ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 -Հալէպի Ահլի ակումբի վարչութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին պասքեթի տղոց առաջին խումբի մարզիչ նշանակեց Լիբանանի հաւաքականի եւ «Պէյրութ» խումբի մարզիչ Ժատ ալ-Հաժը, իրեն օգնական նշանակելով Ճորճ Աքիքին: Ժատ Հալէպ ժամանելէ մէկ օր ետք, խումբի առաջին մրցումով ներկայացաւ իր դրացի Ճալաա ակումբին դէմ  իրականացած մրցումին։ Խումբը խաղը աւարտեց յաղթական արդիւնքով։ Իսկ Կիրակի, 5 Ապրիլին, խումբը իր երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրեց, այս անգամ պարտութեան մատնելով Հուրիէն:
-Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան դարձի երկրորդ փուլի մրցումներու շրջագիծէն ներս, Հոմսի մէջ Ուահտէն 92-83 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Քարամէն, Իսկ Հոմսի ալ-Ֆիտաա խումբը՝ 94-84 արդիւնքով յաղթեց Ճէյշին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՀԱՄԼԷԹ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ` ԱՇԽԱՐՀԻ 
ԳԱՒԱԹԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ 
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան Համլէթ Մանուկեան Գահիրէի մէջ ընթացող  մրցաշարքին գրաւեց առաջին դիրքը եւ նուաճեց ոսկի մետալ: Մարմնամարզութեան աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան առանձին գործիքներու նժոյգ-թափերու եզրափակիչին, Հայաստան ունեցաւ երկու ներկայացուցիչ` Համլէթ Մանուկեանն ու Մամիկոն Խաչատրեանը: Եզրափակիչին Մանուկեան, հաւաքելով 14.800 կէտ, դարձաւ ոսկի մետալակիր, իսկ Մամիկոն Խաչատրեան 14.533 կէտով
4-րդ դիրքը գրաւեց:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՂԱՍԱՀՔԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ 
ԱՐԴԻՒՆՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ 
Հայաստանի Գեղասահքի Դաշնութիւնը յայտնեց, որ հաւաքականը յաջողած է արձանագրել պատմական արդիւնք մը: Առաջին անգամն է որ Հայաստանը ներկայացնող մարզական զոյգը մաս կը կազմէ աշխարհի գեղասահքի առաջնութեան լաւագոյն տասնեակին։ Քարինա Ակոբովա եւ Նիքիթա Ռախմանին բարձրամակարդակ սահքով արձանագրեցին այս նշանակալի յաջողութիւնը։ Այս արդիւնքով անոնք ճամբայ բացին յաջորդ Աշխարհի առաջնութեան եւս մէկ զոյգի մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ նուաճեցին երէցներու աշխարհի գաւաթի (Կրան-Փրի) երկու ուղեգիր, որուն իրաւունքը
կը շնորհուի միայն Միջազգային Սահքի Միութեան (ISU) կողմէ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան