Սուրիան այսօր կը գտնուի պատմական նոր շրջադարձի մը սեմին։ Երկարամեայ հակամարտութենէն հիւծած երկիրը յանկարծ յայտնուած է համաշխարհային ուժանիւթի քարտէզի կեդրոնը՝ շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին եւ տարածաշրջանային նոր զարգացումներուն։ Ուաշինկթընի կողմէ առաջադրուած նոր ծրագիրը կը միտի Սուրիան վերածել ուժանիւթի կարեւոր միջանցքի մը, որ կը կապէ Ծոցի երկիրներն ու Իրաքը Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի հետ։
Այս նախագիծը միայն բեռնատարներու փոխադրութիւն չէ, այլ՝ խողովակաշարերու հսկայական ցանցի վերակենդանացում։ Ամերիկեան կողմի ռազմավարութիւնը, որուն հեղինակն է Սուրիոյ յատուկ պատուիրակ Թոմ Պարաք, կը հիմնուի այն համոզումին վրայ, որ երբ ծովային նեղուցները (ինչպէս Հորմուզը) կը վերածուին քաղաքական զէնքի, ցամաքային ճամբաները ոչ թէ պարզապէս ընտրութիւն կը դառնան, այլեւ՝ ռազմավարական հրամայական։
Պարաքի ծրագրին առանցքը կը կազմեն չորս հիմնական ուղղութիւններ.
Քերքուք-Պանիաս. Իրաքեան քարիւղը Սուրիոյ վրայով Միջերկրական հասցնող պատմական խողովակաշարի վերագործարկումը։
Կազի նոր ճամբաներ. Քաթարեան կազի փոխադրութիւնը դէպի Եւրոպա՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տարածքով։
Գոյութիւն ունեցող ցանցեր. Ատրպէյճանական կազի եւ Եգիպտոսէն եկող «Արաբական կազամուղի» ընդլայնումը։
Ներքին ենթակառոյցներ. Աւելի քան 1000 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարերու նորոգում եւ ամերիկեան հսկայ ընկերութիւններու (ինչպէս Chevron եւ ConocoPhillips) ներգրաւում։
Այս ծրագիրը գործարկելի կը դառնայ այն հիմնաւորումով, որ Դամասկոս արդէն վերահսկողութիւն հաստատած է երկրի քարիւղի պաշարներու 70 տոկոսին վրայ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ ակնկալուող 28 միլիառ տոլարի ներդրումները կրնան հիմնովին փոխել երկրի տնտեսական դիմագիծը եւ ենթակառոյցները։
Սակայն, այս ծրագիրը կը բախի ներքին եւ արտաքին լուրջ պատուարներու։ Թէեւ քաղաքական գետնի վրայ Սուրիան շահեկան դիրքի վրայ կը թուի ըլլալ, սակայն տարածաշրջանային ապահովական երաշխիքներու եւ նման ծրագրերու ֆինանսաւորման հարցերը կը մնան հարցական։ Տարածաշրջանային երկիրներու մրցակցութիւնն ու Իրան-Իսրայէլ բախումները կրնան վտանգի ենթարկել այսպիսի խողովակաշարերու գործարկումը։
Ներքին առումով, սուրիացի քաղաքացիին համար այս ամէնը յուսադրող է, բայց նաեւ՝ անորոշ։ Որքան ալ երկիրը վերածուի «միջազգային միջանցքի», տնտեսական ներքին տագնապները՝ դրամանիշի արժեզրկումն ու գնաճը տակաւին գլուխ կը ցցեն։ Թէեւ ելեկտրականութեան, վառելանիւթի ու ջուրի տագնապները որոշ չափով մեղմացած են, բայց ենթակառոյցներու ամբողջական ապաքինումը ժամանակ ու նիւթական հսկայ կարելիութիւններ կը պահանջէ։
Սուրիոյ իսկական յաջողութիւնը, վերջապէս, պիտի չսահմանուի միայն իր հողերուն տակէն անցնող խողովակներու ծաւալով կամ օտար ներդրումներու գումարով։ Բարեփոխումը շօշափելի պիտի դառնայ այն ատեն, երբ ռազմավարական այս տեսլականը իր անմիջական ազդեցութիւնը ունենայ սովորական քաղաքացիի բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ երկրի ապագային հանդէպ ունեցած վստահութեան վրայ։