ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ աղջկանց պասքեթի հանրապետութեան բաժակի աւարտական մրցումին, Դամասկոսի մէջ Սաուրան 77-69 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հալէպի Ահլիի աղջկանց խումբը եւ տիրացաւ ախոյեանութեան բաժակին։ Աւելցնենք, որ Ահլիին մաս կը կազմեն երկու հայ մարզուհիներ՝ Սոնիա Չամսաքեան ու Միրելլա Չափարեան:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախավերջի փուլի մրցումներուն, Հալէպի Ահլին մէկ կէտի տարբերութեամբ մնաց աղիւսակի առաջին դիրքին վրայ՝ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ճապլէն։ Ահլիին յաջորդեց Հոմսի Ֆիտաա խումբը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ճէյշը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՊԱՍՔԵԹԻ ԱՂՋԿԱՆՑ 
ԽՈՒՄԲԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Լիբանանի պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներու աւարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պասքեթի աղջկանց խումբը, Շաբաթ երեկոյեան, 89-84 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատի խումբը եւ Լիբանանի ախոյեան դարձաւ։
ՀՄԸՄ եւ Ռիատի խումբերը աւարտական փուլին հանդիպեցան հինգ անգամ, որոնց երեքին ՀՄԸՄ-ը յաղթեց իր մրցակիցին։
Նշենք, որ ասիկա 4-րդ անգամն է որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան։ Նախապէս խումբը ախոյեան դարձած է 2016, 2017 եւ 2018 տարիներուն:
32 ԵՐԿԻՐ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ 
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼ
Կիրակի առաւօտ աւարտեցան 2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին փուլի մրցումները. 32 հաւաքականներ փոխանցուեցան մրցաշարքի երկրորդ փուլ: Միայն երեք հետեւեալ հաւաքականները յաջողեցան յաղթական աւարտել առաջին փուլի իրենց  բոլոր մրցումները՝ Մեքսիք, Ֆրանսա եւ Արժանթին, իսկ Յորդանան, Ուզպէքիստան, Փանամա, Հայիթի, Թունուզ եւ Իրաք դուրս եկան առանց ոչ մէկ կէտի:
Առաջին փուլին արձանագրուեցան 7 տուգանային հարուածներ, տասը կարմիր եւ 181 դեղին քարտեր: 52 հանդիպում աւարտեցաւ յաղթական արդիւնքով, իսկ քսան՝ հաւասարութեամբ: Բարձրագոյն արդիւնքով աւարտած հանդիպումը եղաւ Գերմանիա ընդդէմ Քորասաու մրցումը, որ աւարտեցաւ 7 – 1 արդիւնքով՝ ի նպաստ Գերմանիոյ:
 Երկրորդ փուլի մասնակից հաւաքականներու մրցումներն են՝ Հարաւային Ափրիկէ  –  Քանատա, Պրազիլ –  Ճափոն, Գերմանիա – Փարակուէյ, Հոլանտա – Մարոք, Քոթ Տի Վուար – Նորվեկիա, Ֆրանսա – Շուէտ, Մեքսիք – Էքուատոր, Քոնկո – Անգլիա, Պելճիքա – Սենեկալ, Ամերիկա – Պոսնիա, Սպանիա – Աւստրիա, Փորթուկալ – Խրուաթիա, Զուիցերիա – Ալճերիա, Աւստրալիա – Եգիպտոս, Արժանթին – Քապո Վերտէ, Քոլոմպիա – Կանա։
Ռաֆֆի Սիւլահեան