Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները եւ սփիւռքը
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն քաղաքական ուղղութիւնը եւ սփիւռքի դերը կարելի չէ հասկնալ՝ առանց վերոյիշեալ համաշխարհային եւ ազգային վերափոխումներուն ծիրին մէջ դիտարկելու: Իրականութեան մէջ այսօրուան հայ քաղաքական խօսոյթին հիմնական ճգնաժամերէն մէկը այն է, որ պետութիւնը, Սփիւռքը եւ ազգային գաղափարական համակարգը այլեւս ամբողջովին նոյն քաղաքական լեզուով չեն մտածեր: Անոնք
կը գործեն տարբեր փորձառութիւններու, տարբեր առաջնահերթութիւններու եւ երբեմն նաեւ տարբեր իրականութիւններու հիման վրայ:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, յատկապէս՝ 2020-էն ետք, որդեգրած են քաղաքական իրապաշտութեան եւ պետական գոյատեւման տրամաբանութեան վրայ հիմնուած մօտեցում մը: Անոնք կը փորձեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը դուրս բերել պատմական եւ զգացական «ծանրաբեռնուածութենէն»՝  առաջնահերթութիւն տալով միջազգային սահմաններու, տնտեսական կայունութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ պետական ինքնիշխանութեան պահպանման: Այս քաղաքականութեան հիմքին մէջ կայ այն ընկալումը, թէ Հայաստանը այլեւս չի կրնար շարունակել գործել յեղափոխական կամ պատմական ռոմանթիզմի տրամաբանութեամբ, այլ պէտք է յարմարի ուժային նոր հաւասարակշռութիւններուն եւ տարածաշրջանային իրականութիւններուն:
Սակայն այս քաղաքական մօտեցումը խոր հակասութիւններ ստեղծած է հայկական ազգային խօսոյթին մէջ: Սփիւռքը կը քննադատէ ներկայ իշխանութիւնները, որ երբեմն չափազանց կը նեղցնեն ազգային հարցերու ռազմավարական եւ քաղաքակրթական խորութիւնը՝ պետութիւնը վերածելով միայն վարչական եւ տարածքային միաւորի մը: Ան կը մտահոգուի, որ «խաղաղութեան» եւ «իրապաշտութեան» անունով տեղի կ’ունենայ ազգային յիշողութեան, պատմական պահանջատիրութեան եւ համահայկական քաղաքական պատկերացման աստիճանական նահանջ:
Միեւնոյն ժամանակ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ առաջադրուած որոշ գաղափարներ կը ներկայացնեն նաեւ հայկական քաղաքական մտքի վերափոխման փորձ մը: Անոնք կը փորձեն տեղափոխել ազգային քաղաքականութիւնը «մեծ պատմական առաքելութիւններու» դաշտէն դէպի «պետական դաշտ»: Այս մօտեցումը կ’ընդգծէ, որ առանց տնտեսական զարգացման, պետական հաստատութիւններու, ժողովրդագրական կայունութեան եւ միջազգային օրինականութեան՝ որեւէ ազգային ծրագիր դատապարտուած է ձախողութեան: Այս իմաստով, ներկայ իշխանութիւնները կը ներկայացնեն հայկական քաղաքական խօսոյթին մէջ նոր ուղղութիւն մը, որ կը փորձէ ազգային հարցը դիտել ոչ միայն պատմական, այլ նաեւ ժամանակակից աշխարհաքաղաքական եւ պետական տրամաբանութեան մէջ:
Սակայն այստեղ կը ծագի հիմնական հարցումը. կրնա՞յ արդեօք հայկական քաղաքականութիւնը ամբողջովին անջատուիլ պատմական յիշողութենէն եւ համահայկական գաղափարէն: Հայաստանի պարագային, պետութիւնը պարզապէս վարչական կառոյց չէ: Անիկա նաեւ համաշխարհային հայութեան քաղաքական եւ հոգեբանական կեդրոնն է: Հետեւաբար, երբ պետական քաղաքականութիւնը կը հեռանայ համահայկական պատկերացումէն, բնականաբար կը ստեղծուի վստահութեան ճգնաժամ սփիւռքի հետ:
Ահա այստե՛ղ է, որ Սփիւռքի դերը կը դառնայ առանցքային: Սփիւռքը միայն բարեսիրական կամ զգացական կառոյց չէ: Անիկա համաշխարհային ցանց մըն է՝ տնտեսական, քաղաքական, մտաւոր եւ մշակութային հսկայական ներուժով: Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքը եղած է հայկական ինքնութեան պահպանման հիմնական յենարանը: Անիկա ստեղծած է՝ դպրոցներ, համալսարաններ, լրատուամիջոցներ, կուսակցական կառոյցներ, մշակութային միութիւններ եւ եկեղեցական հաստատութիւններ: Այս իմաստով, Սփիւռքը ոչ միայն պահպանած է հայկականութիւնը, այլ նաեւ վերածուած է հայկական քաղաքականութեան ոչ պետական ուժային բեւեռի մը:
Քաղաքական առումով, սփիւռքը ունեցած է երեք հիմնական դերակատարութիւններ.
1.- Միջազգային լոպիականութիւն եւ դիւանագիտական ազդեցութիւն
Սփիւռքեան համայնքները, յատկապէս՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ, կարեւոր դեր խաղացած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի հարցի միջազգայնացման եւ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան մէջ: Անոնք յաճախ լրացուցած են Հայաստանի պետական դիւանագիտութեան սահմանափակումները:
2.- Տնտեսական եւ ֆինանսական աջակցութիւն
Անկախութենէն ի վեր Սփիւռքը հսկայական դրամական հոսքեր ուղղած է Հայաստան՝ ներդրումներու, բարեսիրական ծրագիրներու եւ դրամահաւաքներու միջոցով: Սակայն այսօր հիմնական խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՛ս անցնիլ բարեսիրական մօտեցումէն դէպի ռազմավարական տնտեսական գործընկերութիւն: Հայաստանը տակաւին ամբողջովին չէ կարողացած սփիւռքի տնտեսական ներուժը վերածել երկարաժամկէտ զարգացման համակարգի:
3.- Մշակութային եւ գաղափարական ազդեցութիւն
Սփիւռքը կը շարունակէ մնալ հայկական մշակոյթի, լեզուի եւ պատմական յիշողութեան հիմնական կրողներէն մէկը: Սակայն այստեղ եւս ճգնաժամ գոյութիւն ունի: Ձուլումը, լեզուի կորուստը եւ սերունդներու փոփոխութիւնը կը տկարացնեն աւանդական սփիւռքեան կառոյցները: Հետեւաբար սփիւռքը ինքն ալ կը գտնուի վերաիմաստաւորման անհրաժեշտութեան առջեւ:
Եզրակացութիւն
Այս բոլորին լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ այսօր հայ քաղաքական խօսոյթին հիմնական խնդիրը ոչ միայն իշխանութիւններու քաղաքականութիւնն է, այլ նաեւ՝ համազգային ռազմավարական տեսլականի բացակայութիւնը: Հայաստանը եւ սփիւռքը յաճախ կը շարժին տարբեր ուղղութիւններով՝ առանց միասնական ազգային պատկերացման: Մէկ կողմէ պետութիւնը կը փորձէ գոյատեւել միջազգային ուժային համակարգին մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ Սփիւռքը կը շարունակէ պաշտպանել պատմական եւ համահայկական օրակարգը:
Հետեւաբար ապագայի հիմնական հարցումը հետեւեալն է.
Ինչպէ՞ս կարելի է կառուցել նոր համահայկական քաղաքական խօսոյթ մը, ուր Հայաստանը ըլլայ ոչ միայն տարածքային պետութիւն, Սփիւռքը՝ ոչ միայն յիշողութեան համայնք, այլ երկուքն ալ միասին վերածուին համաշխարհային հայկական ռազմավարական ուժի:
(շար. 2 եւ վերջ)
Վերա Եագուպեան