Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.
Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ,
8 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամը
10:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ
ներքնասրահէն ներս գումարուեցաւ Ազգ.
Երեսփոխանական Ժողովի 176-րդ
նիստը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Թեմիս
ազգային երեսփոխանները, հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ Ազգային Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան շրջանաւարտ կազմերը:
Նիստը յատկացուած էր Թեմի
շրջանաւարտ Գործադիր Իշխանութեան
զոյգ կազմերուն` Ազգային Կրօնական
Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան
երկամեայ գործունէութեան (2024-2026)
տեղեկագրերու ընթերցման, քննարկման, արժեւորման եւ նոր կազմերու
ընտրութեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը
«Տէրունական Աղօթք»-ը եւ «Զգործս
Ձեռաց Մերոց» մաղթանքը արտասանելէ
ետք, իր բացման խօսքին մէջ հայրական
սիրով եւ աստուածային օրհնութեամբ
ողջունելէ ետք ժողովականներն ու
ներկաները, փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ հակառակ անցնող տագնապալի երկամեակին, տնտեսական ու ապահովական անկայուն իրավիճակին, Թեմի ազգային վարչամեքենան
գործեց պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, նուիրումով, ուժերու լարումով եւ հաւատարմութեամբ:
Սրբազան հայրը մաղթեց, որ այս ժողովը առողջ քննարկումներով եւ նոր առաջարկներով ուրուագծէ յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները։ Ապա Սրբազան Հայրը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ողջոյններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց, յայտնելով որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն կը հետեւի ու մշտապէս զօրավիգ կը կանգնի Բերիոյ Հայոց Թեմի լայնածաւալ գործունէութեան։
Ազգ. Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան տեղեկագրերու ընթերցումէն ետք, տեղի ունեցան քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք
ժողովին կողմէ որդեգրուեցան յօգուտ
Թեմի բարգաւաճման:
Ժողովի աւարտին, տեղի ունեցաւ Թեմի
Գործադիր Իշխանութեան երկու նոր
կազմերուն ընտրութիւնը հետեւեալ
մանրամասնութեամբ.
Ազգային Կրօնական Ժողովի կազմ՝
Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան
Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան
Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան
Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան
Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերէնցեան
Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան
Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան
Ազգ. Վարչութեան կազմ՝
Երկրչփ. Տարօն Մակարեան
Դոկտ. Հուրի Ազէզեան
Մեթր Նորա Գրաճեան
Տիար Յովսէփ Գասապեան
Տիար Յարութ Չամիչեան
Տիար Վաչէ Ճուհարեան
Տիար Ժագ Գազէզեան
Ընտրուեցաւ նաեւ Ազգ.
Երեսփոխանական Ժողովի նոր դիւանը`
Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան
(Ատենապետ)
Տիար Հայկազ Ասատուրեան
(Ատենապետ)
Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան
(Ատենադպիր)
Օրդ. Մակի Պէրպէրեան (Ատենադպիր)
Ժողովի վերջաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման խօսք արտասանելով, իր գոհունակութիւնը արձանագրեց տարուած բազմաբնոյթ աշխատանքներուն գծով եւ ընդգծեց, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմը բոլորին միասնական աշխատանքով եւ ճիգերով պիտի մնայ իր պատմական պատուանդանին վրայ։
Ժողովը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի