Երեւանի մէջ, երբ տակաւին «արտասահմանցի» ուսանողներուն ծանօթ չէի, յաճախ, որեւէ տեղ կը լսէի թրքերէն խօսակցութիւն ու տհաճութիւն կը զգայի։ Ապա իմացայ, որ իրենց հագուածքով ու պահուածքով տեղացիներէս տարբերող այդ տարիքոտ կիներն ու այրերը «ախպար» էին (այս բառի բացատրութիւնը արդէն տուած եմ)։ Խորհրդային երկրի իշխանութիւնները «կապիտալիստական երկիրներէ» եկած այդ մարդոց կրկնակի հսկողութեան տակ կը պահէին, լիարժէք քաղաքացի չէին նկատեր, իրենց համար անոնք գաղտնի լրտեսներ էին (ինչպէս եւ տեղացիներու մեծ մասը)։ Անոնք կարեւոր պաշտօններ չէին կրնար ունենալ, օրինակ՝ քաղաքական ու նաեւ՝ օդանաւորդ ըլլալ… հետեւաբար անոնք փակուած էին իրենք իրենց մէջ։ Ի՜նչ երազանքներով Հայրենիք եկած ու ինչերո՜ւ հանդիպած էին՝ աքսորուած, նիւթական ծանր զոհողութիւններ կրած, բարոյական այլ արժէքներու հանդիպած, ուր կը մերժուէր ազգայինը՝ Մեծ Ցաւը, ու մանաւանդ՝ օտարուած իրենց իսկ հայրենիքին մէջ։ Ռուսական ասոյթ մը կայ՝ «Ինչպիսի բարեւ, այդպիսի պատասխան»։ Թրքերէն խօսիլը նաեւ որոշ մակարդակի մարդոց համար այդ մերժում- պատասխանն էր։ Սկզբնական շրջանին «տեղացիներուն» հետ շփումները եւ նոյնիսկ խառն ամուսնութիւնները սահմանափակ էին՝ բարքերու եւ մտայնութեան խիստ տարբերութեան հետեւանքով։ Հայաստանցին այն օրերուն այդ ու շատ այլ երեւոյթներ հասկնալ չէր կրնար, բայց աննկատելիօրէն «եկուորներէն» կը սորվէր կենցաղավարութիւն, որոշ բարքեր ու հմտութիւններ։
Ահա ասանկ՝ ներգաղթի հետ կապուած յուզումներու հետեւանք էր «Հայաստանի ղազուխ» կոչուած մզկիթը։ Ես այդ ամէնը տեսած, ապրած ու տակաւին հայրենիքի սիրով ու յոյսով ապրող մարդոց մէջ էի, առանց տակաւին զանոնք մօտէն ճանչնալու։
Նոր Գիւղի շուկան այն օրերուն հիմնականին մէջ երկու զուգահեռ փողոցներու վրայ էր՝ մզկիթին յարող ու շարունակուող մայրուղին ու աւելի նեղ փողոց մը։ Կշռող մեծամասնութեամբ՝ արաբ էին մսավաճառները, աւելի յաճախ՝ պտուղ- բանջարեղէն ծախողները։ Մայր պողոտային վրայ նշանաւոր քանի մը խանութներ կային, որոնց հայ տէրերը կ’ապահովէին բնակչութեան հիմնական կարիքները։ Հոն էր Հայկազը, բայց չեմ յիշեր թէ ինչ կը ծախէր, հոն էին բարի ու պատրաստակամ երկու եղբայրներ,
կը ծախէին ամէն ինչ, բայց չեմ գիտեր ինչու «շաշոներ» անունով յայտնի էին։ Հոն էր նշանաւոր Խորէնը ու մինչեւ Նոր Գիւղէն հեռանալս իր խանութէն կը կատարէի գնումներս։ Այս անուան վրայ պահ մը պէտք է կենալ։ Արեւմտահայերը նման անձերու մասին կ’ըսեն՝ «գրոց- բրոց է», որ կը նշանակէ թէ անձը ինքնուս է։ Նման ինքնուսներ սփիւռքի մէջ հազուադէպ չէին ու յաճախ՝ մասնագիտական մակարդակի հասած։
Խորէնը պատմական փաստաթուղթերու, հին լուսանկարներու եւ այլ իրերու հաւաքածոյ ունէր, զոր տեսայ, երբ հետագային ծանօթացայ նաեւ կնոջ հետ։ Տիկին Շաքէն զիս տպաւորած է որպէս ազնիւ, համեստ, խորագէտ ու մանաւանդ՝ բազմաշնորհ հայուհիի տիպար։ Եթէ ամուսինը հաւաքածոյ կը կազմէր, ապա ան կը ստեղծագործէր. հայկական ձեռարուեստի հրաշալի, կարծես թէ անձեռակերտ գործեր ստեղծած էր. զանոնք շատ բարձր գինով գնել առաջարկողներ եղած ու տիկինը մերժած էր։ Ցաւօք, այդ հրաշալիքներն ու արխիւները զոհ գացին 2011-2016-ի պատերազմի առաջին իսկ օրերուն, երբ հրթիռ մը կործանեց անոնց ապրած շէնքը։
Առաջին անգամ Խորէնի խանութին մէջ տեսայ «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» յայտարարութիւնը, որուն իբրեւ հակադրութիւն կար նաեւ «Թշնամիիդ լեզուն պէտք է գիտնաս» կարծիքը։ Թրքախօսութիւնը տարածուած էր յատկապէս Կիլիկիոյ շրջանէն գաղթած աւագ սերունդին մէջ, բայց անուս խաւերու մէջ ան տակաւին երկար շարունակուեցաւ։ Դպրոցներ, միութիւններ աշխատանք կը տանէին զայն արմատախիլ ընելու, բայց թրքական երգը ամէնուր էր, իսկ Թուրքիոյ հեռատեսիլային կայաններու ներխուժումը Սուրիա՝ նոր թափով յառաջ տարաւ թրքականի հանդէպ հայերու այդ հակասական վերաբերմունքը։ Տարօրինակ պատկեր մը մնացած է մտքիս մէջ։ Նոր Գիւղ գացող թաքսիներու («սերվիս») վարորդները այն ատեն գրեթէ հայեր էին, տարեց տղամարդիկ- յաճախ՝ թրքախօս։ Երգը դրուած էր բարձր աստիճանի վրայ եւ չլսելու փորձերս անօգուտ էին։ Թէեւ կը զգուշանայի, որ վարորդը կրնար կոպիտ պատասխանել, սակայն անկարող էի դիմանալ ու կամացուկ խնդրեցի. «Այս թրքերէն երգը չէ՞ք կրնար անջատել»։ Անակնկալս մեծ էր, երբ ան անմիջապէս անջատեց ու յուզախառն ձայնով ըսաւ. «Աղջիկս, իմ աչքիս լո՞յսն են թուրքերը, մեզի ինչե՜ր ըրին… », ու լացաւ… այո, հաւատացէք, այդ խոշոր մարդը լացաւ։ Ինքզինքս մեղաւոր զգացի, նոյն ատեն հանելուկ մնաց՝ երգը դնողը ինք էր ու լացողն ալ ինք էր։ Բայց իզո՞ւր կ’ըսէ Թէքէեան. «Ո՜վ կարդալ սիրտը գիտէ…»։
70-ական թուականներուն Հալէպը ընդհանրապէս բարձրայարկեր չունէր, մեծամասամբ 3-4 յարկանի շէնքեր էին, իսկ Նոր Գիւղ գերակշիռ էին քարաշէն առանձնատուները։ Ամայի հողատարածքը, ուր հանգրուանած էին ջարդէն փրկուած, Սուրիոյ անապատներէն զանազան կերպերով Հալէպ ապաստանած հայերը, նախապէս եղած է գաղթականներու հիւղաւան, ուր ով ինչպէս կրցեր՝ ծածկ մը ստեղծեր էր։ Ապա, երբ աշխատասէր հայերը սկսան քիչ-քիչ գտնել ինքզինքնին ու Երկիր վերադառնալու յոյսերն ալ Լոզանի դաշնագիրով յօդս ցնդեցան, Հալէպը դարձաւ գաղթական հայերու կեդրոնացումի կարեւոր կեդրոններէն մին։ Պետութեան կողմէ յատկացուած տարածքին կառուցուած թաղամասը որոշ կանոնաւորութեան կը միտէր։ Նախագիծի մը հետեւելով՝ նեղ նրբանցքները կը խաչաձեւէին զիրար։ Տուները մէկ կամ երկու յարկանի էին։ Տանտիկինները, երկրէն բերուած սովորոյթի համաձայն, առաւօտ կանուխ ջուր կը ցանէին ու կ’աւլէին իրենց տունին առջեւը, ուր կրնային նաեւ աթոռակներու նստիլ ու առտուան սուրճը խմել դրացուհիներով։ Հին Հալէպի սկզբունքը հիմնականին մէջ պահպանուած էր նաեւ հոս, այսինքն տուները ունէին նաեւ ներքին բակ։ Հոն կ’ըլլային թաղարներու մէջ աճող բոյսեր, յաճախ անուշաբոյր ֆլլէ (հայերէն անուան ծանօթ չեմ), յասմիկի (եասմին) թուփ, որ շրջապատը իր նուրբ բոյրով կը լեցնէր, մէկ երկու ծառ՝ թթենի, նարինջի կամ լիմոնի ու նաեւ՝ նանըրճ կոչուածը, որուն հայերէն անունը եւս ինծի ծանօթ չէ։ Գրեթէ նարինջի կրկնակի մեծութեան, խորտուբորտ կեղեւով ցիտրուսային պտուղի ծառ մը եւս կ’ըլլար՝ քապպաթ անունով եւ այդ մեծ առաւելութիւն էր։ Այդ ծառէն ունեցողը պտուղներէն կու տար նաեւ ծանօթ- բարեկամներու եւ ահա տիկինները՝ իսլամ, տեղացի քիստոնեայ կամ հայ, անկէ հրաշալի անուշ կը շինէին։ Նախ պէտք էր դանակով զգուշութեամբ քերթել արտաքին դեղին կեղեւը ու հասնիլ ճերմակ մասին, որ եւ եփելու պիտանի էր։ Աւելի ուշ, ծախող արաբները կեղեւը մաքրուած կը ծախէին ու դժուար գործէն կ’ազատէին Հալէպի փափկասուն տիկինները։ Թէեւ ես եւս յաճախ պատրաստած եմ այդ անուշը, սակայն հոս տեղը չէ որ նկարագրեմ, մանաւանդ որ հալէպցի տիկինները կրնան խանդոտիլ ու քննադատել առաջարկածս կերպը։ Այդ արարողակարգ էր, ինչպէս որ արարողակարգ էին սերկեւիլի, բալի (ֆիշնա) ու յատկապէս վարդի անուշին պատրաստութիւնը։ Ի՜նչ բուրումներ կը տարածուէին շուկայէն մինչեւ վարդը տուն հասցնելը, մաքրելն ու եփելը, յատկապէս եթէ շէնքի մէջ քանի մը տիկին նոյն ատեն եփէին զայն։ Ապա գոյնը… Անպայման կարծիք կը հարցնէին (թէեւ գիտէին յաջողած կամ ձախողած ըլլալը), կը ցուցնէին, կը հիւրասիրէին. փորձէ՛ չհաւնելու նշան տալ կամ աննպաստ կարծիք յայտնել. ըսենք՝ լիմոնի թթուն շատ դրեր ես, շաքարը շատ է… վիրաւորանքի համազօր էր… Նման բան քիչ կը պատահէր, քանի որ հալէպցի տիկիններու վարպետութիւնը որեւէ կասկած չի վերցներ, ու եթէ սերկեւիլի ու յատկապէս վարդի անուշին գոյնը պայծառ վարդագոյն չէ, ուրեմն տեսակն է պատճառը։ Այո, կարօտցայ այդ մթնոլորտը…
Հիմա, երբ կամակոր երեւանեան գարունը եղերեւանիներու(եասաման) բոյրով կը թարմացնէ օդը՝ միտքս կրկին թռիչք կ’առնէ Հալէպ։ Թէեւ վիրաւոր ու յօշոտուած, թէեւ զինք շէնցնող ու ազնուական դրոշմ դնող բնակչութիւնը հեռացաւ՝ իրեն հետ տանելով նաեւ այդ քաղաքին յատուկ կարգ մը աւանդոյթները, սակայն վստահ եմ, որ գարունը շուկայ ու տուներ կը խուժէ նոյն բարիքներով ու մնացողները կը շարունակեն քաղաքին բոյր ու գոյն տուող մշակութային կեանքին հետ՝ պահպանել նաեւ կենացային այն սովորութիւնները, զոր գարունը կը պարտադրէր հոն։ Ուրեմն կրկին քալենք Նոր Գիւղի կեդրոնական շուկայիկ փողոցներէն ու գարնան բարիքները տեսնենք՝ նոր աշխարհը, ճեներիկը, ելակը, շոգին, կանաչ ոլոռնը (պիզելիա) ու անուշի վարդը կարծես, մրցելով, զիրար կանչելով շուկայ կ’իջնեն ու կը գայթակղեն տիկինները։ Սակայն ամէնէն գունագեղը կառքերու կամ սեղանիկներու վրայ թաղերը պտտող ու հզօր ձայներով իրենց բարիքները գովաբանող տղաքն են (տակաւին մնացի՞ն արդեօք)։ Ու սիրողներու համար՝ խակ նուշի ու ճեներիկի հմայքը, ու թաղերը լեցնող բուրմունքը վարդի… Օ՜ Հալէպ, պահպանէ՛ գոյներդ։
Մեծ սխալ գործած կ’ըլլամ, եթէ այս առիթով չանդրադառնամ համասփիւռքեան հարցի մը։ Պիտի խորհիք որ շատ մեծ բառեր գործածեցի, բայց երեւոյթը կ’արժէ ատոր։ Քանի որ Հալէպի հայուհիներու բազմաշնորհ ըլլալու մասին խօսեցանք, ինչպէս չյիշենք, թէ Հալէպը հարսնցու
կը մատակարէր ամբողջ սփիւռքին։ Ջարդի հետեւանքով աշխարհի մէջ ցրուած հայ ընտանիքներու մայրերը տակաւին չէին երեւակայեր, թէ կարելի էր օտար հարս բերել տուն։ Տարբեր մակարդակներու վրայ պատճառները կրնային տարբեր ըլլալ, բայց հիմնական մտահոգութիւններ կային՝ հայու տեսակի պահպանութեան բնազդական մղումը, տեղական բարքերուն օտար ըլլալը, օտար լեզուի մը մուտքը ընտանիք, որ անխուսափելիօրէն ծնելիք մանուկները ձուլումի պիտի տանէր։ Երիտասարդը ընտանիքին կապած պահել եւ վերջապէս՝ «տունի աղջիկ», շնորհքով տանտիկին ըլլալիք մէկը պէտք է օջախ մտնէ։ Երիտասարդները այլ դիտանկիւն ու այլ մղումներ կ’ունենան, հետեւաբար, ժամանակի հետ ու պայմաններու բերումով՝ ազգապահպանումի այս ճիգը տկարացաւ։ Հին սերունդի «նեղմտութիւնը» փոխարինուեցաւ ակամայ համակերպումով, ու հայ տատիկը սկսաւ հրճուիլ իր թոռնիկի օտարախօսութեամբ… ։ Շատ բարդ հարցի մօտեցանք, հեռանալը աւելի ճիշդ է։ Վերադառնանք Հալէպ։
Աւելի ուշ, երբ առանձնատուները քանդուեցան ու անոնց տեղը նեղ ու երկար շէնքեր բարձրացան՝ ամբողջութեամբ փոխուեցաւ Նոր Գիւղին դէմքն ու, նաեւ… նկարագիրը։ Գետնայարկերը մեծ մասամբ դարձան խանութներ կամ արհեստաւորներու գործատեղիներ, անոնց աշխատանքային աղմուկը լեցուեցաւ թաղերը, որոնք կարծես թէ աւելի նեղցան։ Փողոցը մաքրողը այլեւս պետական պաշտօնեայ էր, որ ժրաջանութեամբ չէր փայլեր ու եթէ նոյնիսկ բացառիկ աշխատասէր ալ ըլլար, պիտի չհասցնէր հաւաքել։ Ազնիւ տիկիններու պատշգամներէն գիշերով փողոց նետուած աղբի պարկերը (բո՛ւմբ) ու նոր կենցաղին հետ եկած կենցաղային այլազան աղբը օրերով կը մնար թաղերու անկիւնները ու կը հոտէր։ Այո, բազմաբնակարան շէնքերը նոր մշակոյթ ու քաղաքակրթական մակարդակ բերին Նոր Գիւղ եւ ինչու ոչ, նաեւ՝ այլ հայաբնակ թաղամասեր։ Երկրին տնտեսութիւնը կը զարգանար ու անոր մէջ փոքր չէր հայերուն դերը։ Դրամը նոր կարելիութիւններ ու հաճոյքներու դուռեր բացաւ, իսկ թրքական ֆիլմերը աչքեր բացին. փոխուեցան կիներու հագուստները, հայեացքները կեանքին, ու աւելի շատ հայեացքներ հրաւիրեցին իրենց վրայ, որ իր կարգին բարոյական նոր մակարդակ բերաւ։ Մայրեր ձգտեցան դրամատէր փեսացուներ գտնել արհեստաւորի փոխարէն, որ իրենց դուստրը «վայելէ կեանքը», ու … ապահարզանի համար առաջնորդարան դիմողներուն թիւերը բազմապատկուեցան… ։ Փոխուեցաւ տուներու կահաւորումը, նեղ փողոցներու մէջ շարուեցան ինքնաշարժներ՝ ու քանի որ նաեւ շատ նեղ ու քարուքանդ էին մայթերը՝ մարդիկ նեղ տեղերէ անցնելու վարպետութիւն ունեցան… ։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան