Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ 2026-ի Փետրուարին բռնկած պատերազմը ծանրակշիռ հարուած մը հասցուց թէ՛ Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ թէ՛ համաշխարհային տնտեսական հաւասարակշռութեան։ Թէպէտ 8 Ապրիլին ժամանակաւոր զինադադար հռչակուեցաւ, սակայն արձանագրուած վնասները արդէն իսկ ահարկու պատկեր մը պարզեցին։
Նմանօրինակ ծանր հետեւանքներու դիմաց, դիւանագիտութիւնը անկարող գտնուեցաւ կանխելու այս բախումը, որ թերեւս տարիներու ընթացքին կուտակուած փոխադարձ սպառնալիքներու եւ զիրար բնաջնջելու մտադրութիւններու աղէտաբեր ժայթքումն էր։ Պատմութիւնը կը վկայէ, որ պատերազմները յաճախ սկիզբ կþառնեն այն պահուն, երբ կողմերու միջեւ վստահութեան կամուրջները հիմնովին կը տապալին։
Կողմերէն իւրաքանչիւրը կը կառչէր իր անզիջելի պահանջներուն։ Իրանի համար առաջնահերթութիւնը տարածաշրջանային ազդեցութեան պահպանումն էր, մինչդեռ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի համար՝ անոր միջուկային ծրագիրի ու հրթիռային արտադրութեան լիակատար կասեցումը։ Միեւնոյն ատեն, ակնյայտ էր Իրանի տնտեսական հարստութիւններուն տիրանալու եւ անոր աշխարհաքաղաքական դերակատարութիւնը սահմանափակելու միտումը։ Բոլոր կողմերն ալ իրենց կեցուածքը «գոյութենական» նկատեցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ բանակցային որեւէ նախնական ծրագիր լոյս աշխարհ չգայ։
Երեք երկիրներուն մէջ ալ ներքին քաղաքական տիրող կացութիւնը կը մղէր դէպի կոշտ դիրքորոշումներու, որպէսզի ղեկավարները «տկար» չերեւային իրենց ժողովուրդին կամ ընդդիմադիր տարրերուն առջեւ։ Սակայն, այս պարագային, ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հաշուարկները սխալ դուրս եկան։ Իրանի դէմ շղթայազերծուած յարձակումին հետեւանքով ծագած տնտեսական տագնապը՝ մանաւանդ Հորմուզի նեղուցի փակումով, ինչպէս նաեւ Իրանի անկանխատեսելի դիմադրութիւնը, նախատեսուածէն շատ աւելի զօրաւոր եղան։
Յաճախ ռազմական ծրագրեր մշակողները կը թերագնահատեն պատերազմի տեւողութիւնն ու անոր տնտեսական շղթայական անդրադարձները։ Տիրապետող էր այն համոզումը, թէ հարուածները պիտի ըլլան արագ ու սահմանափակ, բայց իրականութեան մէջ հռետորաբանութիւնները վերածուեցան մարդկային զոհերու, սոսկալի աւերներու եւ համաշխարհային ուժանիւթի  մատակարարման ճգնաժամի։
Դժբախտաբար, պատերազմի գինը վճարեցին անմեղ արարածներ։ Քաղաքացիական բնակչութիւնը զուրկ էր պաշտպանութեան որեւէ միջոցէ։ Աւելին, տնտեսական առումով, մէկ շրջանի մէջ բռնկած հրդեհը անմիջապէս տարածուեցաւ համաշխարհային շուկաներուն մէջ՝ ստիպելով, որ նոյնիսկ հակամարտութենէն հեռու գտնուող ժողովուրդները բարձր գին վճարեն։
Այս համատարած աղէտին մէջ, Լիբանանը կը շարունակէ մնալ մեծ տէրութիւններու հաշուեյարդարի ամենատկար օղակը։ Իսրայէլ վայրագ հրթիռակոծումներով քարուքանդ կ’ընէ երկիրը՝ մասամբ իր դժգոհութիւնը յայտնելով Իրան-ԱՄՆ զինադադարի համաձայնութենէն։ Նեթանիահուն, ներքին քաղաքական ահռելի ճնշումներու տակ, կը ջանայ իր ժողովուրդին հաւաստել, թէ ինք տակաւին ինքնիշխան է իր որոշումներուն մէջ եւ չի հպատակիր Ուաշինկթընի թելադրանքին։ Հըզպալլան թիրախաւորելու պատրուակով, ան «պատժիչ» մարտավարութիւն մը կը կիրարկէ՝ ոչնչացնելով կենսական ենթակառոյցներ, յատկապէս հիւանդանոցներ։ Լիբանանի ժողովուրդը, որ արդէն իսկ տասնամեակներէ ի վեր տրտունջ կը քաշէր ճգնաժամերու տակ, Չորեքշաբթի օր արձանագրեց 254 զոհ եւ 1165 վիրաւոր (Լիբանանի քաղաքացիական պաշտպանութեան տնօրէնութեան տուեալներով)։
Մարդկային կորուստներն ու կառոյցներու կործանումը պիտի թողուն այնպիսի բաց վէրքեր, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի յառաջացնեն իրաւական ու պատմական հետեւանքներ։ Այսօր, երբ զինադադարի լուրը կը փորձէ յոյսի նշոյլ մը սփռել փլատակներուն վրայ, գլուխ ցցող հարցադրումները կը մնան այժմէական աւելի քան երբեք: Արդեօ՞ք աշխարհի հզօրները պիտի քաղեն պատշաճ դասերը այս արիւնալի պատերազմէն, թէ՞ զինադադարը պիտի ըլլայ լոկ ժամանակաւոր դադար մը՝ թափ առնելիք յաջորդ աղէտին նախաշեմին:
Մարդկութիւնը այլեւս չունի շքեղութիւնը վճարելու այնպիսի սխալ հաշուարկներու գինը, որոնք կը հիմնուին ամբոխահաճոյ նկրտումներու եւ ուժի ցուցադրութեան վրայ: Հիւանդանոցներու քանդումն ու անմեղներու արիւնը չեն կրնար դառնալ քաղաքական վարկը փրկելու դրամագլուխ: Լիբանանի եւ տարածաշրջանի անմեղ ժողովուրդներուն արդար սպասումն է, որ այս ուշացած գիտակցութիւնը վերածուի մնայուն պատասխանատուութեան, որպէսզի դիւանագիտութիւնը այլեւս չդառնայ պատերազմի պարտուած կողմը, այլ՝ խաղաղութեան միակ երաշխաւորը:
Պատմութեան էջերուն մէջ պիտի արձանագրուին ո՛չ թէ արձակուած հրթիռներուն թիւը, այլ այն աւերներն ու կորուստները, զորս կարելի էր կանխել, եթէ բանականութիւնը յաղթանակէր շատ աւելի կանուխ: Մինչ այդ, վէրքերը պիտի մնան բաց՝ սպասելով ո՛չ միայն սպիացման, այլեւ՝ արդարութեան հաստատման: