Արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու նախարար Ասատ Հասան աշ-Շայպանի, Հինգշաբթի, 10 Ապրիլին Անգարայի մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ Սուրիոյ հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Թոմաս Պարաքի հետ։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ վերահաստատուեցաւ երկու կողմերուն աշխատանքին համակարգումն ու խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը։

Յիշեցնենք, որ նախարար Ասատ Հասան աշ-Շայպանի նախապէս՝ 25 Փետրուարին, Դամասկոսի մէջ եւս հանդիպում մը ունեցած էր Թոմաս Պարաքի հետ, որուն ընթացքին քննարկուած էին շարք մը ռազմավարական թղթածրարներ՝ ճամբայ հարթելով երկու երկիրներու գործակցութեան նոր փուլի։