Պատերազմի 40-րդ օրը, Տանըլտ Թրամփի կողմէ Իրանին տրուած վերջնաժամկէտի լրանալէն երկու ժամ առաջ, Ուաշինկթըն եւ Թեհրան համաձայնեցան բոլոր ճակատներու վրայ երկշաբաթեայ անյապաղ զինադադար հաստատել։ Այս մասին յայտարարեց Փաքիստանի վարչապետը, որ կողմերուն հանդէս եկած էր զինադադարի առաջարկով։
Շարիֆ ըսաւ, որ իրանեան եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնները Ուրբաթ օր հրաւիրած է Իսլամապատ՝ բանակցութիւններու համար։ Ըստ Իրանի կիսապաշտօնական «ISNA» գործակալութեան՝ Իրանի կողմէ բանակցութիւնները պիտի վարէ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմետ Պաղեր Ղալիպաֆ, իսկ ԱՄՆ-ի կողմէ՝ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս։