ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՏԱՐԻԱ ՄԱԼԻՇԵՒԱ 
ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ 
Չեխիոյ Պրահա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Մ23-ի Եւրոպայի գաւաթի առաջնութեան, Հայաստանը ներկայացնող Տարիա Մալիշեւան  Պրոնզէ մետալի տիրացաւ: Մարզուհին հանդէս եկաւ սուսերամարտ՝ ենթախըմ-բային փուլին, արձանագրելով 5 յաղթանակ: Տարիա Մալիշեւա շարունակեց նաեւ իր յաղթական ընթացքը ողիմպիական մրցակարգին, ուր կրցաւ նուաճել երեք անընդմէջ յաղթանակ եւ ապահովել երրորդ հորիզոնականը:
Աւելցնենք, որ Մալիշեւա հանդէս եկաւ սուսերամարտի աւագ մարզիչ Գագիկ Յովհաննէսեանի ղեկավարութեամբ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿԱՐԵՒՈՐ 
ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Սպանիոյ առաջնութեան 29-րդ փուլի մրցումներուն, փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտ Մատրիտեան մրցումին յաջողեցաւ հետաքրքրական արդիւնքով պարտութեան մատնել դրացի Աթլեթիքո Մատրիտը՝ 3 – 2 արդիւնքով: Արքայական խումբի կրկնակի կոլի հեղինակ դարձաւ պրազիլցի յարձակող Վենիսիոս Ժունիըր։ Երրորդ կոլը նշանակեց ուրուկուէյցի կիսապաշտպան Վալվերտի, որ վերջին քանի մը վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստանալով հեռացուեցաւ դաշտէն: Աթլեթիքոյի կոլերը նշանակեցին նիճերիացի յարձակող Ատեմոլա Լուքման եւ արժանթինցի պաշտպան Նաուէլ Մոլինա: Ռէալը 69 կէտով մնաց երկրորդ դիրքի վրայ, յաջորդելով քաթալոնէական Պարսելոնային, որ իր կարգին 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռայո Վալեքանոն:
ԱՆԹՈՒԱՆ ԿՐԷՅԶՄԱՆ 
ՊԻՏԻ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԻ ԱՄԵՐԻԿԱ 
Ամերիկեան Օրլանտո Սիթին համաձայնութեան հասաւ Աթլեթիքո Մատրիտի ֆրանսացի յարձակողական խաղացող Անթուան Կրէյզմանի հետ. Այս մասին յայտարարեց նշանաւոր թղթակից ֆապրիզիո Ռոմանոն: MLS-ը (Major League Soccer) ներկայացնող ակումբը փորձած է փոխադրութիւնը իրականացնել այս ամիս, սակայն Կրէյզման փափաքած է մրցա-շրջանը աւարտել Աթլեթիքո Մատրիտի հետ: Կողմերը պիտի ստորագրեն երկու տարուան պայմանագրութիւն։ Կրէյզման ազատ գործակալի կարգավիճակով կը միանայ Օրլանտո Սիթիին: Transfermarket-ը 35-ամեայ ֆութպոլիստի փոխադրութեան արժէքը սահմանած է 10 միլիոն եւրոյով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան