Մահացած է անուանի գրող, հրապարակախօս, արցախեան ազատագրական պայքարի ակունքներուն կանգնած Զօրի Բալայեանը: Ան 91 տարեկան էր:
Այս մասին յայտնած է անոր որդին՝ ծանօթ վիրաբոյժ Հայկ Բալայեանը: «Վա՜խ, պապ ջան, դուն գացիր անմիջապէս Աստուծոյ մօտ, Սուրբ Յարութեան օրը. հոգիդ թող արծիւի պէս ազատ ու խաղաղ ճախրէ երկինքով»,— գրած է ան:
Զօրի Հայկի Բալայեան ծնած է 10 Փետրուար 1935-ին, Ստեփանակերտ: 1953-1957 թուականներուն ծառայած է Պալթեան նաւատորմին մէջ: 1963-ին աւարտած է Ռեազանի Ի. Փ. Պաւլովի անուան բժշկական հիմնարկի բուժական բաժանմունքը: 1963-1973 թուականներուն Քամչաթքայի մէջ աշխատած է իբրեւ բժիշկ:
1967-ին, իր երկու ընկերներուն հետ, «Վուլքան» եւ «Հէյզեր» նաւակներով Քամչաթքայէն Օտեսա հասած է՝ կտրելով 22 հազար քիլոմեթր տարածութիւն: 1970-ին Քամչաթքայէն կտրած-անցած է Խաղաղ ովկիանոսը եւ հասած՝ Ատլանտեան ովկիանոս: 1973-ի ձմռան, շնասահնակով անցած է Քամչաթքայի եւ Չուքոթքայի տունտրաները՝ հասնելով մինչեւ Հիւսիսային ովկիանոս: 1973-1975 թուականներուն աշխատած է Երեւանի բուժական մարմնամարզութեան հանրապետական կեդրոններուն մէջ:
Եղած է «Լիտերաթուրնայա կազեթա» թերթի սեփական թղթակիցը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ «Պայքալեան շարժում» միջազգային բնապահպանական կազմակերպութեան համանախագահը:
Հայ Դատի եւ Արցախի հարցի արդար լուծման զինուորագրուած է 20-րդ դարու 1960-1970-ական թուականներուն: Իր հեղինակած «Օջախ» գիրքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի, Նախիջեւանի եւ Արցախի թեմաներուն, որուն պատճառով յարձակումներու ենթարկուած է ոչ միայն թրքական ու ատրպէյճանական պատմաբաններուն, այլեւ ԼՂԻՄ մարզկոմի ատրպէյճանամէտ ղեկավարութեան կողմէ:
Ան 1988-ին ծաւալած արցախեան ազգային-ազատագրական շարժումի ղեկավարներէն ու գաղափարախօսներէն մէկն էր: 1988-1991 թուականներուն, Միխայիլ Կորպաչովի, Ա. Եաքովլեւի եւ ԽՄԿԿ Կեդրոնական կոմիտէի ու գործադիր իշխանութեանց բարձրագոյն այլ գործիչներու հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, ԽՍՀՄ պատգամաւորներու համագումարներուն եւ Պորիս Ելցինին յղած նամակին մէջ ներկայացուցած է Արցախեան հիմնախնդիրը եւ ԼՂԻՄ-ի մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւններու: Հիմնաւորուած ելոյթներով դատապարտած է Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնի կողմէ կատարուող հակաօրինական ու հակահայկական գործողութիւնները: 1989-1992 թուականներուն եղած է ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր: 1990-ի Սեպտեմբեր 20-29-ին, Մոսկուայի իր պանդոկի սենեակին մէջ յայտարարած է հացադուլ՝ բողոքելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող անօրինականութիւններուն եւ Կորպաչովի անգործութեան դէմ, պահանջելով վերականգնել ԼՂԻՄ-ի իրաւական-վարչական մարմիններն ու սահմանադրական իրաւունքները:
1992-1995 թուականներուն եղած է ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր: 1992-1994 թուականներուն գործուն մասնակցութիւն ունեցած է ռազմաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող հարցերու մշակման մէջ, պարբերաբար գտնուած է ռազմաճակատի ամենատաք կէտերուն մէջ եւ իր ներկայութեամբ քաջալերած հայ զինուորը, որուն համար ստացած է «Կոմիսար» պատուանունը: Եղած է բազմաթիւ արտասահմանեան երկիրներու կողմէ Արցախին ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը:
Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, անոր մեծագոյն առաքելութիւնը եղած է արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի միջազգայնացման ուղղուած նպատակասլաց գործունէութիւնը: Այդ նպատակին համար, ինչպէս պատերազմի տարիներուն, այնպէս ալ յետպատերազմեան շրջանին, ան օգտագործած է ոչ միայն միջազգային տարբեր հանդիպումներու ու հրապարակային ելոյթներու ուժը, այլեւ «Կիլիկիա» եւ «Արմենիա» նաւերով շուրջերկրեայ ճամբորդութիւններ կատարելու առիթը՝ ովկիանոսներն ու ծովերը կտրելով Արցախի պետական դրօշը բարձր պարզած: