Այսօր շատ կը խօսուի առիթներու պակասէն, գործի նեղութենէն, յաջողելու դժուարութիւններէն, բայց յաճախ կ’անտեսուի հիմնական իրականութիւն մը՝ ծրագիր ունենալու մշակոյթի կարեւորութիւնը։
Երբ մարդը, մասնաւորաբար երիտասարդը, չունենայ յստակ ուղղութիւն, կը սկսի գործել օրուան տրամադրութեամբ, պահուն պահանջով, կամ վայրկեանական ոգեւորութեամբ, առանց ապագայի հեռանկար մը ուրուագծելու։ Արդիւնքը յաճախ նոյնն է. սկսած,  բայց անաւարտ  մնացած գործեր եւ փորձեր, թափուած ճիգ, բայց նաեւ շարունակուող գանգատներ, թէ՝ «բախտ չեղաւ», «առիթ չեղաւ», «գործ չկար» եւ այլն։
Սակայն ճշմարտութիւնը շատ անգամ տարբեր է։ Առիթը առանձին չի գար, այլ կը պատրաստուի։ Գործը ինքնաբերաբար չի գտնուիր, այլ կը ձեւաւորուի։ Արդիւնքը ակամայ չի ծնիր. այլ ի յայտ կու գայ շնորհիւ ծրագրումի,  համբերատար եւ  հետեւողական աշխատանքի։ Անծրագիր ապրիլը կը նմանի առանց կողմնացոյցի նաւարկութեան.  հովը կը փչէ, ալիքը կը բարձրանայ, իսկ նաւավարը նոյնիսկ տեղ հասնելու հեռանկար չ’ունենար։
Հայ երիտասարդներու մեծամասնութիւնը, ունի կարողութիւն, խելք, ստեղծագործական միտք եւ յարատեւելու ներուժ։ Սակայն, շատ ոլորտներու մէջ  կը տառապի  երկարաժամկէտ եւ հեռանկարային մտածելու  հմտութիւնը  չունենալէն։ Շատեր կ’ուզեն արագ յաջողիլ, բայց չեն ուզեր երկար պատրաստուիլ։ Շատեր
կը փափաքին բարձր դիրքի հասնիլ, բայց չեն համակերպիր այն իրականութեան հետ, որ այդ մէկը կը սկսի փոքր, բայց լուրջ քայլերէ։ Ուսման ընթացքին եւս նոյն պատկերը կը կրկնուի.  դպրոցականը, ուսանողը առանց յստակ նպատակ մը որոշած ըլլալու, իր դասանիւթերը կը սորվի միայն քննութեան յաջողելու համար, այլ ոչ թէ գիտելիք կուտակելու, հմտութիւններ ձեռք բերելու եւ ատոնցմով  ճիւղի մը մէջ  մասնագիտանալու  նպատակով։
Գործի մէջ եւս շատեր կը բաւարարուին իրենց առկայ վիճակով՝ բաւարար ճիգ  չընելով  իրենց աշխատանքի դաշտը ընդլայնելու ու խորացնելու, մրցունակ դառնալու, իրենց վիճակը բարելաւելու։
Ընկերային կեանքի մէջ պարագան տարբեր չէ. երիտասարդը  միջանձնային յարաբերութիւններ կը հաստատէ  զգացական մօտեցումով, աւելի քիչ մտածելով  պատասխանատուութեամբ, լրջութեամբ կեանքի ընդհանուր ծրագրի մը հետամուտ ըլլալու մասին։
Այս մտայնութիւնը անցանկալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Երբ երիտասարդը կը գործէ սոսկ  յարմարելով առօրեայ պահանջներուն,
կը դառնայ պայմաններու գերին։ Իր յաջողութիւնը աւելի շատ կախեալ կ’ըլլայ արտաքին ազդակներէ, քան իր որոշումներէն։  Մինչդեռ եթէ նոյն երիտասարդը  ունենայ  համապատկեր ծրագիր, կը սկսի ընտրութիւն կատարել. թէ ի՛նչ պէտք է կարդայ, ի՛նչ սորվի, ինչպիսի՛ հմտութիւն զարգացնէ, ի՛նչ բանի յատկացնէ  իր  ժամանակը  եւ ի՛նչ բաներու մէջ  չվատնէ իր ներուժը։
Իսկ երբ ծրագիր չկայ, ժամանակը ապարդիւն կը սահի, ուշադրութիւնը
կը ցրուի եւ մարդը կ’ապրի մշտական զբաղուածութեան տպաւորութեամբ, առանց իրական յառաջընթացի։
Մեր միջավայրին մէջ յաճախ կը գնահատուի շարժումը, ոչ թէ անոր ուղղութիւնը։ Կ’ըսուի՝ «կարեւորը բան մը ընելն է»։ Շատ մը աշխատանքներ կարելի է տանիլ ու միեւնոյն տեղը մնալ, շատ յոգնիլ ու քիչ աճիլ։
Ահա՛ այստեղ է ծրագրումի կարեւորութիւնը։ Ծրագիր չի նշանակեր կաշկանդում, այլ ազատութիւն՝ իմանալու համար, թէ ո՛ւր կ’երթաս եւ ինչո՛ւ կ’երթաս։ Անիկա կը սորվեցնէ հրաժարիլ մոլորեցնող հաճոյքներէ եւ նախընտրել երկարատեւ արժէք ստեղծող ճիգը։
Հետեւաբար, երիտասարդութեան հարցը միայն միջոցներու կամ կարելիութիւններու նուազ ըլլալը չէ, այլեւ՝ մտածողութեան եւ կարգապահութեան վրայ ուշադրութիւն չսեւեռելը։ Եթէ մարդ չունենայ իր անձնական ծրագիրը՝ ուրիշներու ծրագրին մասը պիտի դառնայ բնականաբար։ Եթէ ուսումը չունի նպատակ՝ պիտի վերածուի թուղթի ու վկայականի։ Եթէ գործը չունի աճի տեսլական՝ պիտի վերածուի օրապահիկի միջոցի։ Եթէ յարաբերութիւնը չունի հասուն մտադրութիւն՝ պիտի մնայ պահու զգացական հաճոյքին մէջ եւ խորտակուի առաջին իսկ փորձութեան դիմաց։
Ուստի կարեւոր է խօսիլ ոչ միայն առիթներու բացակայութենէն, այլ մանաւանդ պատրաստուածութեան պակասէն։ Որովհետեւ շատ անգամ առիթը կը շրջանցէ այն մարդը, որ պատրաստ չէ։ Այսօրուան փոքր քայլը վաղուան վիճակն է։ Այսօրուան կառուցուած սովորութիւնը վաղուան իրագործումի բնոյթն է։ Այսօրուան ծրագիրը վաղուան արժանապատիւ կեանքն է։
Եթէ հայ երիտասարդը կ’ուզէ աւելի լաւ ուսում, աւելի լաւ գործ, աւելի լաւ յարաբերութիւն ձեռք ձգել, ուրեմն թող ծրագրէ, թէ՝ ո՛ւր կ’ուզէ հասնիլ, ո՛ր ճամբան բռնելով եւ ի՛նչ գինով։ Առանց այս գիտակցութեան, մենք կը շարունակենք դժգոհիլ առիթի, գործի ու արդիւնքի պակասէն, առանց անդրադառնալու, որ իսկական բացը ծրագիր, ուղղութիւն եւ հետեւողականութիւն չունենալն է։
Սագօ Պալապանեան