Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար իշխան Ֆայսալ պըն Ֆարհան հանդիպում ունեցած է իր յորդանանցի պաշտօնակից Այման աս-Սաֆատիի հետ:

Նախարարները շեշտած են Սուրիոյ ապահովութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կարեւորութիւնը: Յորդանանեան «Փեթրա» լրատու գործակալութեան համաձայն, նախարարները հաստատած են Սէուտական Արաբիոյ եւ Յորդանանի զօրակցութիւնը սուրիական կառավարութեան:

Կողմերը խստիւ դատապարտած են սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները եւ հողատարածքներու գրաւումը: