Ինչպէ՞ս կարելի է քանի մը տողերու մէջ պարփակել 40 տարուան մտերիմ ընկերուհիիս քառասունքին առթիւ գրութիւնս։ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն ներս եղաւ մեր մտերմութիւնը։ Ռոզը Սահակեանական էր, իսկ ես` Զաւարեանական։ Ան առաջնակարգ եւ տիպար աշակերտներէն էր, ծանրաբարոյ, կիրթ, սակաւախօս եւ համեստ։ Գծելու ձիրք ունէր. յաճախ իր օգնութեան կը դիմէի գծագրութեան պահերուն։ Խառնուածքով իրմէ տարբեր էի. կատակներով զինք կը խնդացնէի եւ երբեմն դասարանին մէջ չարաճճի արարքներուս զոհը կը դառնար, որպէս իր բարի նկարագրին արդիւնք։ Սիրով էինք եւ չէ պատահած որ օր մը նեղացուցած ենք զիրար։

Ռոզի ընտանիքին նիւթական պայմանները համեմատած իմ ընտանիքիս` աւելի լաւ էին, սակայն օր մը չէր զգացուցած զիս այդ մէկը, շնորհիւ իր պարզ ու խոնարհ նկարագրին։ Իր տուած կարծիքները կը յարգէի, որովհետեւ անկեղծ էր։ Արտաքինով վայելուչ էր, սակայն աչքառու ըլլալ չէր ուզեր։ Բառին բուն իմաստով ժուժկալ էր։ Ռոզ Տնտեսագիտութեան համալսարանը աւարտեց եւ ապա ընտանիք կազմեց։ Ան ամբողջովին տրամադրուած էր իր ընտանիքին։ Եղաւ տնաշէն, առաքինի կին ու անձնուէր, զոհուած մայր։ Բարի էր, բայց ուժեղ. հեռատես էր, միշտ հետեւանքները մտածելով քայլ կ’առնէր։ Գոհունակ էր եւ խաղաղասէր, առանց տրտնջալու զիջումներ կ’ընէր։ Գալով ողորմած ըլլալուն, ան ծածուկ ողորմութիւն կ’ընէր եւ այնքան փափկանկատ էր, որ նիւթականը յանձնած ատեն կարիքաւորի աչքերուն չէր նայեր` յարգելով անոր զգացումները։
Հիւանդութեան պատճառով երբ անկողինին ծառայեց, անկարող էր տան պարտականութիւնները կատարելու, յանցաւորի զգացումը կը տանջէր զինք եւ հազիւ ուժ հաւաքէր, ուրախութեամբ կրկին գործի կը լծուէր երիտասարդուհիի մը պէս։ Յաճախ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր ընտանիքի անդամներուն ցուցաբերած գուրգուրանքին, սիրոյ եւ բծախնդիր խնամքին համար։ Շնորհակալ սիրտ մը ունէր…

Ռոզին հաւատքը մեծ էր, երբ ուզէի իրեն համար Տիրոջ աղօթք բարձրացնել, միայն մէկ նախադասութիւն կ’ըսէի. «Ո՜վ Տէր, Ռոզին հաւատքը վարձատրէ»։ Անշուշտ նկատի ունէի Աւետարանէն Յիսուսի հետեւեալ խօսքը` «Ո՜վ կին, գնա’, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»: (Մատթէոս 9.22)
Ան հերթականօրէն հիւանդանոց կը տարուէր, գրեթէ ձեռքին մէջ կ’ունենար խոստումներու թուղթը, որ իր ձեռագիրն էր, որուն վրայ ընդօրինակուած էր Եսայեայ մարգարէութենէն խրախուսիչ համարներ, որ տկար ձայնով, սակայն հաստատակամ կ’արտասանէր։ Աստուծոյ խօսքով հռչակումներ ընելով հիւանդութեան դէմ կը պայքարէր։

Բայց վերջին շրջանին, հիւանդութեան ամենասուր փուլին հաւատքը պահպանած էր, սակայն աղօթքի կերպը` փոխած։ Ան ամբողջովին Աստուծոյ կամքին յանձնած էր իր ապագան, քաջ գիտնալով որ Աստուծոյ կամքը բարի, հաճելի ու կատարեալ է։ Այս ճշմարտութեան լաւապէս համոզուած էր եւ այդ մէկը իրեն խաղաղութիւն կու տար։
Մահուընէ մօտ շաբաթ մը առաջ, քանի մը քոյրերով այցելեցինք իրեն։ Ուժեղ ցաւազրկիչներու ազդեցութեան տակ էր։ Հոն քանի մը երկրպագական եւ գովաբանական երգեր երգեցինք, որոնց բառերուն մէջ յիշուած էին Աստուծոյ ստորոգելիներէն` գթած, ողորմած, երկայնամիտ, բժշկող ըլլալը …, գրեթէ աչքերը փակ մտիկ կ’ընէր. բայց երբ ուրիշ երգ մը երգեցինք հաւատքի մասին, որուն կրկներգի բառերն էին «Հաւատքս չեմ մոռանայ, Տիրոջս չեմ ուրանայ, խաչը ուսիս կը գնամ, մինչ Յիսուսի միանամ»։ Յանկարծ աչքերը բացաւ եւ ձեռքով հաւանութեան նշան մը ըրաւ։ Է՜հ, երգին բառերը ծանր էին, բայց իր սրտին խօսած էին։ Խաչ կրելը իսկական Յիսուսի հետեւորդի անբաժանելի մասն է…։

Ետքը մեզմէ մէկը առաջնորդուեցաւ հարցնելու, թէ «Ռո՛զ, եթէ Յիսուս հիմա հոս ըլլար, ի՞նչ պիտի ուզէիր Իրմէ»։ Առանց երկար մտածելու, ուժը հաւաքելով ըսաւ` «Մեղքերուս ներում»։
Ի՞նչ, ականջներս ճի՞շդ կը լսէին, երբեք չէի ակնկալեր այսպիսի պատասխան, մտքիս մէջ հարցումները խուժեցին. «Ինչպէ՞ս, Ռո՞զ. դո՞ւն որ Աստուածավախ ես, միշտ Աստուծոյ հաշիւը ընելով կ’ապրիս, ի՞նչ պէտք ունիս կրկին խնդրելու, մարդ բժշկութիւն կ’ուզէ ու կ’ազատի…» եւ անմիջապէս մտապատկերիս մէջ ուրուագծուեցան Աստուածաշունչէն անդամալոյծի բժշկութեան պատմութեան չորս ընկերները, որոնք պատգարակով տանիքէն վար իջեցուցին իրենց հիւանդ ընկերը եւ դրին Յիսուսի ոտքերուն քով։ Հոն ընկերները մարմնին բժշկութեան համար բերին, բայց Յիսուս անոր տուաւ էականը ու կենսականը ըսելով. «Մեղքերդ ներուած են»։

Անկասկած Ռոզին պատասխանը իմաստութեամբ արտասանուած էր։ Չէ՞ որ երբ մարդ արարածը անկողինի ծառայող ըլլայ աւելի առիթ կ’ունենայ ինքնաքննութեան, զղջումի եւ խոստովանութեան։ Ռոզ ամենավաւերական խնդրանքը ուզեց Փրկիչէն, որը միշտ ալ ընդունելի է։
Այցելութեան աւարտին, երբ դէպի տան դուռը կ’ուղղուէինք, ետեւէս ձայն մը լսեցի, բայց յստակ չէր, դառնալով իրեն ուղղուեցայ եւ կրկին լսել ուզեցի։ Ան դժուարաւ, մեղմօրէն ըսաւ.
«Հոգիիս մէջ խաղաղութիւն զգացի»:
Իր մահանալէն քանի մը օր ետք, երբ ընթերցանութեան համար օգտագործած ակնոցս չէի գտներ, մտածեցի Ռոզին ակնոցը ուզել որպէս յիշատակ։ Երբ կապուեցայ զաւակներուն, անոնք սիրով ընդառաջեցին ու շուտով ինծի յանձնեցին զայն։ Զարմանալին այն էր, որ տկարութեան ճիշդ նոյն թիւերը ունէինք։ Երբ ակնոցին տուփը ձեռքս առի, շուտով ակնոցը մէջէն հանելով համբուրեցի, աչքերէս արցունքներս կը վազէին… գանձ մը կորսնցուցած էի…։

Յաջորդող օրերուն օդափոխութեան համար Քեսապ գացած էի։ Ռոզ միշտ մտքիս մէջ էր, դաշտի ծաղիկներուն եւ վարդերուն նայելով զինք կը յիշէի ու երկինքը դիտելով, արցունքը աչքերուս իրեն հետ կը խօսէի, բարձրաձայն որպիսութիւնը կը հարցնէի. «Ռո՛զ, ուրա՞խ ես…»։
Օդափոխութեան Ռոզին ակնոցը եւ անշուշտ անբաժանելի Ս. Գիրքս հետս էր։ Առաջին առիթին առաւօտ մը ակնոցը դրուելով Ս.Գիրքս բացի առանց յստակ տեղ մը որոշելու եւ յանկարծ աչքերս ուղղուեցան համարի մը որ կ’ըսէր. «Արդարը կը կորսուի եւ ուշադրութիւն ընող չկայ ու Բարի Մարդիկ Աշխարհէն Կը Վերցուին…» (Եսայեայ 57.1ա)
Ահա, թէ ինչպէ՛ս Ս. Հոգին Աստուծոյ խօսքին միջոցաւ մխիթարեց զիս` սգաւորս։
Նայիրի Ֆրանքեան