Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ին, միանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շքախումբին, կը մեկնի Վատիկան՝ առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարելու Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին, 17-21 Մայիս 2026-ին։

Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետի նշանակած շքախումբին մաս կը կազմեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերու Առաջնորդները: