Կրկին ժամանակին մէջ ետ երթամ ու փորձեմ գոնէ ինծի համար վերականգնել Հալէպն մէջ նախաճեմարանական կեանքիս մռայլ տարիներու պատկերը։ «Գրիչին յանձնել» թերեւս լուայ  դառնութիւնը, որ այդ տարիներուն կուտակուեցաւ հոգիիս մէջ։ Շատ բան չեմ գտներ հոն լուսաւոր։ Ընտանեկան նեղ շրջանակի մէջ փոխայցելութիւններ, առտնին, կենցաղային նիւթերու շուրջ խօսակցութիւններ, որոնցմէ ոչինչ
կը ստանային միտքս ու հոգիս, ընդհակառակը՝ յետդրձ ընթացք կ’ունենայի։ Մշակութային երեկոներու քանի մը պատահական այցեր, շուկայ, կերակուր, լուացք… շուկայ, կերակուր, լուացք… շուկա…, միջավայրին յարմարելու ճիգեր, որոնցմէ յաճախ ներքին ըմբոստութեան խմորումներ կը հասուննային ու արտասուքով կը ժայթքէին։ Դրացիներէս՝ Պչագճեաններէն կը վերցնէի գիրքեր, որոնք Հայաստանէն բերած մեր գրադարանին մէջ չկային եւ ինծի համար բոլորովին նոր աշխարհ
կը պարզէին։ Անօթիի պէս ինկայ անոնց վրայ, մինչդեռ անոնց ընթերցումը, ազգային էութիւնս սնուցանող բացայայտումներուն հետ՝ նոյն ատեն անչափելի կորուստներու լայն դուռերը կը բանար։ Միայնութեանս, կարօտներուս, տնտեսական, հոգեկան անձկութիւններուս անկանոն ու անհսկելի կերպով կը միախառնուէր ազգային կորուստներու խոր գիտակցութիւնը։ Հիւանդագին վիճակի մէջ՝ ժամեր կ’անցընէի Պատմական Հայաստանի քարտէզին առջեւ, ու արցունքներս կը հոսէին։ Մէկ խօսքով՝ հոգեբանական ծանր վիճակ, որուն տակ չխորտակուեցայ, հաւանաբար, երիտասարդական ներքին ուժիս շնորհիւ։ Հայաստանէն մեր բերած մեծ գրադարանը եւ դասական երաժշտութեան ձայնապնակները նոյնպէս հոգեկան փրկութեան օղակներ եղան այն վեց տարիներու ընթացքին, երբ դատապարտուած էի ակամայ «տանտիկնութեան»։ Այդ տարիներուն նպաստը, եթէ երբեք եղաւ նպաստ, այն էր, որ ժամանակ յատկացուցի զաւակներուս, ինչը որ անոնք գրեթէ չունեցան, երբ սկսայ աշխատիլ եւ այլոց բաժնել այն, ինչ իրենց հասանելիքը պէտք է ըլլար։ Ճեմարան մտնելուս յաջորդեց այլ թաղամաս, նոր տուն փոխադրուիլը, որ կեանքիս նոր հանգրուանը եղաւ։ Սակայն մեր այդ յաջողութիւնը նոյնպէս կարգ մը «բարեկամներու» դպաւ։ Կրկին հին երգը երգուեցաւ, թէ  Հայաստանէն մեր (իբրեւ թէ) բերած ադամանդներու շնորհիւ տուն գնած եղանք։ Մինչդեռ ամուսինս դպրոցէն ետք շրջան մը իր նախկին արհեստին՝ ոսկերչութեան դարձաւ, իր շահածով ոսկի գնեց եւ այդ օրերուն ոսկիին գինին կտրուկ աճէն օգտուելով՝ տունը գնեց, մաս մը քիչ-քիչ տալու պայմանով (շատեր պէտք է յիշեն այն շրջանը, երբ ոսկիին գինը աննախադէպ բարձրացաւ)։ Ուրիշ հարց, որ այդ առեւտուրն ալ իր երկար պոչը ունեցաւ։ Պարզապէ՛ս Հերմէսը երբեմն  վաճառականի իր նկարագիրը կը յիշէ (Հերմէս-հունական դիցաբանութեան մէջ ճանապարհորդներու, առեւտրականներու, գողութեան եւ այլն աստուածը)…։ Պարզապէս տան դատը «դիւրին էր» ու «ինշալլա՛հ», շուտով պիտի լուծուէր…։ Պարզապէ՛ս այդ «ինշալլա՛հ»-ը  ինծի ջիղերու դեղ եղաւ աւելի քան 40 տարի…։ Այդ մէկը Հալէպի նուէրն էր ինծի…։
Ապրածս դառնութիւնները, անտարակոյս, մասամբ ալ նպաստեցին հոգեկան հասունացումիս։ Ըսուած է՝ «Այն հարուածը որ չի սպաներ,
կը զօրացնէ»։ Ուրեմն՝ զանոնք թողունք իրենց ժամանակին մէջ ու մտնենք դուռէն ներս,  զոր ճակատագիրս բացած  էր՝ Հալէպին մէջ ներկայութիւնս իմաստաւորելու համար։
Մուտք՝ Հալէպահայոց ոգեղէն կեդրոններէն մին՝ Ճեմարան… Հարկ չկար դպրոցին անունը ամբողջապէս ըսելու, թէեւ քաղաքին մէջ կը գործէին հայկական երկրորդական քանի մը դպրոցներ։ Պատճառը նաեւ այն չէր, որ անոնցմէ միայն երկուքը Ճեմարան կը կոչուէին եւ ոչ թէ դպրոց կամ վարժարան։ Երբ ըսուէր «ճեմարան»՝ որեւէ հայ կը հասկնար Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, առանց երբեք նպատակ ունենալու անտեսել Կիլիկեան Ճեմարանը։
Գիտէի Նոր Գիւղին մէջ մեծ դպրոցի մը գոյութեան մասին, դրացիիս զաւակները հոն ուսանած էին կամ կ’ուսանէին տակաւին, սակայն միտքէս չէր անցած, թէ անոր հետ պիտի կապուէր ճակատագիրս։ Եւ ահա օր մը ամուսինս տուն կու գայ տղամարդու մը հետ՝ երիտասարդական օրերէն ոսկերիչ-ընկեր, որ արդէն խօսած է ուր հարկաւոր է եւ վաղը միասին պիտի երթանք Ճեմարան։ Մտահոգութիւնները թոյլ չտուին քնանալ այդ գիշեր։ Պատճառները բազմակի էին։
Նախ՝ համալսարանը աւարտած, սակայն Հայաստան չէի հասցուցած դասաւանդել։ Արեւմտահայերէնին տակաւին լիովին չէի տիրապետեր, բայց համալսարանին մէջ եղած էի գրաբարի դասախօսին նախընտրած ուսանողը եւ դասական ուղղագրութիւն գիտէի։ Հալէպ ալ առաւելաբար դասական ուղղագրութեամբ գիրքեր կ’ընթերցէի։ Միւս կողմէն՝ ծանօթ չէի ուսուցչական կազմէն որեւէ անձի, տեղւոյն դասաւանդումին մեթոտներուն, դասագիրքերուն, գնահատումին ձեւերուն եւ ընդհանրապէս՝ անծանօթ էր ամէն ինչ։
Ենթագիտակցութեանս մէջ կար աւելի հիմնաւոր կասկածը՝ պիտի մտնէի «Դաշնակցութեան ամրոցը».  այդպէս լսած էի։ Այդ անունը զիս մանկութեանս կը տանէր ու խորհրդաւորութեան շղարշ ունէր։ Ծննդավայրիս մէջ դրացի ծերունի մը կար, որ կ’ապրէր իր պառաւին հետ։ Որքան որ մարդախոյս էր կինը, նոյնքան ու աւելի մարդամօտ, աշխոյժ ու նոյնիսկ կատակասէր էր ամուսինը։ Մեծ մօրս այցելելու համար իր տունին առջեւի շատ նեղ արահետէն կ’անցնէի, որուն երկու կողմերը ցաքիի (ժանտափուշ) պարիսպով շրջապատուած  պտղատու այգիներ էին։ Ան յաճախ որեւէ պտուղ կու տար իր այգիէն։ Բայց երկու հանգամանքներ իր անձը վախի ու խորհրդաւորութեան շղարշով կը պատէին՝ որոնցմէ առաջինը զուտ անձնական էր։ Իրենց դուռէն անցած պահուս օր մը յայտնուեցայ արահետին քով կապուած կովին եղջիւրներուն, նետուեցայ երկինք եւ ապա կտրուկ վայրէջք կատարեցի փշացանկապատին մէջ…։ Երկինքին հետ բարեկամ էի ու հոն  յայտնուիլը հաճելի էր, բայց անկէ ետք փուշերուն մէջ տապալելու վախս հեռու կը պահէր այդ արահետէն։ Երկրորդ պատճառը «յոյժ քաղաքական» էր, թէեւ այդ տարիքիս, բարեբախտաբար, այդ բառին իսկ ծանօթ չէի։ Ծերուկին հետ քիչեր կը շփուէին ու զգոյշ
կը խօսէին։ «Դաշնակցական է եղել… բայց անցել է սրանց կողմը…»և ըսուած էր խորհրդաւոր փսփսուքով, որուն թէ՛ իմաստը եւ թէ՛ պատճառը ետքը հասկցայ։ Միշտ զգալի էր, որ այդ բառը սովետին մէջ արգիլուածներու կարգին էր ու կը հնչուէր զգուշաւոր կերպով։ Ի վերջոյ, մինչեւ օրս ալ առաջին անգամ նոր միջավայր մտնելը ինքզինքիս նախապէս համարձակութիւն ներշնչել կը պահանջէ։
Առաւօտուն ամուսինիս հետ կ’ուղղուինք դէպի ճեմարան։ Որքան
կը մօտենանք՝ տագնապս կ’աճի։ Ան կը յորդորէ, թէ իմ գիտելիքներս միանգամայն բաւարար են ուսուցիչ ըլլալու համար, նոյնիսկ աւելի բարձր մակարդակի…։ Բակ կը մտնենք։ Շուրջս նայելու կը քաշուիմ։ Պիտի ուզէի որ մարդ չըլլար բակը, բայց ասդին-անդին աշակերտներ կան։ Աստիճաններէն կ’ելլենք ու կը մտնենք տնօրէնին սենեակը, որ բաւականին ընդարձակ է։ Ինք կարճահասակ, տակաւին երիտասարդ, շարժուն տղամարդ է։ Իր սեղանին ետեւէն կ’ելլէ, ժպիտով կը դիմաւորէ ու
կը ձեռնուի։ Այդ ձեռքսեղմումը՝ ամբողջական, ամուր,  առնական՝ մասամբ կը հանգստացնէ զիս։ Ծանր պիտի հնչէ բառը, եթէ ըսեմ, թէ թոյլ ու հպանցիկ ձեռքսեղմումը, յատկապէս տղամարդու՝ ինչ տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս։ Կարգ մը հարցումներէ ետք՝ ան գործնականի կ’անցնի՝ կը յայտնէ թէ ո՛ր կարգին պիտի դասաւանդեմ, քանի՛ պահ պիտի ունենամ եւ որքա՛ն է ամսավճարը։ Զիս ճեմարան առաջնորդող բարեկամը Արշակ Տանակէօզեանն էր, ընդունող տնօրէնը՝ Անդրանիկ Խաչատուրեան, պատմական թուականը՝ 1978։
Եւ ահա՝ ճեմարանի ուսուցչուհի եմ։ Երեսուներեք տարիներ ականատես-մասնակից եղայ Ճեմարանի փառաւոր երթին, ու այսօր հազարաւոր պատանիներ կ’անցնին յիշողութեանս ճամբաներէն.  յուսամ՝ իրենք եւս կը ժպտին։ Տարօրինակ է, որ չեմ յիշեր մանրամասնութիւններ, թէ առաջին օրերուն ուսուցչական կազմին հետ հանդիպումներուս ինչպիսի տագնապներէ անցայ։ Կը յիշեմ միայն առաջին անգամ ուսուցչարան մտնելս ու բոլորին հայեացքները նորեկին, որմէ շիկնած՝ ազատ աթոռ
կը փնտռէի նստելու։ Բնականաբար, կրթուած մարդիկ էին, ու հոն զիս նեղող բան մը չեղաւ։  Բայց յիշողութեանս մէջ անջնջելի է առաջին հանդիպումս դասարանին հետ։ Եօթներորդ կարգի պիտի դասաւանդէի։ Որեւէ ուսուցիչի համար անմոռաց են առաջին անգամ դասարան մտնելուն ապրումները։ Դիմացս նստած էին 40-45  հոգի, մանկութեան սեմը նոր յաղթահարող տարիքի (11-12) հայորդիներ։ Ազգային նախակրթարաններէ Ճեմարան մտած ու նոր միջավայրին տակաւին չվարժուած էին իրենք եւս։ Անձայն ու անհամբեր նստած, աչքերը ուսուցչուհիին յառած՝ անոր առաջին բառը որսալու պատրաստ էին։ Համալսարանի գործնական դասաւանդութիւնս Երեւանի դպրոցներէն մէկուն մէջ էր։ Առաջին պահէն ետք գնահատող ուսուցչուհին ըսաւ, թէ գոհ էր դասէս, բայց խորհուրդ տուաւ շատ չժպտիլ…։ Սակայն այդ խորհուրդին հետեւիլ չեմ կրցած դասաւանդութեանս ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջին օրերուն։ Բարեւէն ետք առաջին նախադասութիւնս եղաւ՝ «Ես ձեր հայերէնի ուսուցչուհին եմ, անունս…»։ Ինչպէս սկսայ ու վարեցի առաջին դասս՝ այսօր չեմ յիշեր, բայց անմոռաց է այդ օրուան յուզումս։ Նոյնիսկ առաջին դասասենեակը եւ առաջին աշակերտներէս շատերուն դէմքերը կը յիշեմ։ Օտարութեան մէջ հայախօս մանուկներ, անոնց փայլուն աչքերը ու անորոշ ապագան։ Այդ զգացումը այնուհետեւ ալ ուղեկցած է զիս, մինչեւ դասաւանդութեանս վերջին օրը։
Ամէնէն սիրելի ու յուզումնալից պահերս էին, երբ առտուան աղօթքին կամ զբօսանքի աւարտին կանոնաւոր շարուած աշակերտութիւնը
կը ծովանար բակին մէջ։ Չեմ գիտեր ով- ինչպէս, բայց ես, հաւանաբար որպէս հայերէնի ուսուցչուհի, աւելի խորքերը կ’երթայի այդ պահերուն։ Հայ գրականութիւն դասաւանդողը մշտապէս հայոց պատմութեան անդաստանին մէջ է, քանի որ մեր գրականութիւնը եւ պատմութիւնը սերտաճած են։ Մեր պատմութեան, մեր ճակատագիրի ու մեր ներկայի պատկերները կը խտանային վայրկեանի մը մէջ։ Բանակի մը պէս առջեւս շարուած պատանի-պարմանուհիները կը վերածուէին խորհրդանիշի՝ ազգին լինելիութեան վաւերական իրողութեան, եւ այդ անբացատրելի զգացողութիւնը կը յուզէր զիս։ Կատարելիք դերիս գիտակցութիւնը առաւել ուժգին էր այդ պահերուն ու պատասխանատու կը զգայի անոնց ապագային հանդէպ։ Ինչպիսի՜ յաւակնոտութիւն…։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան