NASA-ի տիեզերագնաց եւ «Artemis II» առաքելութեան հրամանատար Ռիտ Ուայզման, լուսնային ուղեծիրի շուրջ դարձը աւարտելէ ետք, «Օրիոն» տիեզերանաւի պատուհանէն լուսանկարած է Երկիր մոլորակը։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Ռիտ Ուայզմանի կողմէ առնուած այս լուսանկարը, որ տիեզերքի խորութենէն կը ներկայացնէ Երկրագունդին գիշերային տեսարանը, տեղադրուած է NASA-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Լուսանկարին կից հրապարակուած բացատրագիրին մէջ նշուած է.
«Պատկերին մէջ կ՚երեւին երկու բեւեռափայլեր (վերի աջ եւ վարի ձախ կողմերը) եւ կենդանակերպի լոյսը (վարի աջը), մինչ Երկիրը կը քողարկէ Արեգակը։ Ասիկա եւ Երկրի մէկ այլ պատկերը առաջին լուսանկարներն են, որոնք առնուած են «Artemis II»-ի տիեզերագնացներուն կողմէ»։