Պաղեստինեան Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Կազզայի առողջապահութեան հատուածը տապալման փուլին հասած է արդէն՝ 2023-էն ի վեր իսրայէլեան գրոհին հետեւանքով:

Նախարարութիւնը Համաշխարհային Առողջապահութեան օրուան առիթով հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, յայտնելով, որ առողջապահութեան հատուածը գրեթէ ամբողջական տապալման փուլին հասած է: Ան կը տառապի դեղորայքի եւ բժշկական հիմնական կարիքներու նուազումէն: Դեղորայքի նուազումի տոկոսը հասած է 50%-ի, բժշկական սարքաւորումներունը՝ 57%-ի, իսկ տարրալուծարաններունը՝ 71%-ի:

Այս բոլոր դժուարութիւններով, Կազզայի հիւանդանոցները անկարող կը դառնան բազմաթիւ վիրաւորներու եւ հիւանդներու բուժումներ տրամադրելու: Նախարարութիւնը աւելցնելով ըսաւ, որ հիւանդանոցներէն ներս անկողիններու ապահովման տագնապ կայ, մանաւանդ, որ 22 հիւանդանոց եւ 90 առողջապահական կեդրոն ծառայութենէ դուրս եկած են: Անդրադառնալով բուժման խիստ կարիք ունեցող պարագաներու, նախարարութիւնը յիշեց, որ 21,367 վատառողջ մարդիկ բուժման սպասման ցանկին մէջ են, անոնց մէջ կան 195 վտանգաւոր պարագաներ:

Նախարարութիւնը յիշեց նաեւ, թէ 1517 վատառողջ մարդիկ մահացած են՝ երկրէն դուրս բուժուելու իրենց կարգին սպասման ընթացքին: Այս բոլորը առողջապահական ոլորտին սպառնացող վտանգը ցոյց կու տան: