Բարեբախտաբար գիրքը կայ:
ԱՄ- Կայ, այո, բայց շատ վատ գրուեր է, որովհետեւ ես կը պատմէի, մէկն ալ գրի կ’առնէր:
Ե- Երբեւէ մտածեցի՞ր
Անմիջապէս կ’ընդմիջէ զիս.
ԱՄ- Անձնասպա՞ն ըլլալ… Այո՛, անշո՛ւշտ,և ձայնը յստակ է եւ զօրաւոր, բնաւ նման չէ ոգիի մը ձայնին,և Բայց ո՜չ… իրենց սպանելու հրճուանքին ուրախութի՞ւն աւելցնէի… թէեւ շատ դժուար էր ապրած օրերս կեանք կոչել, անոնց իմաստ տալ…
Ականատեսի մը բերնէն լսել այդ ահաւոր խժդժութիններուն նկարագրութիւնը, եւ հաւատարմութեամբ գրել բոլորը, ամէն մարդու տրուած քաջութիւն չէ: Էլի Վիզելն իսկ չէ կրցեր նկարագրել զանոնք իրենց տարողութեամբ…
Ե- Եթէ իմանաս, որ 2008 թուականին, Երեւան բնակող ամերիկահայ տիկին մը՝ Սօսի Գեւոնեան (†) ձեռնարկեր էր եւ հայերէն ու անգլերէն հրատարակեր էր «Հոգիներու Աճուրդը» գիրքը որպէս պատկերաշար, գեղանկարիչ Տիգրանի վրձինով, թերեւս հոգիդ խաղաղի քիչ մը. շատեր, քեզի տարեկիցներ՝ պատանիներ եւս կը ծանօթանան պատմութեանդ եւ անունդ ետ կը մտնէ մեր օրերուն մէջ:
Լուռ կը մնայ:
Ե- 1918-էն, առաջին հրապարակումէն ետք, քանի մը հրատարակութիւններ ունեցեր է այդ գիրքը, վերջընթերը՝ 1959-ին, բաւական ծաւալուն՝ 251 էջերով, ԱՄՆ-ի մէջ:
Երբ կը շարունակէ լուռ մնալ, կը փորձեմ մխիթարել զինք.
Ե- Ըսեմ նաեւ, որ այդ կորսուած ֆիլմն ալ «գտնուեր է»:
Տխրութեամբ գլուխը կ’երերցնէ.
ԱՄ- Գիտէի որ դիտումնաւոր եղած բան էր այդ «կորսուիլը»… Ֆիլմին սենարիոն ալ գիրքի վերածուեր էր. կը յիշեմ, որ քանի մը օրինակի մէջ անունս գրեր էի… ի՞նչ եղան այդ գիրքերը…
 Ե- Անոնց առաջին հրատարակութեան մէկ օրինակը, 2019 թուականին, ամերիկահայ տիկին մը  նուիրեր է Հայաստանի Ցեղասպանութեան Թանգարանին. այնտեղ ապահով կը մնայ, վստահ եղի՛ր…
ԱՄ- Վստահ ըլլալ… ինչպէ՞ս կարելի է վստահիլ թուրքերուն, անոնց մեղրածորան խօսքն ու խոստումը ուրիշ, արարքը շա՜տ ուրիշ. մորթին վրայ զգացողը կը գիտնայ միայն…
Ճիշդ էր, ըսելիք չունէի, անցնող տարիները բազմաթիւ առիթներով հաստատեր էին այս պարզ իրողութիւնը:
ԱՄ- Բայց այնքան ատեն որ պատմութիւնս կը վերահրատարակուի, հին օրինակներէն գոնէ հատ մը թանգարանին մէջ կը պահուի, ֆիլմը
կը գտնուի… կը կարծեմ թէ ա՛լ կրնամ հանգիստ սրտով երթալ դէպի լոյսը…
Դէմքը կը լուսաւորուի տխուր ժպիտով, մինչ ինք կը հեռանայ ու
կը լուծուի լոյսին մէջ:
 Մարուշ Երամեան