ՏԵՂԱԿԱՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան աւարտական վեցեակի մրցումներու աւարտին, Դամասկոսի Ուահտէն, Հալէպի Ահլին, Հոմսի Ֆիտաա եւ Համայի նաուաիր խումբերը հասան աւարտական քառեակ, ուր Ուահտէն պիտի մրցի Նաուաիրի դէմ, իսկ Ահլին Ֆիտաաի:
– Կիրակի օր Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը հրապարակեց տղոց հաւաքականի սկզբնական կազմը, որ պիտի նախապատրաստուի համաշխարհային պասքեթի մրցումներու զտման փուլին: Հաւաքականին մէջ ներառուեցաւ նաեւ մէկ արհեստավարժ խաղացող, որ պիտի մասնակցի որպէս տեղացի մարզիկ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՃՈ ՄՈՒՃԱՅԷՍ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ
ՀՄԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹԻ ԽՈՒՄԲԻՆ
12 տարի Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբի մարզիչութեան վերջ տալով, Կիրակի օր Ճո Մուճայէս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ հրաժարած է իր պաշտօնէն: Վերջին տարեշրջանին խումբը հասաւ երկրորդ փուլ, ուր երեք անգամ մրցեցաւ Հըքմէի հետ՝ կրելով երեք պարտութիւն, որուն պատճառով խումբը զրկուեցաւ աւարտական քառեակի մասնակցութենէն: Աւելցնենք, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պասքեթի խումբը Ճոյի գլխաւորութեամբ տիրացած է Լիբանանի եւ արաբ երկիրներու ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ արձանագրած է բազմաթիւ յաղթանակներ:
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ
ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ
Հինգշաբթի օր բաց յայտարարուեցան 2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի մրցումները, որոնք տեղի կ’ունենան միաժամանակ երեք երկիրներու՝ Ամերիկայի, Քանատայի եւ Մեքսիքի մէջ: Ամերիկայի մէջ մասնակից խումբերը ենթարկուեցան խիստ խուզարկումի եւ հսկողութեան, իսկ որոշ թղթակիցներու մուտքը արգիլուեցաւ:
Մինչեւ Կիրակի արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Մեքսիք – Հարաւային Ափրիկէ 2 – 0
Հարաւային Քորիա – Չեխիա 2 – 1
Քանատա – Պոսնիա 1 – 1
Ամերիկա – Փարակուէյ 4 – 1
Քաթար – Զուիցերիա 1 – 1
Պրազիլ – Մարօք 1 – 1
Հայիթի – Սքոթլանտա 0 – 1
Աւստրալիա – Թուրքիա 2 – 0
Գերմանիա – Քուրասաու 7 – 1
Հոլանտա – Ճափոն 2 – 2
Ռաֆֆի Սիւլահեան


