ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՅԱՅՏՆԻ ԵՆ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԵՐԸ
Հայաստանի ծանրամարտի դաշնութիւնը ներկայացուցած է վրացական Պաթում քաղաքին մէջ 19-26 Ապրիլին տեղի ունենալիք Եւրոպայի առաջնութեան մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականներու կազմերը:
Դաշնութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ կանանց հաւաքականին մէջ ընդգրկուած են 53 քկ
.` Տանզելա Գրիգորեան, Իզապելլա Եալեան, 58 քկ.` Ալեքսանտրա

Գրիգորեան, 77 քկ.` Աննա Ամրոյեան, Ալինա Սուքիասեան, 86 քկ.` Էմմա Պօղոսեան, Լիանա Գիւրջեան, +86 քկ.` Տաթեւ Յակոբեան: Կանանց խումբի գլխաւոր մարզիչը Արտաշէս Ներսիսեանն է, երկրորդ մարզիչը՝ Տարօն Թովմասեանը:
Տղամարդոց հաւաքականին մաս կը կազմեն՝ 60 քկ.՝ Գառնիկ Չոլաքեան, 71 քկ.՝ Գոռ Սահակեան, 79 քկ.՝ Մարթին Պօղոսեան, 88 քկ.` Ռաֆիկ Յարութիւնեան, 94 քկ.՝ Արա Աղանեան, 110 քկ.՝ Սիմոն Մարտիրոսեան, Գարիկ Կարապետեան, +110 քկ.՝ Վարազդատ Լալայեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓԵՏՐԻ ՈՐՈՇԱԾ Է ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻՆ ՀԵՏ ՄՆԱԼ
Պարսելոնայի սպանացի կիսապաշտպան Փետրի որոշած է իր մարզական կեանքը շարունակել քաթալոնէական
ակումբին հետ: Ըստ Marca պարբերականի հաղորդագրութեան, 23-ամեայ ֆութպոլիստը իր գործակալին տեղեկացուցած է, որ պատրաստ չէ հեռանալ քաթալոնէական ակումբէն: Վերջին շրջանին մամուլին մէջ աղմկայարոյց լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ սպանացի կիսապաշտպանի ծառայութիւններով հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտը:
ակումբին հետ: Ըստ Marca պարբերականի հաղորդագրութեան, 23-ամեայ ֆութպոլիստը իր գործակալին տեղեկացուցած է, որ պատրաստ չէ հեռանալ քաթալոնէական ակումբէն: Վերջին շրջանին մամուլին մէջ աղմկայարոյց լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ սպանացի կիսապաշտպանի ծառայութիւններով հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտը:Աւելցնենք, որ նախորդ տարուան Յունուարին Փետրի քաթալոնէական ակումբին հետ ստորագրած է նոր պայմանագրութիւն, որ նախատեսուած է մինչեւ 2030-ի կէսը։ Ընթացիկ մրցաշրջանին ան Հանս Ֆլիքի գլխաւորած կազմին հետ մասնակցած է 33 հանդիպման՝ դառնալով 2 կոլի եւ 10 արդիւնաւէտ փոխանցման հեղինակ։
Ըստ Transfermarket-ի տուեալներուն, սպանացի աստղի փոխադրութեան արժէքը նախատեսուած է՝ 150 միլիոն եւրո:
ՖԻՖԱ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ ՊԻՏԻ ՏԱՅ
Պարսելոնան ՖԻՖԱ-էն դրամական փոխհատուցում պիտի ստանայ խումբի յարձակող Ռաֆինիայի վնասուելուն համար։
Յիշեցնենք, որ Ռաֆինիա վնասուեցաւ Ֆրանսայի հաւաքականին դէմ խաղի ընթացքին, որ աւարտին հասաւ 2 – 1 արդիւնքով՝ ի նպաստ Ֆրանսայի: Քաթալոնէական ակումբը պաշտօնապէս հաստատեց, որ պրազիլցի խաղցողին աջ ծունկը վնասուած է: Նախնական տուեալներով՝ ապաքինման համար
կը պահանջուի հինգ շաբաթ, որուն համար Ռաֆինիա պիտի բացակայի Պարսելոնայի Չեմփիընզ լիկի եւ ախոյեանութեան յառաջիկայ մրցումներէն: 

Ըստ Mundo Deportivo-ի, ՖԻՖԱ-ի ակումբներու պաշտպանութեան ծրագիրին համաձայն, կազմակերպութիւնը պարտաւոր է փոխհատուցում վճարել, քանի որ ֆութպոլիստի ապաքինման ժամկէտը պիտի գերազանցէ սահմանուած նուազագոյն 28 օրը։ Եթէ Ռաֆինիան խաղադաշտ վերադառնայ նախատեսուած հինգ շաբթուան ընթացքին՝ (28-29 Ապրիլին), Պարսելոնան կը ստանայ նուազագոյնը 143,836 եւրոյի արժէքով փոխհատուցում։ Սակայն, եթէ ապաքինման գործընթացը երկարաձգուի հինգ շաբաթէն աւելի, ակումբը իւրաքանչիւր օրուան համար կը ստանայ յաւելեալ 20 եւրո: