Հայաստան աշխարհը հարուստ է իր մշտանորոգ, բազմազան ու խիտ անտառներով, որոնք դարեր շարունակ եւ մարդկային էութեան առաջին քայլերուն հետ սնանեցին հայ վարպետին ստեղծագործ միտքը, կարողութիւններն ու երեւակայութիւնը։ Ատաղձագործութիւնը, որուն հիմքը կը կազմեն անտառներու վիթխարի ծառերը, պտղատու ծառերու ծերացած կոճղերն ու խռիւները, եւ նոյնիսկ թուփերն ու սնամէջ եղէգները, եւ վերջապէս ատաղձի կրկուտն ու կուփուկը։ Հայկական գաւառներէն շատեր ունեցած են հարուստ ու զարգացած ատաղձագործական փորձ, ինչպէս՝ Բալուն, Խարբերդը, Երզնկան ու Կարինը, շրջաններ՝ Արածանին եւ Մալաթիան։
Վաղ միջնադարեան ժամանակներէն ատաղձագործութիւնը հայ արհեստաւորին համար դարձած էր մասնագիտական արհեստ ու կը հաշուէր տասնեակէ մը աւելի ինքնուրոյն մասնագիտական ճիւղեր, ինչպէս՝ փայտամշակ, սանտրագործ եւ ատաղձագործ, ու շատ մը այլ աշխատանքի ու արտադրական իրերու մասնագիտացումներ, ինչպէս՝ նախանիւթի՝ «ատաղձի» պատրաստութիւն, կառուցային շինարարութիւն, տնային պիտանի գործածութեան գործիքներ, երկրագործական գործիքներ ու մեքենաներ, փոխադրական միջոցներ, նուագարաններ, վառելանիւթ եւ շատ մը այլ արդիւնաբերական գործիքներ ու մեքենաներ եւ արուեստի կոթողներ։
Հալէպի վիլայէթը, ներփակելով զանազան հայկական շրջաններ՝ Այնթապ, Մարաշ, Ուրֆա, ունեցած է նաեւ բաւականին զարգացած ատաղձագործութիւն, մասնաւորաբար այժմէական բնոյթ ու պահանջք կրող մասնագիտութիւններ։ Տեղին է յիշատակել, թէ 15-16-17-րդ դարերուն Հալէպ հասնող հայ արհեստաւոր պանդուխտներուն մէջ մեծ էր նաեւ թիւը հայ կահագործներու ու ատաղձագործներու՝ դերձակներու ու հացագործներու կողքին։ Մասնաւորաբար 1915-էն ետք Հալէպ համախմբուած հայ վարպետներու ջանքերով ատաղձագործութեան հետ առնչուած արհեստները աշխուժօրէն նոր զարգացման ժամանակաշրջան մը ապրեցան՝ Սուրիոյ ճարտարարուեստին պարգեւելով նորանոր յաջողութեան աստիճաններ ու բարձունքներ։ Փորձենք ամփոփել կարգ մը հետաքրքրական անկիւնադարձները՝ յիշելով.
Ա.- Վառելանիւթի եւ փայտածուխի ու այլ փայտանիւթերու արտադրութեան ու վաճառման ձեռնարկութիւններ։
Առաջին աշխարհամարտէն ետք, երբ ապագան որոշ յոյս մը կը ներշնչէր, հիմնուելով տեղական միջոցներու, ճիգերու, արտաքին ազդակներու վրայ ու նկատելով Մուսա լեռան Եողունօլուքի խիտ ու հարուստ անտառները, 1920 – 1930 ժամանակամիջոցին հայ շինականը կը զարգացնէ փայտածուխի արտադրութիւնը կաղնիի ծառերէ։ 1923-ին Մուսա լեռան շրջանէն ստացուած փայտածուխի պաշարը կը գնահատուի 1600000 օխա, 1655 թոն։ Տեղական շուկան կը բաւարարուէր 300000 օխայով, 381 թոնով, ինչ որ պատեհ առիթ մը կը ստեղծէ Անտիոքէն արտածումի։ 1921-ին Պիթիասէն՝ Մովսէս Ռենճիլեան, եւ Եողունօլուքէն՝ Գէորգ ու Եսայի Շրիքեան, հիմնելով ընկերութիւն մը, փայտածուխը կ’արտածեն արեւելեան Միջերկրականի տարբեր շրջաններ եւ Եգիպտոս. ընկերութեան տեւողութիւնը կ’ըլլայ կարճատեւ կամ 3 տարի՝ արտօնագիրի բացակայութեան պատճառով։
Քիչ ետք, Իպրահիմ Հանանոյի հովանաւորեալներէն Արտաշէս Պօղիկեան, եղբօրը՝ Աբգարի ու որդեգրեալ Եդուարդի հետ (Պիթիասէն), որպէս մենաշնորհ կը փորձեն արտածել փայտածուխ։ Վերջապէս Ճապրա Գազանճեան եւ որդին՝ Արամ, սիրաշահելով միջավայրի բնակչութիւնը եւ հիմնուելով ֆրանսական իշխանութեան պարգեւած մենաշնորհին վրայ, եղբօրը՝ Տիգրանի հետ կը ծաւալեն ընդարձակ ձեռնարկութիւն մը՝ ընդգրկելով 150 հայ փայտահատներ ու ածխագործներ, եւ օգտագործելով Մուսա լեռ, Չանաքլի, Սանտըրանկ, Ամաճը, Կումպաճէն, Արսուզ, Իքիզօղլու, Չաղլաքուզ շրջանները։ Շրջանի ժողովուրդներուն աշխատանքի առիթներ պարգեւելով ու հաստատելով ներկայացուցիչներ՝ անոնք կ’արտածեն վառելանիւթ, փայտածուխ, շինարարական շերտաձողեր, գերաններ, ելեկտրական սիւներ, խաղողի յենարաններ։ Ձեռնարկութեան կեդրոնը կ’ըլլայ Անտիոք։ Ալեքսանտրէթի մէջ ներկայացուցիչ կ’ունենայ Ներսէսեանը, իսկ Հալէպի, Համայի, Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջ ներկայացուցիչ կ’ունենայ Արթին աղան։ Գազանճեանի երկու նաւերը, եւ երրորդի մը ընկերակցութեամբ, փայտանիւթերը կը հասցնեն Պէյրութ (Լիբանան)՝ ներկայացուցիչ աղա Պապային։ Եաֆայի (Պաղեստին) ներկայացուցիչն էր Օհաննէս Ճապրա Գազանճեան։ Իսկ Փոր Սայիտի (Եգիպտոս) ներկայացուցիչը մեզի կը մնայ անծանօթ։ Այս շահաբեր ձեռնարկութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1938, որմէ ետք կը դադրի Սանճաքի կարգավիճակի սրման պատճառով։
Բ.- Կը կազմուին այրիանոցներ ու որբանոցներ, որոնք կ’օժտուին արհեստներու վարժարաններով կամ աշխատանոցներով։
Անոնք կազմուած էին նախքան Եղեռնը։ Այնուհետեւ շարունակուեցան Հալէպի մէջ՝ պատրաստելով կեանքի դժուարութիւնները նուաճող սերունդներ։ Այդ վարժարաններու շարքին էին նաեւ ատաղձագործական վարժարաններ։
Գ.- Պատրաստուած սերունդներուն արժանաւոր զաւակներէն մէկը եղաւ կահագործ Ղազար Պետիկեանը։
Ան երեսունական թուականներուն ունեցաւ իր անձնական աշխատանոցը՝ Քասթալ ալ-Հաճճարին փողոցը, «Ռոզտիպակ» վաճառատան կից (Հալէպ)։ Եղաւ համբաւաւոր կահագործ մը. իր գործերը դարձան արուեստի կոթողներ, որոնք այսօր հազուագիւտ անթիք (հնաոճ) արժէքներ են ու կը վաճառուին միջազգային աճուրդի տուներուն մէջ։ Անձնապէս հանդիպած եմ օտար վաճառականներու, որոնք յափշտակուած կը փնտռէին Ղազար Պետիկի գործերը՝ ներկայացնելու միջազգային աճուրդի բեմերուն։
Դ.- Սուրիական ճարտարարուեստը կը պատուաստուի այժմէական նոր ապրանքատեսակներով։
– Ասատուր եւ Գառնիկ Շահուեգիլեան կ’արտադրեն՝ արուեստական վերջոյթներ (ոտքեր-ձեռքեր), 1920-ին:
– Սեդրակ Առաքելեան կը պատրաստէ՝ բամպակ գզող մեքենայ, 1922-ին:
– Պօղոս Սեդրակեան կը պատրաստէ՝ փշոտ հնձկաքաղի փայտեայ ձեռնոց, 1925-ին:
– Մանիկ Կէօզիւպէօյուքեան կը պատրաստէ՝ փայտեայ սանտրեր, 1925-ին:
– Հրանդ եւ Աւետիս Չամիչեաններ կ’արտադրեն՝ փայտեայ պաղարաններ (նախկին սառնարաններ), 1930-ին:
– Գրիգոր Տէր Ներսէսեան կը պատրաստէ՝ զանազան գործածութեան կառքեր, 1940-ին։
– Գէորգ Գասապեան կ’արտադրէ թեքուող եւ ծալուող աթոռներ, 1940-ին:
– Պետրոս Կարապետեան կը պատրաստէ՝ նկարչական դիւրաթեք կայք, սարքեր, 1953-ին:
– Մովսէս Հալլաճեան կ’արտադրէ՝ մեքենական փեղկեր եւ դուռեր, 1955-ին:
– Սարգիս Տէր Կարապետեան կը պատրաստէ՝ նուագարաններ կիթառ, ջութակ, 1960-ին։
– Զոհրապ Մարգարեան կը պատրաստէ՝ դասական նկարներու շրջանակներ, 1965-ին:
Ե.- Կ’արտադրեն եւրոպական զանազան սարքերու, ինչպէս՝ ձայնագիրի (phonograph), ժամացոյցի, կարի մեքենայի ամբողջացնող տուփեր՝ շուկային հրամցնելով աւելի տնտեսական տարբերակը։
Զ.- Կը զարգացնեն ատաղձագործական մեքենաներու եւ յարակիցներու արտադրութիւնը։
– Բենո Պետրոսեան կ’արտադրէ կահոյքի կղպանքներ եւ զանազան յարակիցներ, 1997-ին։
– Գրճալեան եղբայրներ կ’արտադրեն ատաղձագործական սղոց եւ այլ սարքեր, 1980-ին։
– Յովնան Խանոյեան 1980 թուականին կ’արտադրէ «Լաթէ» կոչուած թերթերու պատրաստութեան սարքեր կեղուող, յղկող, խէժ սրսկող մեքենաներ։
Է.- Վերջապէս կ’իմանանք նաեւ գիտութեան էջերէն թէ՝ Հալէպի վիլայէթի Այնթապի զաւակ, ամերիկահայ համբաւաւոր գիւտարար Լուտեր Սիմճեան 92 տարեկանին, 1997-ին, կը ստանայ իր վերջին մենաշնորհագիրը՝ մահէն քանի մը ամիս առաջ, որ կը հաստատէր նոր փայտամշակման եղանակի մը մասին. այս եղանակը կը բարելաւէ երաժշտական սարքերու արտադրութեան եւ զարգացման առնչուող փայտի հնչողութիւնը։
Ճարտգ. Կարպիս Մինասեան