Գրաւոր եւ բանաւոր լեզուի ուսուցման հետ կապուած դժուարութիւնները տարածուած հարցեր են ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, իւրաքանչիւր 59 մանուկէն մէկը ունի ուսումնառութեան որեւէ տեսակի խանգարում։ Ասոնցմէ ամենատարածուած երկու տեսակներն են ընթերցանութեան դժուարութիւնը (տառակուրութիւն / տիսլեքսիա) եւ գրելու դժուարութիւնը (տառասխալութիւն / տիսկրաֆիա)։
ԳՐԵԼՈՒ ԵՒ ԸՆԹԵՐՑԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ասոնք կարդալու եւ գրելու ունակութեանց յատուկ խանգարումներ են, որոնք բնաւ կապ չունին երեխային մտաւոր կարողութիւններուն կամ արթնամտութեան հետ։ Այս մնայուն խանգարումները կրնան յայտնուիլ միաժամանակ եւ երբեք արդիւնք չեն դպրոցական ձախողութեան կամ ծուլութեան։
ԱԽՏԱՆԻՇՆԵՐԸ
Այս խանգարումները կը յատկանշուին մնայուն ու կրկնուող սխալներով։
Օրինակ՝ գրելու դժուարութեան պարագային երեխան.
– Կը խաթարէ բառերուն կառուցուածքը, վանկերն ու տառերը կը փոխարինէ նմանահնչիւն տառերով.  օրինակ՝ «թատրոն»-ի փոխարէն կը գրէ «տատրոն», կամ «նապաստակ»-ի փոխարէն՝ «նապատակ»։
– Զանց կ’առնէ տառերը.  օրինակ՝ «վարդ»-ի փոխարէն կը գրէ «վադ»։
– Կը խեղաթիւրէ բառերուն հնչիւ-նավանկային կառոյցը։ Տառեր դուրս կը ձգէ, կամ յաւելեալ տառեր կը գրէ, երբեմն ալ անոնց տեղերը կը փոխէ։
– Տառերը կը փոխարինէ տեսողական նմանութեան հիման վրայ.  օրինակ՝ «դեղատուն»-ի փոխարէն կը գրէ «բեղատուն»։
– Կը խախտէ նախադասութեան կառուցուածքը, բառեր դուրս կը ձգէ։
– Չի կրնար բառերը իրարու համաձայնեցնել կամ հոլովական վերջաւորութիւնները ճիշդ որոշել.  օրինակ՝ «խանութէն կաթ գնեցի»-ի փոխարէն կը գրէ «խանութին մէջ կաթ գնեցի»։
– Իր տարեկիցներուն համեմատութեամբ՝ թելադրութիւն գրելու համար չափազանց երկար ժամանակ կը վատնէ։
Ընթերցանութեան դժուարութիւն ունեցող երեխան կը բախի հետեւեալ արգելքներուն.
– Երեխան կը նախընտրէ կարդալ վանկ առ վանկ կամ նոյնիսկ տառ առ տառ՝ առանց անցնելու ամբողջական բառերու ընթերցման։
– Դանդաղ ու անկայուն ընթերցանութիւն.  երեխան կը կմկմայ, տառեր դուրս կը ձգէ կամ կը փոխարինէ, անոնց տեղերը կը փոխէ, յաւելեալ տառեր կը ներմուծէ եւ բառերը կը ձեւախեղէ։
– Յատկանշական սխալներէն է «գուշակելով» կարդալը, երբ երեխան բառը մինչեւ վերջ չկարդալով՝ անոր վերջաւորութիւնը ինքնագլուխ կը հնարէ։
– Կարդացածը ըմբռնելու բացակայութիւն.  երեխան կը դժուարանայ պատասխանել թեքսթին վերաբերող հարցումներուն։
ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
– Ժառանգական նախատրամադրուածութիւն
– Յղութեան եւ ծննդաբերութեան շրջանի աննպաստ պայմաններ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼ ԱՅՍ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐԸ
Այս դժուարութեանց ախտաճանաչումը կը սկսի ջղաբանի եւ մանկաբոյժի այցելութեան ընթացքին.  այս մասնագէտները նախ կը բացառեն այն միւս հիւանդութիւններն ու խանգարումները, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ մանուկին կարդալու եւ գրելու կարողութեան վրայ։
Այնուհետեւ, լեզուի խանգարման մասնագէտը կը կատարէ շարք մը քննութիւններ ու փորձարկումներ՝ փոքրիկին բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի յատկանիշերը ջրդեղելու համար։
Մանկավարժական ախտաճանաչումը նոյնքան կարեւոր է.  դաստիարակը կամ ուսուցիչը մանրակրկիտ կերպով կը քննէ փոքրիկին գրաւոր աշխատանքները՝ անոր բնորոշ սխալները երեւան հանելու համար։
ԴԱՐՄԱՆՈՒՄՆ ՈՒ ԲԱՐԵՇՐՋՈՒՄԸ
Գրելու եւ կարդալու դժուարութիւնները գլխաւորաբար կը սրբագրուին լեզուախանգարման մասնագէտին կողմէ։ Մասնագէտը կը ջանայ զարգացնել երեխային խօսելու եւ տեսնելու ընկալումը, մատներու նուրբ շարժունակութիւնն ու տարածական կողմնորոշումը.
– Կը կիրարկէ յատուկ վարժութիւններ՝ կարդալու եւ գրելու առնչուող մտային գործառոյթները կանոնաւորելու համար։
– Մանուկին կը սորվեցնէ արտասանել ու տարբերակել տառերը, ճիշդ ձեւով կարդալ ու գրել, կը հարստացնէ անոր բառամթերքը եւ կը զարգացնէ կապակցուած խօսք կազմելու հմտութիւնները։
Ծնողքին եւ մանկավարժին միջեւ հաստատուած անմիջական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակին ցուցաբերուած ամբողջական օժանդակութեան շնորհիւ, մանուկը կրնայ սորվիլ ճիշդ կարդալ, գրել եւ արձանագրել դպրոցական փայլուն յաջողութիւններ։
Վարդուհի Յովսէփեան