ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ԱՅՅՈՒՊ ՊՈՒԱԱՏԻՈՎ
Սպանիոյ մայրաքաղքի Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը լրջօրէն հետաքրքրուած է ֆրանսական Լիլի եւ Մարոքի ազգային հաւաքականի 18-ամեայ կիսապաշտպան Այյուպ Պուաատիի ծառայութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Sky Sport Germany-ը: Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ երիտասարդ ֆութպոլիստը արքայական ակումբի ուշադրութիւնը գրաւած է 2026-ի աշխարհի առաջնութեան խմբային փուլին՝ Պրազիլի դէմ տեղի ունեցած տպաւորիչ հանդիպումին, ուր Պուաատի բարձրորակ խաղարկութեամբ կատարած է 66 փոխանցում, որոնցմէ 60-ը՝ ճշգրիտ: Ըստ աղբիւրին՝ Լիլ պատրաստ է քննարկել խոստմնալից կիսապաշտպանի փոխադրութեան վերաբերեալ առաջարկները միայն այն ատեն, երբ նիւթական արժէքը կը գերազանցէ 70 միլիոն եւրոն: Նախորդ մրցաշրջանին, Պուաատի Լիլի կազմին հետ մասնակցած է 42 հանդիպման՝ դառնալով մէկ կոլային փոխանցման հեղինակ: Ֆութպոլիստի ֆրանսական ակումբին հետ գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2029 թուական։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ
ՅԱՋՈՐԴ ՓՈՒԼԻ ԻՐԵՆՑ ՏԵՂԵՐԸ
Համաշխարհային 2026-ի մրցումները արդէն սկսան գծել իրենց ուղեգիծը. կազմերը հետզհետէ սկսան գրաւել իրենց տեղերը յաջորդ փուլին մէջ: Գերմանիոյ հաւաքականը 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քոթ Տի Վուարը, իսկ Ամերիկան 2 – 0 արդիւնքով յաղթեց Աւստրալիոյ հաւաքականին: Բ. փուլի բարձրագոյն արդիւնքով աւարտած խաղերէն մէկը եղաւ Հոլանտա Շուէտ հանդիպումը, որ իր աւարտին հասաւ 5 -1 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հոլանտայի: Մինչ Կիրակի գիշեր արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Չեխիա – Հարաւային Ափրիկէ 1-1
Զուիցերիա – Պոսնիա 4-1
Մեքսիք – Հարաւային Քորիա 1-0
Սքոթլանտա – Մարոք 0 – 1
Պրազիլ – Հայիթի 3-0
Թունուզ – Ճափոն 0-4
Սպանիա – Սէուտական Արաբիա 4-0
Իրան – Պելճիքա 0-0
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ԽԱՂԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑՈՂԸ ԵՂԱՒ
2026-ի ֆութպոլի համաշխարհային մրցումներուն, Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականը երկու պարտութիւն կրելէ ետք, վերջնականապէս դուրս մնաց մրցաշարքէն, արձանագրելով երկու պարտութիւն. Թուրքիոյ երրորդ խաղի արդիւնքը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ անոր վրայ, եւ կազմը պիտի չօգտուի նոյնիսկ լաւագոյն երրորդի մասնակցութենէն: Թուրքիա առաջին հանդիպումին պարտութեան մատնուեցաւ Աւստրալիոյ հաւաքականէն 2 – 0 արդիւնքով, իսկ երկրորդ մրցումը կատարեց Փարակուէի դէմ, դարձեալ զիջելով մրցումը՝ 1 – 0 արդիւնքով: Թէեւ Փարակուէյ մօտաւոր մէկ կիսախաղ խաղցաւ 10 խաղցողով, սակայն կրցաւ փակ պահել իր դարպասը թրքական յարձակումներուն դեմ եւ հանդիպումը յաղթական աւարտել՝ թրքական խումբը դուրս պահելով համաշխարհային խաղերէն:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


