Երեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2026-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Լուքման Սերճարի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին նախարար Շայպանի ընդունեց դեսպան Սերճարի հաւատարմագրերը եւ յաջողութիւն մաղթեց Սուրիոյ մէջ անոր առաքելութեան: