Լիբանանի պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումներու աւարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պասքեթի աղջկանց խումբը, քիչ առաջ, 89-84 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատի խումբը եւ Լիբանանի ախոյեան դարձաւ։
ՀՄԸՄ եւ Ռիատի խումբերը աւարտական փուլին հանդիպեցան հինգ անգամ, որոնց երեքին ՀՄԸՄ-ը յաղթեց իր մրցակիցին։
Նշենք, որ ասիկա 4-րդ անգամն է որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան։