Սուրիա Չորեքշաբթի օր խստիւ դատապարտեց Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած իսրայէլեան յարձակումները, որոնք պատճառ դարձան տասնեակ զոհերու եւ վիրաւորներու՝ բացայայտօրէն ոտնակոխելով միջազգային ու մարդկային իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ուխտի սկզբունքները։

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը նոյն օրը հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը շեշտեց անյապաղ զինադադարի անհրաժեշտութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ նշուեցաւ Ապահովութեան Խորհուրդի համապատասխան որոշումներուն լիակատար հաւատարմութիւնը՝ ի խնդիր խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան եւ պետութիւններու գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի։

Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին՝ ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը այս իրաւազանցութեանց դիմաց, վերահաստատելով Սուրիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին։ Դամասկոս նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան ջանքերուն՝ հաստատելու իր տիրապետութիւնը երկրի ամբողջ տարածքին վրայ եւ զէնքը կեդրոնացնելու միայն պետութեան ձեռքը։

Ըստ Լիբանանի Քաղաքացիական Պաշտպանութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տուեալներուն, իսրայէլեան օդուժի ռմբակոծումներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը բարձրացած է 254-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 1165-ի։

Միւս կողմէ, Լիբանանի Նախագահութիւնը նոյնպէս դատապարտեց իսրայէլեան բռնագրաւիչ ուժերու օդային յարձակումները՝ թելադրելով միջազգային հանրութեան կասեցնել այս ընթացքը, որ լուրջ սպառնալիք կը հանդիսանայ տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան։