Սփիւռքի տարբեր համայնքներու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ, այս օրերուն տեսանելի են անորոշութեան եւ տագնապի նշաններ՝ նկատի ունենալով քանի մը կարեւոր հանգամանքներ. աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներն ու պատերազմները, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վերաբերմունքի կտրուկ փոփոխութիւնը ազգային արժէքներուն (պատմութիւն, եկեղեցի, պահանջատիրութիւն) հանդէպ, ինչպէս նաեւ սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու ճգնաժամը։ Այս բոլորին կողքին կը ցցուին սփիւռքահայ գաղութներու դիմագրաւած ինքնութեան պահպանման եւ տնտեսական դժուարութիւնները։
Այսպիսի պայմաններու մէջ յոյժ կարեւոր եւ անկիւնադարձային օրակարգեր կþընդգրկէր Սփիւռքի Զօրաշարժի խորհրդաժողովը, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ, 11 եւ 12 Ապրիլին։ Այս ժողովը, որուն նիւթերն ու կոչը յաջորդաբար հրատարակած ենք եւ պիտի շարունակենք հրատարակել «Գանձասար»-ի էջերով, նկատի առաւ աշխարհաքաղաքական զարգացումները, Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող ապահովական, իրաւական ու հասարակական փոփոխութիւնները՝ ընդգծելով ռազմավարական նոր ուղիներ։
Սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը այլեւս լոկ կարգախօս չէ, այլ գոյութենական հրամայական։ Ժողովի ընթացքին հնչող առաջարկներէն կարելի է օգտուիլ նաեւ գաղութային մակարդակի վրայ՝ զանոնք իրականացնելով թէկուզ փոքր, բայց հետեւողական քայլերով։
Ունկնդրելով զեկոյցներն ու եզրակացութիւնները՝ բնականաբար կը խորհինք սուրիահայ համայնքի վիճակը բարելաւելու եւ համահայկական այդ պատկերին մէջ անոր դերը աշխուժացնելու մասին։ Իրականութեան մէջ, սուրիահայ համայնքէն ներս եւս ռազմավարական ծրագիրներու պահանջ կայ՝ համայնքի դերն ու արժէքը նոր ժամանակներուն համապատասխանեցնելու համար։
Այստեղ կարելի է շեշտել իրագործելի քանի մը քայլեր.
Նախ՝ մեր գոյութեան հիմնական կռուանը՝ կրթական համակարգը, պէտք է արմատապէս զօրացնել։ Նոր սերունդը պէտք է ստանայ ազգային դաստիարակութիւն եւ գիտակցի, որ Հայաստանն ու հայ ազգը իրարմով զօրացող արժէքներ են։ Միաժամանակ, մեր դպրոցները պէտք է ջամբեն մրցունակ եւ որակեալ կրթութիւն։
Երկրորդ՝ արդիական գործելակերպի որդեգրում։ Անհրաժեշտ է ունենալ գաղութային տուեալներու շտեմարան։ Իւրաքանչիւր կառոյց պէտք է ճշգրտօրէն սահմանէ իր ներուժը, օգտուի սփիւռքահայ մտաւորականներէն եւ առցանց կապերու կարելիութենէն։ Օրինակ՝ ստեղծել տեղական հարթակ մը, ուր կը ցուցակագրուին հայ արհեստավարժները (կրթական մշակներ, արուեստագէտներ, բժիշկներ եւ այլն)։ Ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին նշանակելով եւ յստակ ծրագիր պահանջելով միայն կարելի է յառաջընթաց արձանագրել։
Սուրիահայ գաղութի ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ նիւթական միջոցները սահմանափակ են, անհրաժեշտ է դիմել «Ներքին ներուժի զօրաշարժի» ռազմավարութեան։ Այստեղ երիտասարդութեան դերը առանցքային է։ Անոնց ներգրաւումը պէտք չէ սահմանափակուի միայն ձեռնարկներ կազմակերպելով։ Կարելի է ստեղծել երիտասարդական-մասնագիտական խորհուրդներ, որոնք գործելով վարչական մարմիններու կողքին, կառոյցներէն ներս կը ներմուծեն ժամանակակից արհեստագիտութիւնը (ներառեալ արհեստական բանականութիւնը)։
Այլ կարեւոր գործօն է գործակցութիւնը պետական մակարդակով։ Հարկ է համայնք-պետութիւն յարաբերութիւնը պահել բարձր մակարդակի վրայ եւ մասնակից դառնալ երկրի վերականգնման ջանքերուն։ Եթէ համայնքը գործուն դեր ունենայ իր երկրին մէջ, կրնայ աւելի ազդեցիկ լծակներ ունենալ նաեւ Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ։
Վերջապէս, անհրաժեշտ է միջ-համայնքային գործակցութիւնը։ Գաղութները պէտք է կապուին իրարու, փոխանակեն կրթական ու մշակութային փորձառութիւններ։ Եթէ համայնք մը յաջողած է նոր համակարգ մը ներդնել, այդ փորձը պէտք է հասանելի դառնայ միւսներուն։
Սուրիահայ կառոյցները տարիներու հարուստ փորձառութիւն ունին։ Նման բարեփոխումներ իրագործելի են, եթէ աշխատինք միասնաբար եւ գծենք զարգացման յստակ հեռանկար։
Ժողովներու որոշումները ընթերցելով չբաւարարուինք, փորձենք տէր կանգնիլ մեր բաժին պատասխանատուութեան, կարդալու կողքին գործնականի վերածելով կարելին։