Թէեւ դասընկերոջս գաղթելէն ետք առաջին հանդիպումս չէր անոր հետ, սակայն այս անգամ զինք համալսարանի աւարտական զգեստով տեսնելը բոլորովին տարբեր զգացում էր՝ յուզմունքով, հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ լի։
Հալէպէն ուղղուած էինք Լիբանան ներկայ գտնուելու մեր մանկութեան ընկերոջ աւարտական հանդէսին։ Ան շրջանաւարտ պիտի դառնար Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանէն։ Վկայուելէն առաջ, հապճեպով բարեւեց ու միացաւ բեմ բարձրացող շրջանաւարտներու շարքին։ Մեծ հպարտութիւն է, չէ՞, երբ տեսնես այդ տարուան շրջանաւարտ հունձքին խօսքը կը ներկայացնէ Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ դասընկերդ։ Ան իր մասնագիտութեան՝ տնտեսագիտութեան ճիւղի միակ High Honors տիտղոսը ստացող վկայեալն էր, բարձրագոյն նիշեր ապահովելուն համար: Վկայականին կողքին արժանացաւ Class Valedictorian պարգեւատրումին՝ որուն կ՚արժանանայ մէկ շրջանաւարտը․ ան որ ուսումնական տարիներուն թէ՛ բարձրագոյն գնահատանիշը ապահոված է, եւ թէ՛ աշխոյժ ներդրում բերած է համալսարանի զարգացման եւ բարելաւման աշխատանքներուն։ Այս երկուքով չբաւարարուելով, ան ստացաւ նաեւ President՚s Award-ը՝ համալսարանի Music Club-ի, ինչպէս նաեւ HUBS-ի (Haigazian University Business Society) նախագահը ըլլալուն համար:
Ուշադրութիւնս գրաւեց այն, որ հանդէսի աւարտէն ետք Համալսարանի ղեկավարը եւ դասախօսները իւրաքանչիւր աշակերտի ու անոր ծնողքին մօտենալով իրենց շնորհաւորանքը յայտնեցին։ Այս քայլը ցոյց կու տար անոնց համեստութիւնը եւ անմիջական կապը ուսանողին հետ, հակառակ իրենց վայելած բարձր դիրքին ու համբաւին։
Շրջանաւարտ դասընկերս օրինակ մըն էր հալէպահայ յաջողակ երիտասարդներէն։
Կ՚արժէ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ տուեալ համալսարանը դարձած էր երիտասարդին թէ՛ ուսումնարանը, թէ՛ ակումբը, թէ՛ ձիրքերը յայտնաբերելու վայրը, եւ թէ՛ ընկերային հաւաքներու կեդրոնը: Իւրաքանչիւր ուսանող այնտեղ իր նախասիրութիւնը կը կատարէ ու կը զարգացնէ։ Լաւ ձայնով օժտուածը կ՚երգէ տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին, ճառախօսութեան շնորհք ունեցողը կը մասնակցի բարձր մակարդակի ձեռնարկներու, բանավէճերու եւ զրոյցներու… եւ այսպէս շարք մը ուրիշ ոլորտներ կը բացուին ուսանողին դիմաց։ Համալսարանը յաջողած է իւրաքանչիւր երիտասարդ ճիշդ ձեւով արժեւորել եւ անոր ընծայել առիթ՝ իր միտքերը, առաջարկները եւ ծրագրերը արծարծելու, նաեւ իրագործելու յարմարագոյն ձեւով։
Այս բոլորը տեսնելով մէկ հարցում կը զբաղեցնէր միտքս. «Եթէ այս երիտասարդը իր ծննդավայրը մնար, արդեօ՞ք նոյն առիթները պիտի ընծայուէին իրեն Հալէպի համալսարանին մէջ…»:
Երիտասարդը ունի միտքեր, որոշումներ, ծրագրեր, մէկէ աւելի թաքուն ձիրքեր։ Այո՛, այս ամէնը կը պահանջէ ինքնաշխատութիւն եւ ինքնազարգացում, սակայն այս բոլորը ունենալով եթէ առիթ չտրուի անոր եւ ենթական ճշգրիտ արժեւորումն ու քաջալերանքը չստանայ, իր զուր կ՚անցնին իր բոլոր երազներն ու ձգտումները։
Մեր մտքերը ցաւօք այնպէս մը լարուած են, որ մեր ներաշխարհին տիրապետած է թերագնահատուելու վախը, ինչ որ յաճախ արգելք կը հանդիսանայ մեր երազներու օղակի ընդլայնման: Այսօրուան երիտասարդը շատ բան չ՚սպասեր, ան պարզապէս քաջալերանք եւ գնահատանք կ՚ակնկալէ:
Աղբիւր՝ «ՆՈՐ ԵՐԹ»՝ Բ. ԹԻՒ/2026
Սելա Պազարպաշեան