ԱՌՈՂՋ ԱՊՐԵԼՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ՝ 
ԱՐՓԻ ՔԻԼԷՃԵԱՆԻ ՀԵՏ 
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արփի Քիլէճեանի հետ «Գանձասար»-ի հարցազրոյցին երկրորդ մասը։
«Գանձասար»- Եթէ սննդականոնի պիտի հետեւինք, անհրաժե՞շտ է կենսանիւթեր առնելը, որպէսզի մարմինը չտկարանայ:
Արփի Քիլէճեան- Անկասկա՛ծ, այո՛: Որովհետեւ այս օրերուն մեր կերակուրները գրեթէ մաքուր չեն, հորմոններով լեցուն են ու բաւականաչափ սնունդ չեն տար մեզի: Իսկ եթէ փորձենք միայն սննդակարգի միջոցաւ առնել պէտք եղածը, ինչքա՞ն քանակութեամբ պէտք է ուտել պտուղ կամ բանջարեղէն կամ մսեղէն…: Ուրեմն սննդային յաւելումները դեղ չեն, այլ մեր սնունդը կ’ամբողջացնեն կենսանիւթերով:
 Կրնայ ըլլալ Միջին Արեւելքի մէջ շատ ընդհանրացած չէ այս գաղափարը, բայց Ամերիկա արդէն բոլորն ալ այդ միջոցին կը դիմեն: Մեր մարմինները տարիքի պատճառով շատ մը նիւթեր կը կորսնցնեն եւ  մարմինի փոխարկութիւնը (մեթապոլիզմը) կը փոխուի, հորմոններու փոփոխութեամբ մեր մարմինները կը տկարանան:
Փոխարկութիւն կամ մեթապոլիզմ ըսելով պէտք է հասկնալ, որ մեր ընդունած սնունդը՝ բջիջներու եւ արեան օգնութեամբ կը փոխուի եւ
կը դառնայ օգտակար նիւթերու խումբի մը մեր մարմինին մէջ, հետեւաբար ալ սնունդ
կը հայթայթէ անոր: Եթէ մենք մեր սննդակարգը ճիշդ ձեւով չստանանք, մեր մարմիններէն ներս աշխատանքը
կը դանդաղի: Այս բոլորը կախեալ են հորմոնի եւ տարիքի փոփոխութենէն: Նուազ սնունդը նաեւ պատճառ կը դառնայ մարսողութեան դժուարութեան եւ կենսանիւթերու իւրացման նուազումին: Միայն սննդակարգն ու առողջ ապրելակերպը կը սրբագրեն այս բոլորը:
«Գ.»- Մեր կերակուրներուն մէջ օրական դրութեամբ ի՞նչ պէտք է ներառել անպայման եւ ինչպիսի՞ համեմատութեամբ:
Ա.Ք.- Մեր օրական սնունդին մէջ անպայման պէտք է ներառել սպիտակուց (փրոթէին), ածխաջուր (քարպոհայտրէթս) եւ առողջ ճարպեր (կենդանական իւղ կամ ձիթապտուղի ձէթ), սպիտակուցը միայն միսերուն մէջ չենք գտներ, այլ ընդեղէնին մէջ եւս (սիսեռ, ոսպ եւ այլն): Իսկ քանակի պարագային պնակին կէսը պէտք է ըլլայ սպիտակուց, միւս քառորդները ածխաջուր եւ ճարպ: Սնունդի հիմնական մեծ քանակը կրնանք ընդունիլ ճաշի ընթացքին, իսկ մնացեալ քանակը առնել նախաճաշին եւ ընթրիքին:
Աւելցնենք, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց օրը սուրճով կը սկսին, գոնէ գաւաթ մը ջուր պէտք է խմեն ատկէ առաջ, որովհետեւ սուրճը ուղղակի պարապ ստամոքսի մէջ, կրկնակի կը բարձրացնէ մարմնի քորթիզոլը եւ մեզ ամբողջ օրը ջղային կը պահէ:
«Գ.»- Գոյութիւն ունի՞ն տարիքային կամ առողջապահական այլ պատճառներ, որոնք արգելք կ’ըլլան նիհարնալու:
Ա.Ք.- Եթէ անձը շարժուն եւ աշխոյժ է, տարիքային միակ հարցը փոխանակումն է, որ կը դանդաղեցնէ նիհարնալու ժամանակը կամ միջոցը: Իսկ առողջութեան առումով, կան հիւանդութիւններ, օրինակ՝ վահանաձեւ գեղձը, որոնք բուժումով մէկտեղ կրնան ուշացնել նիհարնալու ծրագիրը: Ունինք նաեւ շատ տարածուած հիւանդութիւն մը՝ լեարդի ճարպակալումը, որ առողջական լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ: Ասիկա հետեւանք է սխալ սննդակարգի։ Յաւելեալ ոչ առողջապահական ճարպերու օգտագործումը պատճառ
կը դառնայ, որ անոնք կուտակուին փորի եւ որովայնի օրկաններուն շուրջ, սրտանօթի երակներուն վրայ եւ պատճառ դառնան յանկարծակի մահուան:
«Գ.»- Մանուկներու գիրութեան մասին ի՞նչ կրնանք խօսիլ:
Ա.Ք.- Շատ ընդհանրացած սխալ մըն է մանուկներու շատակերութիւնը դրական համարելը: Մանուկը շատ ուտելով չ’աճիր, ալ ճիշդ սնունդով: Շատակերութիւնը պատճառ կը դառնայ մտաւոր աշխատանքի դանդաղեցումին, մանուկին ուղեղը կը սկսի բթանալ եւ ընկալումը նուազիլ: Աւելորդ խմորեղէնի եւ շաքարի օգտագործումով, մանուկը կ’ունենայ տեւական աշխոյժ վիճակ (ADHD հիւանդութիւն), ուստի մայրը պէտք է զգոյշ ըլլայ այս հարցով եւս:
«Գ.»- Մեր ընթերցողներուն ուղղուած ի՞նչ եզրափակիչ յորդորով կրնանք փակել մեր զրոյցը:
Ա.Ք.- Մարդ արարածը ինքն իր մարմինին արժէքը պէտք է գիտնայ: Իսկ սիրելի տիկիններ, դուք ձեզ չմոռնաք, երբ ձեր կեանքին մեծ բաժինը նուիրէք ձեր ընտանիքին եւ տունին: Ձեր մարմնային եւ մտային առողջութիւնը առաջնահերթութիւն նկատելով, լաւ եւ օգտակար ուտելիքով սնանեցէ՛ք դուք ձեզ եւ ձեր ընտանիքի բոլոր անդամները, որպէսզի կարենաք ամուր եւ առողջ պահել ընտանիքը:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Հարցազրոյցը վարեց՝
Մարիա Պոտիկեան-Գայթանճեան