ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ
ԹԵԼԵՐՈՎ ՀԻՒՍՈՒԱԾ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ
Հայկական Ասեղնագործութեան Արուեստը
Հայ ժողովրդական արուեստին մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ ասեղնագործութիւնը, որ աչքի
կը զարնէ զարդանկարային հարստութեամբ եւ կարատեսակներու բազմազանութեամբ։ Որպէս հիմք օգտագործուած են կաշի, կտաւ, մետաքս ու դիպակ, իսկ թելերու պարագային՝ բուրդէն մինչեւ ոսկեթել ու արծաթաթել։
5-րդ դարէն սկսեալ մատենագիրները (Սեբէոս, Շիրակացի, Շնորհալի եւ այլք) վկայած են շքեղ հանդերձանքներու եւ եկեղեցական զարդարանքներու մասին։ Ասեղնագործութիւնը եղած է ինչպէս ազնուական կանանց զբաղմունքը, այնպէս ալ գերի ինկած հայուհիներու ապրուստի միջոցը։ 7-րդ դարուն, զոր Թորոս Թորամանեան կը համարէ վերածնունդի շրջան, ճարտարապետական կոթողները ներսէն զարդարուած են թանկարժէք գործուածքներով եւ գոհարազարդ ասեղնագործութիւններով։
Ասեղնագործութեան հնագոյն նմոյշները յայտնաբերուած են Անիի պեղումներուն ընթացքին։ Գոյութիւն ունեցած են ինքնատիպ դպրոցներ՝ Վան-Վասպուրականի, Շիրակ-Կարինի, Կիլիկիոյ, Պոլսոյ եւ այլ շրջաններու մէջ։ Իւրաքանչիւր շրջան ունեցած է իր ուրոյն ոճը, որոնցմէ ոմանք կը կրեն իրենց ծագման վայրին անունը, ինչպէս՝ Մարաշի, Այնթապի կամ Վանի կարերը։
Զարդանախշերը կը ներկայացնեն բուսական, կենդանական, երկրաչափական եւ երկնային մարմիններու պատկերներ։ Հակառակ պատմական արհաւիրքներուն ու տեղա-հանութիւններուն, հայ վարպետները ամէնուր պահպանած եւ զարգացուցած են այս աւանդական արուեստը՝ փոխանցելով զայն սերունդէ սերունդ։
Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած եւ Սուրիոյ անապատներուն ու գաղթակայաններուն մէջ յայտնուած հայ կնոջ համար ասեղը դարձաւ առաջին զէնքը՝ ընդդէմ մոռացութեան եւ սովի։ Արեւմտահայաստանի զանազան գաւառներէն տեղահանուած կանայք իրենց հետ չէին կրցած բերել հարստութիւն, բայց իրենց յիշողութեան մէջ ամրագրուած էին Մարաշի «հիւսուածքը», Այնթապի «ճերմակ ձեռագործը» եւ Վանի, Սվազի, Քիլիսի ու Տիգրանակերտի նախշերը։
Հայկական ասեղնագործութեան պահպանումը Հալէպի մէջ ունէր երկու հիմնական դրդապատճառ.
1. Տնտեսական Գոյատեւում: Գաղթական կանանց եւ որբանոցներու աղջիկներուն համար ձեռագործը դարձաւ ապրուստի միջոց։ Օտար մարդասիրական կազմակերպութիւնները (ինչպէս՝ Նպաստամատոյցը) կը հայթայթէին նիւթերը, իսկ հայ կանայք կը ստեղծէին գործեր, որոնք
կը վաճառուէին Եւրոպա եւ Ամերիկա՝ ապահովելով իրենց ապրուստը։
2. Յուզական եւ Մշակութային Կապ: Կորսնցնելով հայրենի տունը՝ կինը կը փորձէր զայն վերագտնել իր ասեղնագործած թաշկինակին կամ սփռոցին վրայ։ Մարաշի գաղտնակարը կամ Այնթէպի գործը կը յիշեցնէին կորուսեալ դրախտը։ Իւրաքանչիւր նախշ կը պատմէր մէկ գաւառի պատմութիւնը. Տիգրանակերտի գունագեղութիւնը կամ Քիլիսի նրբութիւնը կապող օղակներ էին անցեալի եւ ներկայի միջեւ։
Ինչպէ՞ս Պահպանեցին Ասեղնագործութիւնը՝ Որբանոցներէն Մինչեւ Միութիւններ
Հալէպը դարձաւ այն հնոցը, ուր հայ կնոջ ձեռքով վերածաղկեցան
*Մարաշի Ասեղնագործութիւնը: Յայտնի իր «հիւսուած կարով», որ շատ դժուար է կրկնօրինակել։ Հալէպի մէջ կանայք յիշողութեամբ վերականգնեցին այս բարդ ձեւը։
*Այնթապի Գործ: Թելքաշութեան նուրբ արուեստը, որ Հալէպի հայ տուներու անբաժան մասը դարձաւ։
*Որբանոցներու Դերը: Հալէպի հայկական եւ օտար որբանոցներուն մէջ ձեռագործը պարտադիր ուսուցման նիւթ էր։ Այսպիսով, որբուհիները դարձան աւանդոյթի փոխանցողները ու վարպետ ասեղնագործողներ եղան։
Միութիւններ եւ Հրատարակութիւններ
Այս ժառանգութեան պահպանման մէջ մեծ դեր խաղացին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը եւ հայրենակցական միութիւնները (Մարաշի, Այնթապի, Քիլիսի, Ուրֆայի, Տիգրանակերտի եւ այլն)։ Անոնք կազմակերպեցին ու կը շարունակեն մինչեւ օրս կազմակերպել դասընթացքներ եւ ցուցահանդէսներ։
Գիտականօրէն այս արուեստը փրկելու գործին մէջ անգնահատելի են Սերիկ Դաւթեանի աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ լոյս տեսած հայրենակցական յուշամատեանները, որոնք մանրամասն կը նկարագրէին տեղական տարազներն ու կարատեսակները։ Հետագային, հայրենի արուեստագէտ ու հետազօտող Հրազդան Թոքմաճեան հաւաքագրեց Հալէպի վերջին բեկորները եւ հրատարակեց  պատկերազարդ, շքեղ հատորներ, ինչպէս օրինակ՝ «Մարաշի Ասեղնագործութիւն»-ը, «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն»-ը), որոնք այսօր մեր ձեռքին տակ եղած լաւագոյն վկայութիւններն են։
Հալէպահայ կինը, ասեղը ձեռքին, յաղթեց մահուան։ Այն ձեռագործը, որ այսօր կը զարդարէ մեր սեղանները կամ կը պահուի թանգարաններու մէջ, պարզապէս զարդարուեստ չէ. ան հայ ժողովուրդի վերապրումին, տոկունութեան եւ գեղեցիկը պահպանելու անկոտրում կամքին խտացումն է։