ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ
————————
ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԳՈՀԱՑՆԵԼՈՒ «ԱԽՏԸ».
Ե՞ՐԲ ՄԵՐ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԻՆՔՆԱԽՈՐՏԱԿՈՒՄ
Շատերս կը փափաքինք սիրուած ու գնահատուած ըլլալ մեր շրջապատին կողմէ։ Սակայն, երբ այդ փափաքը կը վերածուի անհատական կամքի ու կարիքներու զոհաբերութեան՝ յանուն ուրիշներու հաճոյքին, դուռ բացած կ’ըլլանք հոգեկան լուրջ տագնապներու։ Հոգեբանութեան մէջ այս երեւոյթը կը կոչուի «people-pleasing» (ուրիշները գոհացնելու մոլուցք), որ յաճախ արդիւնք է լքուելու կամ մերժուելու խորքային վախերուն։
Ի՞նչ Է Ուրիշները Գոհացնելու Միտումը
Այս տագնապով տառապող անձերը յաճախ ունին բարի սիրտ, սակայն սեփական անձին հաշուոյն չափազանց շատ կը նուիրուին ուրիշներուն։ Անոնք դժուարութիւն կ’ունենան «ոչ» ըսելու, կը համակերպին իրենց վնասող պայմաններուն եւ կը կարծեն, թէ կը սիրուին ու կը յարգուին միայն այն ատեն, երբ կը գործադրեն դիմացինին ուզածը։ Այս ընթացքը ի վերջոյ կը յանգեցնէ հոգեկան ու ֆիզիքական սպառումի, ինչպէս նաեւ՝ ընկճախտի ու տագնապի։
Գլխաւոր Պատճառները
– Մանկութեան Ցնցումներ (Trauma): Յաճախ, անապահով միջավայրի մէջ մեծցած մանուկները կը սորվին հաճոյակատար ըլլալ՝ պատսպարուելու եւ կռիւներէն խուսափելու համար։
– Զգացական Կախուածութիւն: Երբ անձը ունի հոգեկան պարապութիւն, զայն կը փորձէ լեցնել դիմացինին կուրօրէն կապուելով՝ զոհելով անձնական նպատակներն ու երազները։
Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ Այս Կացութենէն
Այս սովորութենէն ձերբազատիլը
կը պահանջէ ժամանակ եւ կամք։ Ահա քանի մը գործնական քայլեր.
– Ճշդեցէ՛ք ձեր սահմանները. Սորվեցէ՛ք «ոչ» ըսել այն առաջարկներուն, որոնք ձեզի հաճելի չեն։
– Լսեցէ՛ք ձեր ներքին ձայնը. Մտածեցէ՛ք ձեր անձնական կարիքներուն եւ նախասիրութիւններուն մասին, եւ ո՛չ միայն ուրիշներուն։
– Բարձրաձայնեցէ՛ք ձեր մտահոգութիւնները. Մի՛ լռէք յանուն խաղաղութեան. արտայայտեցէ՛ք ձեր անհամաձայնութիւնը։
Եզրակացութիւն
Անձը արժեւորելն ու առողջ սահմաններ գծելը եսասիրութիւն չէ, այլ՝ հոգեկան առողջութեան եւ հաւասարակշռուած կեանքի առաջին գրաւականը։ Եթէ կը զգաք, որ առանձին չէք կրնար յաղթահարել այս վիճակը, մի՛ վարանիք դիմելու հոգեբանական աջակցութեան։
ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՏԱՆՏԻԿՆՈՋ
—————————————-
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ՆԱՐԻՆՋԻ
ԵՒ ԿԻՏՐՈՆԻ ԿԵՂԵՒԸ
Նարինջը կամ կիտրոնը սուր դանակով կեղուել` ձերբազատելով ճերմակ խաւէն: Ստացուած բարակ շերտերը պահել ապակեայ փակ շիշի մէջ եւ սառնարանը կամ սառցարանը պահել հետագային խմիչքներու, աղցաններու, կարկանդակ-ներու եւ թացաններու մէջ օգտագործելու համար:
Նոյն այս կեղեւները կտրտել, չորցնել, ծրարիկներու մէջ լեցնել եւ հագուստի պահարանին մէջ կախել ցեցերը վանելու համար: