Շարունակութիւն նախորդ շարքէն
ԳՈՒԼՊԱՆ
Մէկը միշտ կը բացակայէր –
սեւ գուլպային ձախը,
ծայրէն՝
պզտիկ ծակով մը՝
որ երբեք
չէր փակուեր:
Ոչ լուացքի մեքենային խորքէն կը գտնուէր,
ոչ ալ
մահճակալին տակէն
կը յայտնուէր։
Կարծես
ինքնակամ հեռացած ըլլար։
Եւ ճիշդ
այդ մէկ գուլպայի բացակայութիւնն էր,
որ կը ճեղքէր
մեր տան
լռութիւնը։
Կրկնօրինակուած գուլպաներ –
նոյն գոյնը,
չափը,
միեւնոյն ժամանակ՝
տարբեր ճակատագրերով։
Մայրս
լուռ կը սրբէր
անկիւններուն փոշին,
կը բարձրացնէր գորգին ծայրը,
թէեւ գիտէր,
կորսուածը այլեւս չի վերադառնար,
ինչպէս
իր մանկութեան
անվերադարձ ժպիտը:
Կորսուած գուլպան
կը նմանէր
մեր անգիր խօսքերուն,
կիսատ բացատրութիւններուն,
ուշացած ներողութիւններուն։
Եւ հիմա՝
միւսը,
առանց իր զոյգին,
շան խաղալիք դարձած է –
լուռ հաւանութիւն,
շարունակելու համար
իր գոյութիւնը:
ԶԱՐԹՆՈՒՄ
Եկո՛ւր,
մայր իմ սիրելի –
հոգիս այսօր
կ’ուզէ կոկուիլ,
ինչպէս
առտուան շտապով ձգած
անկողինս։
Այսօր,
մէջս ննջող մանուկը
արթնցաւ։
ԸՆԿՈՅԶ
Հայրս՝
դուրսէն կարծր –
ընկոյզի պէս։
Բայց երբ
հայր դարձայ ես,
գիտցայ՝
որ ամէն կարծրութիւն
փակ կը պահէ իր մէջ
փափուկ
կորիզ մը։
ԴՈՒՌԸ
Ամէն առտու
երբ հայրս
դուրս կու գար տունէն-
դուռը երբեք
անմիջապէս չէր փակեր։
Ձեռքը բռնակին սեղմած,
միշտ կը պահէր
բարակ ճեղք մը՝
վերադառնալու հնարաւորութեան։
Ոչ թէ սովորութենէ,
այլ՝ կարծես կը սպասէր,
որ յանկարծ
մէկս ըսէր.
«Հասի՛ր, պապա»։
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ
Դարձեալ մեծ մայրս՝
հնավաճառին օձիքէն
կառչած,
իր հին լաթերուն հետ
մաշած ցաւերն ալ
ծախել կը փորձէ։
Երկար փնտռտուքէ ետք՝
մայրս խոր շունչ մը կþառնէ,
երբ կը գտնէ
հօրս պահած
ծխախոտի մոռցուած տուփը –
փոքրիկ յաղթանակ մը
օրուայ դէմ:
Հայրս՝
ճօճուող բազկաթոռին մէջ,
յետ,
առաջ,
աչքերը փակ,
ինք իր ստուերը կը փնտռէ՝
աչքխփուկ խաղցող տղեկի մը պէս,
անխաղընկեր,
մոլոր։
Քոյրս՝
եղբօրս հանդերձներուն հետ
իր ճմռթկուած երազներն ալ
կը հարթէ,
երբեմն այնքա՛ն ինքնամոռաց,
որ ձեռքը կ’այրէ
արդուկին տաք շունչէն:
Եղբայրս՝
ընկերներուն յամառ
պնդումով,
նորէն կը ջարդէ
երբեք չլեցուած գանձանակը –
գողի մը զգուշութեամբ։
Իսկ ես՝
կարմիր գծիկներով խաչաձեւուած
վիճակացոյցիս մէջ,
մօրս ստորագրութիւնը կը կեղծեմ՝
աչքէ հեռու,
մեղքի մօտ:
Սարգիս Քէլ Խաչերեան