ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց 18-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի Ահլին յաղթական աւարտելով աւարտական քառեակի բոլոր մրցումները տիրացաւ ախոյեանութեան: Մրցաշարքի լաւագոյն խաղացողը դարձաւ Միրելա Չափարեան, որ կրցաւ իր բարձր մակարդակով օգտակար դառնալ խումբին՝ նուաճելու սոյն տիտղոսը:
-Երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ ալ-Ֆայհաա պասքեթի վերանորոգուած մարզադաշտին բացումը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ բարեկամական մրցում մը Սուրիոյ եւ Լիբանանի հաւաքականներուն միջեւ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Հայաստան 16 Ծանրորդով Կը Մասնակցի Եւրոպայի
2026 Թուականի Առաջնութեան
19-էն 26 Ապրիլին, Վրաստանի Պաթում քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ ծանրամարտի երէցներու Եւրոպայի 2026 թուականի առաջնութիւնը: Հայաստանի հաւաքականները այս մրցաշարքին մրցահարթակ կը ներկա-յանան 16 ծանրորդով (8 տղամարդ եւ 8 աղջիկ): Հայ մարզիկները պայքարը սկսան մետալներ նուաճելու համար։ Առաջին պայքարի մասնակցողները Հայաստանի կանանց հաւաքականի ներկայացուցիչներն էին։ Հայաստանի ծանրամարտի կանանց հաւաքականի անդամներ Իզապելլա Եայլեան ու Ալեքսանտրա Գրիգորեան մեկնարկը կատարեցին Եւրոպայի առաջնութեան: Կանանց 52 քկ. ծանրութեան կարգի A ենթախումբի Իզապելլա Եայլեան պոկում վարժութեան երկու յաջող մօտեցումով բարձրացուց 76 քկ. եւ 80 քկ.: Այս վարժութեան ան 5-րդն էր: Հրումի վարժութեան ան բարձրացուց միայն 95 քկ.: Երկամարտի 175 քկ. արդիւնքով՝ Իզապելլա Եւրոպայի առաջնութեան 9-րդն էր: Ալեքսանտրա Գրիգորեան պոկումի վարժութեան գլխուն վերեւ պահեց 74 քկ. եւ 78 քկ.: Պոկումի վարժութեան Գրիգորեան եւս 9-րդն էր:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Ռէալ Սոսիետատ՝ Սպանիոյ Գաւաթակիր
Սպանիոյ գաւաթի խաղարկութեան եզրափակիչ մրցումին, Աթլեթիքո Մատրիտ անգամ մը եւս ձախողեցաւ տիրանալ ախոյեանութեան: Շաբաթ,18 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ թագաւորական բաժակի աւարտական մրցումը, ուր Աթլեթիքո 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ռէալ Սոսիետատէն: Մրցումի հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: Խումբերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածներու, որուն ընթացքին Սոսիետատի դարպասապահը կրցաւ արգելք հանդիսանալ Աթլեթիքոյի երկու հարուածներուն: Աւելցնենք, որ ասիկա 4-րդ անգամն է որ ան կը տիրանայ սոյն բաժակին: Վերջին անգամ ան 2020-ին էր որ դարձաւ Սպանիոյ բաժակակիր:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


