ՏԵՂԱԿԱՆ
-Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար Մուհամմետ Սամեհ ալ-Համետ առողջապահական վիճակին բերումով իր հրաժարականը ներկայացուց։
-Հալէպի ալ-Շապիպա ակումբի պասքեթի տղոց խումբի մարզիչ Իւսէֆ Էզղըն Հոմսի ալ-Ֆիտաա խումբին դէմ կատարած մրցումէն ետք, ներկայացուց իր հրաժարականը: Ակումբի պատասխանա-տուները անմիջապէս սկսան բանակցութիւններ վարել այլ մարզիչներու հետ, որոնց գլխաւոր թեկնածուն էր լիբանանցի Մարուն Տիպը:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանական մրցումներուն, Կիրակի օր, Հալէպի Ահլին Հոմսի մէջ 1-1 հաւասարութեամբ աւարտեց Հոմսի ալ-Ֆիտաա խումբին հետ կատարած հանդիպումը: Աւելցնենք, որ Ահլին 37 կէտով կը գլխաւորէ աղիւսակը, անոր կը յաջորդէ Ուահտէն 34 կէտով, ապա Հոմսի ալ-Ֆիտաաը՝ 31 կէտով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
2026-ի Համաշխարհային Խաղերուն Իրանի
Մրցումները Ամերիկայի Մէջ Պիտի Ընթանան
Ֆութպոլի աշխարհի 2026-ի առաջնութեան մրցումներուն, մերժուեցաւ Իրանի ներկայացուցած առաջարկը, որ կը
պահանջէր հանդիպումներու վայրը դարձնել Մէքսիքոն փոխան Ամերիկայի: Մեքսիքոյի նախագահ Քլաուտիան Շեյնպաում յայտարարեց, որ Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութիւնը վերջնական որոշում գոյացուցած է։ «ՖԻՖԱ-ն ունի վերջնական որոշում, որ հանդիպումները կարելի չէ տեղափոխել նախապէս որոշուած վայրերէն։ Այդպիսի փոփոխութիւն ՖԻՖԱ-ին առջեւ կը դնէ հսկայ աշխատանք»: Աւելցնենք, որ Իրանի մարզանքի նախարարը յայտարարեց, որ Իրանի հաւաքականին համար անընդունելի կը դառնայ մասնակցութիւնը աշխարհի առաջնութեան, եթէ հանդիպումները տեղի ունենան Ամերիկայի մէջ։ Խմբային հանգրուանին, Իրանի հաւաքականի մրցակիցները պիտի դառնան Պելճիքան, Նոր Զելանտան ու Եգիպտոսը։ Երեք հանդիպումներն ալ նախատեսուած են Ամերիկայի մէջ:
պահանջէր հանդիպումներու վայրը դարձնել Մէքսիքոն փոխան Ամերիկայի: Մեքսիքոյի նախագահ Քլաուտիան Շեյնպաում յայտարարեց, որ Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութիւնը վերջնական որոշում գոյացուցած է։ «ՖԻՖԱ-ն ունի վերջնական որոշում, որ հանդիպումները կարելի չէ տեղափոխել նախապէս որոշուած վայրերէն։ Այդպիսի փոփոխութիւն ՖԻՖԱ-ին առջեւ կը դնէ հսկայ աշխատանք»: Աւելցնենք, որ Իրանի մարզանքի նախարարը յայտարարեց, որ Իրանի հաւաքականին համար անընդունելի կը դառնայ մասնակցութիւնը աշխարհի առաջնութեան, եթէ հանդիպումները տեղի ունենան Ամերիկայի մէջ։ Խմբային հանգրուանին, Իրանի հաւաքականի մրցակիցները պիտի դառնան Պելճիքան, Նոր Զելանտան ու Եգիպտոսը։ Երեք հանդիպումներն ալ նախատեսուած են Ամերիկայի մէջ:Համլետ Մանուկեան՝ Ոսկի Մետալի Արժանացաւ
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան Համլետ Մանուկեան աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան յաջորդական երկրորդ ոսկի մետալը նուաճեց: Խրուաթական Օսիճէք քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան հերթական փուլի նժոյգ թափերու վարժութեան եզրափակիչին վաստակելով 14, 733 կէտ, Մանուկեան կանգնեցաւ պատուոյ ամպիոնի ամենաբարձր հարթակին:
Ռաֆֆի Սիւլահեան

