ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծէն ներս, Հալէպի Ահլին իր դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տէր Զօրի Ֆըթուէ խումբը: Դամասկոսի Ուահտէն 3-1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց՝ պարտութեան մատնելով Իտլիպի Ումայան: Դամասկոսի Ահլի ընդդէմ Խան Շէյխունի եւ Քարամէ ընդդէմ Հոմս ալ-Ֆիտաա խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումները 1-1 հաւա-սարութեամբ աւարտեցան:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյ-եանութեան աւարտական քառեակի մրցում-ներու աւարտին, Հալէպի զոյգ խումբերը՝ Ահլի եւ Ճալաա, յաջորդաբար պարտութեան մատնուեցան Դամասկոսի Ուահտէ եւ Սաուրա խումբերէն եւ դուրս մնացին մրցաշարքէն: Այսպիսով Դամասկոսի երկու կազմերը հասան աւարտական մրցումի, որուն աւարտին պիտի յստականայ ախոյեանը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԱՐՍԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ 
ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
 Աշխարհի քառակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի քառակի ախոյեան, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր Արսէն Յարութիւնեան պրոնզէ մետալ նուաճեց Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշա-մարտի Եւրոպայի առաջ-նութեան: 61 քկ. ծանրութ-եան պրոնզէ մետալի համար Յարութիւնեան մրցակից ունեցաւ Պելառուս Տիմիթրի Շամելայը եւ կրցաւ յաղթել 7-2 արդիւնքով: Յարու-թիւնեան պայքարը սկսած էր որակաւորման փուլին, ուր 11-0 հաշիւով պարտութեան մատնած էր Հիւսիսային Մակեդոնիան ներկայացնող Վլատիմիր Եգորովը։ Քառորդ եզրափակիչին, Յարութիւնեան 11-1 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Քամիլ Քերիմովին, իսկ կիսեզրափակիչին պարտուեցաւ Թոքիոյի ողոմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի եռակի ախոյեան Զաւուր Ուքուեւինէն:
ՎԱՐԱԶԴԱՏ ԼԱԼԱՅԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ, ողոմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջ-նութիւններու կրկնակի ախոյեան Վարազդատ Լալայեան երրորդ տարին անընդմէջ կրցաւ ձեռք ձգել Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկի մետալը եւ դառնալ Եւրոպայի ախոյեան: Պա-թումի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի առաջնութեան գերծանր  ծանրորդներու պայքարին Վարազդատ Լալայեան պոկում վարժութեան բարձրացուց 200 քկ. եւ 210 քկ.: Հրումի վարժութեան գլխին վերեւ պահեց 241 քկ. եւ դարձեալ արժանի դարձաւ ոսկեայ մետալի:
Ռաֆֆի Սիւլահեան