Ուրեմն՝ ծամօնը… ան կարծես «մշակութային յեղաշրջում» բերաւ Հայաստան։ Ծամելը դարձաւ ազատամտութեան նշան, ու եթէ կ’ուզէիր շեշտել շրջապատողներու հանդէպ անտարբերութիւնդ՝ պէտք էր ճպացնելով ծամէիր…։ Եւ ահա մտած եմ մայրանոց, ծանր ծննդաբերութենէ ետք դրած են զիս լուռ ու մութ սենեակ մը՝ հանգստանալու (այդ մէկը լաւ է)։ Ժամեր անց կը զգամ, որ արիւնի մէջ կը լողամ, սակայն ինձմով հետաքրքրուող չկայ։ Ի վերջոյ կու գայ բուժքոյր մը, կը կատարէ իր պարտականութիւնները, կը քալեցնէ զիս, տեղափոխելու ընդհանուր սենեակ (որպէս ծանր դէպք, պէտք էր պատգարակով տանէին) ու ճանապարհին կ’ըսէ.
– Ամուսինդ արտասահմանցի է, չէ՞…
– Այո,- կը պատասխանեմ զարմացած, թէ ուրկէ գիտէ։
– Ասա, որ ծամօն բերի…
– Բայց չունենք, մենք չենք ծամում։
– Ընկերներից թող ուզի, նրանք կ’ունենան…
Ու ցաւերուս  կ’աւելնայ մտահոգութիւնը։ Ինչպէ՞ս ամուսինիս ըսեմ, ես երրորդ յարկ եմ ու փակ պատուհանէն պէտք է պոռամ, որ վարը ան լսէ։ Ան ինչպէ՞ս եւ որմէ՞ պիտի խնդրէ ծամօն, առանց ծիծաղելի դառնալու։ Միւս կողմէն՝ վախ ունիմ, որ բուժքոյրս (ի՜նչ բարի բառ) անհոգ կը վարուի նորածին որդւոյս հետ, ինչպէս վարուեցաւ ինծի հետ։ Օրէնքով կողմնակի ոչ ոք կրնար մտնել ծննդատուն, ուր կը պահէին մայր ու մանուկ մէկ շաբաթ։ Հարազատներու բերած սննդեղէնը վեր կը հանէր գէր կին մը, որուն եթէ վարը «լիացուցած» ըլլային՝ ծննդկանին կը դիմէր՝ «Գեղեցկուհի ջան, ամուսնեակդ բերեց…» քաղցրախօսութեամբ, իսկ եթէ իրեն բաժին չէին տուած՝ կոշտութեամբ կ’ըսէր. «Աղջի՛, մարդդ բերեց…»։ Առա՛նց չափազանցութեան։ Եւ ահա անոր միջոցով է որ ամուսինս ղրկեց արտասահմանցի ուսանողներէն հաւաքած մէկ ու կէս տուփիկ ծամօնը։ Հաւանաբար կէս տուփն ալ իր աւարը եղաւ։ Մանրուքնե՞ր են.  բայց առօրեան նման մանրուքներէ կազմուած է։
Վերադառնանք մաքսատուն՝ ընդունելու հերթական նուաստացումը՝ եթէ անոնց բաժին տալու կարող չես։ Անոնք ընդհանուր ընդյատակեայ առեւտուրի կարեւոր օղակն էին։ Վաճառողները ու վերավաճառողները
կը հարստանային, ու կարծես թէ երջանիկ ու գոհ էին երկու կողմն ալ։ Երջանիկ էին նաեւ մաքսաւորները, որոնք իրենց առիւծի բաժինը կը ստանային այս միջազգային երթեւեկին մէջ։ Այդ էր պատճառը ահա, որ զարմացած ու բարկացած էին, տեսնելով մեր երկու փոքր ճամպրուկներու աղքատիկ պարունակութիւնը՝ գիրքեր, ձայնապնակներ (ձայներիզներ տակաւին չէին ելած) քանի մը հագուստ ու մանկական խաղալիքներ…։ Ինչպէ՜ս հնարաւոր է ընտանիքով վերջնական տեղափոխուիլ «արտասահման»՝ նման ուղեբեռով, ուր ոչինչ կայ արգիլուած ու  փրցնելու ենթակայ։ Անոնք ի՜նչ իմանային, թէ ամուսինս այն հազուադէպ սփիւռքահայ ուսանողներէն էր, որ ոչ միայն ճոխութեան մէջ չէր ապրեր, այլ իրեն միասնաբար առեւտուր ընելու եւ հարստանալու առաջարկ ընողներուն  քանիցս կտրուկ  յայտարարած էր՝ «Ես Հայրենիքիս մէջ առեւտուր չեմ ըներ…»։ Նման միջավայրին մէջ ո՞վ կը հաւատայ քու Տոն Քիշոթութեան.  անշուշտ չհաւատացին ու չեն հաւատար նաեւ անոնք, զորս հայրենիքի բարիքները միայն ճանչցան։
Պայուսակներս դասաւորելու երեկոյեան քանի մը բարեկամներ եկած էին հրաժեշտի։ Անոնցմէ մէ՞կը եւ ի՞նչ նպատակով արդեօք, մեզմէ աննկատ պայուսակի մը մէջ նետած էր ծխախոտի գլանակի ծայրով կլոր այրուածք ունեցող մէկ ռուբլիանոց թղթադրամ։ Մեզի համար այդ հանելուկը առաւել հետաքրքրեց մաքսաւորները եւ ահա անոնք քափ ու քրտինքի մտած՝ սկսան մանրամասն զննել իրերը, ապա տարին ամուսինս  ու երկար ժամանակ մանրամասն զննած էին անոր հագուստները, մարմինը եւ այլն։ Չգտնելով իրենց փնտռածը- պահուած ադամանդներ ու չեմ գիտեր ինչեր- դժգոհ՝ արձակեցին զմեզ։ Հաւանաբար իրաւունք ալ ունէին, քանի որ այդ ճամբուն վրայ  շատեր բռնուեցան արգիլուած ապրանքի մաքսանենգութեան համար՝ ուսանողներ թէ առեւտրականներ։ Բայց մեր համեստագոյն հագուածքն ու աղքատիկ պայուսակնե՞րն ալ անոնց բան մը չբացատրեցին։ Այս է մինչեւ հիմա իմ հանելուկս։
Մեր ադամանդներու մասին առասպելը հասած էր նաեւ ընտանիք եւ կարծես թէ չքմեղանք եղաւ ոմանց՝ հանգիստ խղճով զմեզ հայրական ժառանգութենէն զրկելու։ Մեր հետագայ դառն կեանքն ալ անոնց բան չյուշեց։ Այս բոլորին մէջ զիս զուարճացնողը այն է, որ մինչեւ օրս ալ առասպելը երբեմն ի լոյս կ’ելլէ, բայց ադամանդի փոխարէնը ես արդէն «քիլոներով ոսկիի» տէր կ’ըլլամ։ Իցի՜ւ թէ ըլլայի… Չեմ զարմանար մարդկային ստախօսութենէն, բայց կը խորհիմ, թէ Աստուած մարդ արարածին տրամաբանելու կարողութիւն տուած ատեն այս մարդիկ ո՞ւր էին, որ տեսած ըլլալով իմ ապրած կեանքս՝ կը մնան չար ու մտօք կոյր։
Անցնինք առաջ։ Անձնագրային բաժնի ռուս պաշտօնեան բարեւիս պատասխանեց սառցաբեկորի պէս պաղ դէմքի արհամարհական ծամածռութեամբ՝ «Մենք հայրենիքի դաւաճանին չենք բարեւում»։ Անշուշտ՝ ռուսերէն։ (Սահմանին վրայ ռուսեր էին, որովհետեւ այդ Հայաստանի սահմանը չէր, այլ Սովետական Միութեան։ Վերջերս միայն զանոնք իրենց տուն ճամբեցինք)։ Մաքսաւորներու քաշքշուքէն ցնցուած ջիղերուս անոր խօսքը շանթի հարուած էր։ Չկրցայ պատասխանել։ Մինչ օրս ալ անկարող եմ պատասխանել թունաւոր ու չար խօսքերու, ուղղակի չեմ ըմբռներ մարդկային չարութիւնը։ Բայց այսօր ալ դեռ յստակօրէն
կը յիշեմ պահը, այդ օձային ֆշշոցը ու մտքիս մէջ հազար ձեւով
կը պատասխանեմ, նաեւ արդէն աւելի մեծ լսարանի, որ Երկիրս իր քաղաքական նպատակներու համար վաճառած է ու դեռ կþուզէ վաճառել այսօր ալ.
«Ես հայրենիքի դաւաճա՜ն… ո՞վ որու դաւաճանած է ու
կը դաւաճանէ…»։
Մինչեւ Հալէպ հասնիլս այս երկար դեգերումներուս նպատակն է այլ մոլորակ ինկածի իմ հոգեբանութիւնս բացատրելը, թէեւ ես լիակատար սովետական մարդ դառնալ չէի հասցուցեր, երբ հեռացայ։  Միւս կողմէն, ըստ երեւոյթին, ուղեղս կարիքն ունի իր ծալքերուն մէջ որոնելու յիսուն տարիներու  խունացած յուշերս։
70-ականներուն Երեւան- Հալէպ թռիչքներ չկային, եւ այսպէս՝ կը թռչինք Պէյրութ։ Մաքսատունի նուաստացումէն դեռ ուշքի չեկած՝ օդանաւի մուտքին հանդիպածս առաջին արաբները՝ կոկիկ, զուսպ ժպիտով ուղեկցորդուհի (Air Hostess), ժպտող թխադէմ, համազգեստով տղամարդ՝ հաւանաբար օդանաւապետը, անգլերէն ու արաբերէն խօսք՝ օտար մթնոլորտ միանգամայն։ Ներսը՝ հայկական իրարանցում, բանտէ ազատածներու կիսաձայն խօսակցութիւններ ու իւրաքանչիւր մտնողի ուղղուած զննող հայեացքներ։ Նաեւ՝ ոչ հայկական դէմքեր։
Կարճատեւ թռիչք եւ ահա վարը՝ ծովեզերքը կը տարածուի քաղաք մը, եւ այդ ծովը Միջերկրականն է, եւ այդ երկիրը, զոր Լիբանան կը կոչուի՝ հնագոյն Փիւնիկիան է։ Ով ի՞նչ տրամադրութիւններու մէջ է այդ վայրկեանին, բայց ես արդէն Տիգրան Մեծի հետ եմ, որ Արքայից Արքան էր նաեւ Ասորիքի (Սիրիա) ու Փիւնիկիոյ։ Երբ Տիգրանի թագաւորութեան դէմ ծագած դժուարութիւններէն քաջալերուած՝ անոր դէմ ապստամբեց Սեւելկեան թագուհի Սելենէ Քլէոփաթրան՝ Տիգրանը գրաւեց Պտղոմայիս (Ակրա) քաղաքը, գերեվարեց ըմբոստ թագուհին ու մահապատիժի ենթարկեց զայն։ Իսկ Հրէաստանի թագուհին, իր սահմաններու մօտ կուտակուած հայկական զօրքէն վախցած՝ թանկարժէք նուէրներ ղրկեց ու իր հպատակութիւնը յայտնեց հայոց արքային։ Այս պատմական իրադարձութիւններէն հպարտ՝ Տիգրանի ժառանգորդս կը դիմեմ դէպի օդանաւին ելքը՝ նուաճելու Փիւնիկիան ու Ասորիքը։
Հազիւ օդանաւի սանդղահարթակին մօտեցած՝ գաղջ ու խոնաւ ալիք մը կ’ողողէ զիս ու խեղդուելու զգացողութիւնը կþունենամ.  նահանջելու փափաք, բայց անկարելիութեան գիտակցութիւն։ Ռուբիկոնն անցնիլ- չանցնիլ երկմտանքի մէջ եմ, երբ արաբ ուղեկցորդուհին կը դպնայ ուսիս ու դժգոհութեամբ կը հասկցնէ, թէ արքայական երազներէս պէտք է վար իջնեմ ու չգոցեմ անհամբեր հպատակներուս ելքը։
Փիւնիկիան կը չքանայ ու զիս կը դիմաւորէ Լիբանանը։ Աշխոյժ իրարանցում, վազվզող մարդեր, արաբերէն ու հայերէն խօսքի պատառիկներ, քիչ անդին սպասասրահի ապակիին ետեւէն իջածներուն նայող ու ձեռքով ողջունողներ, որոնց մէջ ամուսինս կը ճանչնայ իր հարազատները։ Պէյրութ հաստատուած ազգականներ, որոնք եկած են դիմաւորելու Հայրենիք ուսանած ու ընտանիքով տուն վերադարձող իրենց հարազատը։ Ես, երեքամեայ տղայիս չափ անօգնական՝ կը ջանամ ամբոխին մէջ չկորսնցնել ամուսինս, որ զմեզ դէպի դուրս կ’առաջնորդէ։ Հարազատները կը գրկեն ու կը համբուրեն շուարած երեխան, կը դիտեն ու կ’ողջագուրուին նաեւ «հայաստանցի հարսին» հետ ու … վէճի մը
կը մտնեն։ Կը խօսին արագ, ու արեւմտահայերէնին տակաւին լաւ չվարժուած՝ զարմացած եմ։ Կը պարզուի՝ անոնք երեք ընտանիքներ
կը ներկայացնեն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բուռն ձեւով կը փափաքի զմեզ իր տունը հիւրընկալել, Հալէպ երթալէն առաջ։
Կարծես թէ համաձայնութիւն կը կայանայ, ըստ իր էութեան՝ ամուսինս կ’ընտրէ անոնցմէ համեստագոյն ընտանիքը՝ այրի կին մը։ Կը թուի՝ դժգոհ մարդ չկայ.  ճամբայ կ’իյնանք։ Ընդունելութիւնը ընտանեվար է, սակայն ինծի համար ամէն ինչ նոր է՝ բնակարանն ինքնին, անոնց հագուածքը, սնունդը, խօսքը։ Իմ պահանջներս ալ մեծ չեն, ու ամէն ինչ խաղաղ է։ Բայց ահա երկրորդ օրուան առաւօտուն կրակոցներ կը լսուին ու տնեցիները տագնապած՝ կը պահուըտին տունի առաւել ապահով անկիւնները։ Տղաքը ինչ որ արաբերէն անուններ կու տան։ Կը հասկնամ, որ հակառակորդ կուսակցութիւններու գզուըռտոց է, ու իրենց համար այս երեւոյթը այնքան ալ նոր բան չէ։ Այսօր չեմ յիշեր, թէ ինչ քաղաքական դէպքեր էին, բայց իմ սերնդակից լիբանանցիներ ու սուրիացիներ հաւանաբար կը յիշեն այդ օրերը՝ 1973-ի ամռան սկիզբը։ Այդ պատճառ կը դառնայ, որ դժուարանայ Հալէպ մեկնող ինքնաշարժ (թաքսի) գտնելը։ Կասկածներ կան, որ սահմանին վրայ այնչափ ալ ապահով չէ։ Ստիպուած ենք տակաւին սպասել։ Թէեւ տանտէրերը որեւէ ձեւով դժգոհութիւն չեն յայտներ, բայց ես յստակօրէն կը զգամ, թէ հիւրը երեք օրուան համար է հաճելի, մանաւանդ նման տագնապալի օրերուն։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան