Հայ ազգը դարերու փոթորիկներուն մէջ քշուած, բայց երբեք չխորտակուած նաւու կը նմանի։ Ամէն ալիք փորձած է զայն կործանել, ամէն քամի՝ արմատախիլ ընել, սակայն ան ամրօրէն կառչած է ինքնութեան։
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը անծայրածիր ծով մըն է, լեցուն անհամար կաթիլներով՝ իւրաքանչիւր կաթիլ իր պատմութիւնը կը պատմէ։ Կþուզեմ կանգ առնել այդ կաթիլներէն մէկուն դիմաց ու խոնարհիլ անոր յիշատակին առջեւ։ Այդ կաթիլը «Վանեցի մայրիկ» կոչուող քաջ կին մըն է՝ Արաքսի Արոյեան։ Ան ոչ միայն գեղեցիկ հայուհի մըն էր, այլեւ ուժեղ ու պատրաստ իր ժողովուրդի ծառայութեան։
Ան ֆետայի մըն էր, յատկապէս Անդրանիկ փաշայի աջ բազուկը։ Երբ լեռներուն մէջ գտնուող ջոկատները կը տառապէին ուտեստեղէնի պակասէ, Արաքսի իր զարմիկին ընկերակցութեամբ կը հասնէր անոնց՝ բերելով ուտեստեղէն եւ զինամթերք։
Օր մը մարտի ընթացքին, Անդրանիկ փաշա ուզեց պարգեւատրել անոր «Լիրա»-ով մը։ Բայց Արաքսի մերժեց եւ ժպիտով մը ըսաւ. «Դուք աւելի պէտք ունիք անոր, քան ես։ Եթէ կþուզէք՝ իմ ոսկիներս առէ՛ք, որպէսզի ծախէք եւ զէնք դարձնէք ձեր ձեռքերուն մէջ»։
Նոյն օրը, երբ Անդրանիկ տեսաւ, որ զինուոր մը իր զէնքը ծախած է քանի մը փայլող մետաղադրամի դիմաց, սաստիկ զայրացաւ եւ անոր ոտքին ժայր մը կապելով՝ լեռն ի վար նետեց զինք, ցոյց տալով երկու տարբեր հոգիներ. Մէկը՝ կը նուիրէ իր ունեցածը պայքարին, իսկ միւսը՝
կը ծախէ իր պաշտպանութեան ուժը։
Բայց պատմութիւնը յանկարծ փոխեց իր գոյնը։ Արաքսին, այս անգամ ոչ թէ լեռներուն մէջ կռուող, այլ գաղթի ճամբուն վրայ քալող անզօր կին մըն էր, իր վիրաւոր քոյրը ուսերուն առած։ Ճամբան այլեւս դէպի կռիւ չէր, այլ դէպի անյայտ ու մութ ապագայ։ Ոչ ոք կը պատկերացնէր այն սեւ ծրագիրը, որ կþիրականանար հայ ժողովուրդին դէմ։
Արաքսի կը փրկուի, բայց սրտին մէջ շատ մեծ կորուստ մը կը կրէ։ Քոյրը, անոր ուսերուն վրայ, արդէն միացած էր մէկուկէս միլիոն նահատակներու շարքին։ Սակայն անոր սէրը աւելի ծանր էր, քան մահը։ Երեք օր շարունակ ան կը քալէ արեւու կրակին եւ գիշերուան մութին մէջ՝ իր ուսերուն վրայ տանելով քրոջ դիակը, ուզելով անոր գերեզման մը յատկացնել։
Վերջապէս կը հասնի Հալէպ, եւ աղօթքի լռութեան մէջ քոյրը կը յանձնէ հողին։
Արաքսի կը միանայ Հալէպ հասնող վերապրողներուն, եւ միասնաբար
կը փորձեն իրենց ինքնութիւնը պահելով ապրիլ։ Բայց անոր սրտին մէջ խոր վէրք մը կար, որ բուժում չունէր, երբ ան կը փորձէր իր ազգը պաշտպանել, հայրենիքը կորսնցուցած էր։
Այս էր այն ցաւալի պատմութիւնը, որ լսած էի։ Կը կարծեմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը նման օրինակներ լսած է։ Սակայն այս պատմութեան ամէնէն հետաքրքրական բաժինը այն է, որ վանեցի մայրիկը իմ արմատներէն մէկը եղած է՝ մեծ մօրս մեծ մայրը։
Հպարտ կը զգամ, որովհետեւ բախտ ունեցած եմ տեսնելու անոր զաւակը՝ Արամ Աբովեանը, որ մեծ մօրս հօրեղբայրն է եւ կը պատկանի Աբովեան գերդաստանին՝ կապուած մեծ գրագէտ Խաչատուր Աբովեանի տոհմին։ Արամ Աբովեան 2019-ին մահացաւ Դամասկոսի մէջ։
Իսկ հիմա ջահը մեր ձեռքն է, եւ մեր վիզին պարտքն է շարունակել մեր մեծ հայրերուն պայքարը՝ պահպանելու մեր լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթը եւ բարձր պահելու ՀԱՅ անունը։
Աննա Մարիա Տէր Պօղոսեան