ԱՌՈՂՋ ԱՊՐԵԼՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ՝ 
ԱՐՓԻ ՔԻԼԷՃԵԱՆԻ ՀԵՏ 
Մեր զրուցակիցն է Արփի Քիլէճեան: Սուրիահայ մը, որ պատերազմի տարիներուն փոխադրուած է Հայաստան եւ 9 տարի առաջ ծանօթանալով «Հերպլ Լայֆ» սննդագիտական կազմակերպութեան, օգտուելով անոր սննդական կանոններէն, դարձած է առողջ ապրելակերպի մարզի անդամներէն (մարզիչներէն) մին: Արփին կ’օգնէ մարդոց, որ ճանչնան իրենց մարմինները, հասցնելով անոնց առողջ ապրելակերպի միտքը՝ լուծելու առողջապահական հարցերը, ըլլան անոնք յաւելեալ կամ նուազ կշիռքի պատճառներ: Այս բոլորը՝ բուսական բաղադրութիւններով, ըմպելիներով կամ ուտելիքով:
Մենք ալ մեր կարգին ուզեցինք օգտուիլ Արփիին գիտելիքներէն եւ բաժնեկցիլ զանոնք մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ:
«Գանձասար»- Որո՞նք են առողջ ապրելու հիմնական պայմանները՝ սննդային ու մարմնի մարզումին առումներով: Կա՞ն ընդհանրացած սխալներ, որոնց հետեւանքով մենք անզգալաբար
կը վնասենք մեր առողջութեան:
Արփի Քիլէճեան- Պէտք է յայտնել, որ միայն սննդային պայմանները չեն, որոնք կը վնասեն մեր առողջութեան: Մեր մարմինի առողջութեան 80% պատասխանատուութիւնը կը վերագրուի սնունդին: Սնունդին կողքին կան նաեւ քնանալու, ջուր խմելու եւ ֆիզիքական աշխատանքներու պայմանները: Այսօր մեր կերած կերակուրները չեն ամբողջացներ մեր մարմինին անհրաժեշտ սնունդը, ուստի պէտք է կարելի եղած չափով սնունդի ճիշդ ընտրութիւն կատարել եւ ուշադրութեամբ պատրաստել մեր առօրեայ ճաշացուցակը, որպէսզի ան հնարաւորինս պարունակէ սպիտակուց, ճարպ եւ հանքային նիւթեր՝ բաւարարելու մեր մարմինի պահանջը:
Այս նիւթերու նուազումը պատճառ կը դառնայ մարդու մարմինի թերի աշխատանքին, զայն
կը հիւծէ կամ կը գիրցնէ՝ իւրաքանչիւրին հորմոններու աշխատելաձեւին համեմատ:
Աւելցնենք նաեւ, որ մեր գնումներուն ցուցակները պէտք է սերտուած ըլլան, որովհետեւ որեւէ աւելորդ կամ անպիտու կերակուր որ գնենք, ստիպուած կ’ըլլանք ուտելու եւ վնասելու մեր առողջութեան: Օրինակ առնենք ածխաջուրերը (քարպոհայտրէթս), որոնք վերջերս շատ ընդհանրացած են շատ մը կերակուրներու մէջ: Անոնց շատ օգտագործումը պատճառ կ’ըլլայ, որ ածխաջուրերը մեր մարմիններուն մէջ վերածուին շաքարի եւ ետքը ճարպի, որոնք կը վնասեն մեր օրկանիզմին: Իսկ տեւական շաքար ուտելը կամ օրը շաքարով սկսիլը պատճառ կ’ըլլայ մարմինի շաքարի համեմատութեան վերիվայրումներուն, ինչ որ կը վնասէ ստամոքսի գեղձը՝ շարոյրը (պանքրիաս), եւ ժամանակի ընթացքին շաքարախտի հիւանդութեան պատճառ կը դառնայ:
«Գ.»- Ուտելու ինչպիսի՞ սովորութիւններ, կամ ուտեստեղէնի տեսակներ պատճառ կը դառնան գիրութեան:
Ա.Ք.- Հիմնականը ինչպէս նշեցի ածխաջուրի չափազանց օգտագործումն է: Բայց այդ
չի նշանակեր բնաւ չօգտագործել զայն: Ամէն ինչին չափաւորը վնասակար չէ: Ցանկալի է ճերմակ ալիւրը վերցնել մեր ուտելիքներու ցանկէն եւ զայն փոխարինել ամբողջահատիկի կամ ամբողջական ցորենի ալիւրով (սեւ ալիւր), եթէ ապահովուած է ձեր միջավայրին մէջ: Յանձնարարելի չէ ցորենը ամբողջովին ջնջել ձեր ճաշացանկէն, որովհետեւ ան իր մէջ կը պարունակէ շատ մը կենսանիւթեր, ինչպէս օրինակ B կենասանիւթի տեսակները, որոնք շատ օգտակար են մեր մարմինին եւ ջիղերուն:
Բացարձակապէս արգիլուած է մարմինը զրկել ճարպէն, այլ օգտագործել զայն քիչ քանակով: Մարմինը ամէն տեսակ սնունդի պէտք ունի, բայց օգտագործենք առողջապահական ճարպերը: Գործածենք ձիթապտուղի ձէթը, մնացեալ բուսական եւ արհեստական ձէթերուն փոխարէն, որոնք վերամշակուած են եւ կը վնասեն առողջութեան:
Սիրելի՛ ծնողներ, խուսափեցէ՛ք ձեր զաւակներուն տապկուած ուտեստ եւ չիփսի տեսակներ հիւրասիրելէ՝ զիրենք զբաղեցնելու նպատակով: Այսպիսով անոնք վարժութիւն կը դարձնեն նման վնասակար ուտելիքի օգտագործումը, որովհետեւ անոնք կը պարունակեն ախորժաբեր համեմներ եւ կը գրաւեն փոքրիկները:
Չմոռնանք կերակուրի ժամերու դասաւորումն ու ճշդապահութիւնը, որոնց խախտումը պատճառ կ’ըլլան օրկանիզմի փոփոխութեան: Ամենակարեւորը՝ քաղցրեղէնով չսկսինք մեր օրը: Նախաճաշը մեր օրուան հիմնական սնունդն է, որովհետեւ մարմինը պէտք ունի վառելանիւթի՝ շարունակելու իր աշխատանքը: Իսկ ջուրը ամենահիմնականն է մեր մարմինին, որովհետեւ ան շրջագայելով կենսանիւթերը կը հասցնէ մեր օրկաններուն: Ան կ’օգնէ մեր մազերու փայլքին, արեան շրջագայութեան, կը մաքրէ աղիքները եւ կերակուրներուն աւելցուքը դուրս կը բերէ մարմինէն:
(Շար. 1)
Հարցազրոյցը վարեց՝
Մարիա Պոտիկեան-Գայթանճեան