Շարունակութիւն նախորդ շարքէն
ԱՆՕԹԻ 2
– Այսօր ի՞նչ պիտի ուտենք…
Հարցը
ամէն օր կը կրկնուի
մեր տան մէջ՝
ստամոքսի միակ բառապաշարը,
եւ մայրս՝
գոգնոցին մէջ կծկուած երկմտութիւն,
կը մտնէ
սառնարանին անդունդը։
Ես լուռ
կը հաւաքեմ սեղանին փշրանքները –
անցեալ երեկոյթէն մնացած
միակ վկայութիւնը:
Կը մտածեմ,
ո՞ւր կ’անհետանան
մօրս ճաշերուն համերը՝
երբ իր յոգնութիւնը
համեմունք է,
իսկ կարեկցութիւնը՝
աղ։
Մայրս երբեք չըսաւ՝
«Ճաշ չկայ»,
չըսաւ՝ «Չեմ գիտեր»,
ոչ ալ՝ «Ի՛նչ որ կայ, ա՛ն է»:
Բայց ամէն օր,
կը գտնէր պատասխանը-
թէեւ անորոշ,
բայց միշտ ճի՛շդ։
Եւ ես կը հասկնամ հիմա՝
որ մեր տան մէջ
ուտելիքը միայն հաց չէր,
մարսուած լռութիւն մըն էր,
եւ պատասխանը-
մայրս:
ԱՐԴՈՒԿԸ
Արդուկը հոն է –
խորտակուած,
բայց հպա՛րտ:
Այլեւս սոսկ մետաղ մըն է,
սառն ու ծանր,
բայց իր մէջ կը պահէ
տեսակ մը վիրաւորուած
արժանապատուութիւն:
Մայրս հիմա
շապիկները ձեռքով կը հարթէ-
դանդաղ,
համբերատար,
ափերուն ջերմութեամբ,
առանց շոգիի,
առանց գոլորշիի։
Արդուկը՝
քիթը վեր,
չի բողոքեր,
չի մրմնջեր
նոյնիսկ իր լռութիւնը։
Սակայն
Ներքին անանուն վախ մը,
զինք կը դարձնէ աւելի սառն,
աւելի անկենդան,
վախ,
թէ մարդ արարածը սորվի
ապրիլ իր ծալքերով,
ու հաշտուի
իր
անհարթութեան հետ:
ԱՐԹԻՆ ԱՂԱՆ
Արթին Աղան՝ մեծ հայրս,
խիստ չէր,
այլ
քարացած գութ:
Գիւղէն գաղթած՝
խօսքը կարճ,
նայուածքը խոր:
Շարունակ կը կրկնէր՝
«Մարդ ըսածդ,
միշտ բան մը պէտք է սրբէ
կամ աշխարհէն,
կամ՝
իր անձէն»:
Երբ մեռաւ,
ոչ ոք բարձրաձայն
լացաւ:
Միայն ժամանակը
կէս օր կանգ առաւ՝
յարգանքի պէս:
ԳՈԳՆՈՑԸ
Բարակ կտաւ մըն էր –
համեստ,
անշուք,
բայց երբ մայրս
ամէն առտու
լուռ ժպիտով,
զայն կը կապէր մէջքին,
տունը կը փոխուէր,
կը դառնար տարածք մը
դասաւորուած
սիրով։
Մօրս զրահն էր
այդ գոգնոցը,
կեանքի դէմ մղուած
անթիւ ճակատամարտերու
միակ վկան:
Երբեմն
ես ալ կ’ուզեմ կապել
նոյն գոգնոցը
մէջքիս շուրջ –
բայց գիտեմ,
այդ՝
մօրս ճակատագիրն է,
ոչ իմ։
ԱՒԵՏԱՐԱՆ
Մայրս անջատած է լոյսերը,
բայց ինք տակաւին՝
լոյսի պէս կը շրջի գիշերուան մէջ –
կէս խաւար,
կէս լոյս։
Խոհանոցէն կը հոսի
թէյամանին շշունջը՝
ըստ աւետարանի
լռութեան։
Հայրս
հին գիրքի մը
ծալքերուն մէջ խոնարհած,
ամէն գիշեր,
նոյն համարը կ’ընթերցէ։
Գիրքը՝
իրեն համար միշտ նոր –
ինք՝ քիչ մը ժամանակավրէպ,
բայց ամէն բան
իր տեղը։
Ես պառկած եմ
ննջասենեակիս խորքը –
չեմ լսեր,
բայց կը զգամ,
որ հայրս
լուռ կ’աղօթէ ինծի համար
առանց հեգելու:
Իր լռութիւնը՝
իմ վրաս
բաց աւետարան։
Սարգիս Քէլ Խաչերեան