2026-ի Փետրուարին սկիզբ առած Իրան-Իսրայէլ-ԱՄՆ լայնածաւալ բախումը պարզ ռազմական գործողութենէ մը շատ անդին է. անիկա համաշխարհային ուժանիւթային քարտէզին հիմնական վերագծումն է։ Այս օրհասական պահուն, Սուրիա եւ Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուին բախտորոշ ու դժուարին խաչմերուկի մը։
Իրանի դէմ ծաւալող պատերազմն ու Հորմուզի նեղուցի հաւանական փակումը, ուրկէ կ’անցնի համաշխարհային քարիւղի 25%-ը, կը պարտադրեն աշխարհին գտնել նոր ու ապահով շաւիղներ։ Այս տագնապալից մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ դերը կը դառնայ կենսական։ Իրաքէն հոսող քարիւղը դէպի Միջերկրականի ափերը եւ անկէ Արեւմուտք հասցնելու Սուրիոյ կարելիութիւնը զայն կը վերածէ ուժանիւթի անխափան փոխանցման կարեւոր երաշխաւորի մը։
Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի Լոնտոն կատարած այցելութիւնը կը հաստատէ Սուրիոյ նոր կարգավիճակը։ Դամասկոս, որ տասնամեակներ շարունակ Թեհրանի հաւատարիմ դաշնակիցն էր, այսօր կը վարէ անկախ ու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը՝ ձգտելով դառնալ Արեւմուտքի վստահելի գործընկերը։ Սակայն այս վերածնունդը զուրկ չէ վտանգներէ. Իսրայէլը, օգտուելով պատերազմի պատեհ առիթէն, կրնայ սահմանային թափանցումներով խաթարել Սուրիոյ ներքին կայունութիւնը։
Մինչ Սուրիան կը փորձէ իր դիրքը վերագտնել, Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի «TRIPP» (Կասպեան երկիրներու միջազգային փոխադրութեան հարթակ) նախագիծին, որուն մէջ առաւելութիւններն ու վտանգները հիւսուած են թել առ թել։
Այս նախագիծը Հայաստանին կրնայ ընձեռել աննախադէպ տնտեսական թռիչք եւ առիթ՝ ճեղքելու տասնամեակներ տեւած շրջափակումը։ Դառնալով եւրասիական լոժիսթիք շղթայի կարեւոր օղակ մը՝ Հայաստան կրնայ ստանալ միջազգային ներդրումներ, որոնք կ’արդիականացնեն երկրի ենթակառոյցները։ Սակայն արդեօ՞ք այս ներդրումները պիտի նուազեցնեն, ատրպէյճա-նաթրքական վտանգը, զսպելով անոնց տնտեսական թէ տարածքային նկրտումները։ Պատմութեան փաստերը այնքան ալ չեն մեղմացներ մտավախութիւնները։
Միւս կողմէ,  TRIPP-ը կրնայ կաշկանդել Հայաստանի ինքնիշխան որոշումներու կայացումը՝ զայն վերածելով աշխարհաքաղաքական բախման գործիքի։ Թեհրանի մտահոգութիւնը՝ Հայաստանի հանդէպ որպէս հակաիրանական «կեդրոն», լուրջ զգուշացում մըն է, որ կրնայ վտանգել դրացիական դարաւոր կապերը։
Պատերազմի ալիքները կը ստիպեն նաեւ վերանայիլ ուժանիւթի ռազմավարութեան։ Իրանական մատակա-րարման նուազումը կրնայ դժուարացնել «կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց» գործարքը, բայց միաժամանակ հրամայական կը դարձնէ ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանեցումը։ Հայաստան պարտաւոր է իր ներքին պաշարները զարգացնել եւ այլընտրանքային ուղիներ որոնել, որպէսզի իր լոյսն ու ջերմութիւնը կախեալ չմնան միայն մէկ աղբիւրէ կամ տեսակէ։
Յաջողութիւնը կախեալ է խոհեմ ու զգօն դիւանագիտութենէ։ Հայաստանի եւ Սուրիոյ համար այս խաղը նուրբ է. օգտուիլ տնտեսական հնարաւորութիւններէն՝ առանց օտարի ծրագրերուն համար զոհելու ազգային շահն ու ինքնիշխանութիւնը։