ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՍՏԻՆ 
ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՇՈՒԿԱՆ
Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) արհեստագիտութեան զանազան մարզեր մուտք գործելով, աշխարհը աշխատանքի բնոյթի արագընթաց փոփոխութեան մը ականատեսը կ’ըլլայ։ Այլեւս ապագան կը պատկանի ո՛չ թէ պարզապէս գործադրողին, այլ անոր՝ որ ընդունակ է  աշխատանքը վերասահմանելու եւ զարգացնելու։ Արդի միտումները ցոյց
կու տան, որ արհեստական բանականութիւնը պիտի չջնջէ մարդուն դերը, այլ պիտի մեկուսացնէ անճկուն ու աւանդական հմտութիւնները՝ բարձրացնելով արժէքը անոնց, որոնք կը տիրապետեն մեքենային հետ արդիւնաւէտ կերպով գործակցելու արուեստին։
Արհեստական բանականութիւնը կը վերագծէ աշխատաշուկան
Արհեստական բանականութիւնը հիմնական յեղաշրջում մը յառաջացուց աշխատաշուկայէն ներս՝ մեքենա-յացնելով առօրեայ միօրինակ գործերը, բարձրացնելով արտադրողականու-թիւնը եւ ստեղծելով նոր պաշտօններ, որոնք կը պահանջեն թեքնիք ու ստեղծագործական ձիրքեր։ Թէեւ վարչական որոշ պաշտօններ կրնան անհետանալ, սակայն բազմաթիւ արհեստներ պիտի վերամշակուին՝ ոչ թէ մարդկային կարողութիւնները փոխա-րինելու, այլ՝ զանոնք հզօրացնելու նպատակով։
Ըստ Համաշխարհային Տնտե-սական Համաժողովին (WEF), վերլուծական մտածողութիւնը, ճկունութիւնը եւ յարմարողականութիւնը կը մնան պահանջուած յատկութեանց առաջնահերթութիւնները՝ առաջնորդութեան եւ հասարակական ազդեցութեան կողքին։ Նոյնպէս, արհեստագիտական գրագիտութիւնը, կարեկցանքը, ուշադիր մտիկ ընելը, հետաքրքրասիրութիւնն ու շարունակական ուսումը դարձած են արդի աշխատաշուկայի առանցքային հմտութիւնները։
Ապագայ հմտութիւնները. թեքնիքի եւ մարդկայինի համադրութիւն
Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ յառաջիկայ տարիներուն ամէնէն արագ զարգացող հմտութիւնները պիտի ըլլան արհեստական բանականութիւնը, հսկայական տուեալներու (Big Data) վերլուծումը, կիպեր-անվտանգութիւնը, ցանցային գիտութիւնն ու արհեստագիտական մշակոյթը, ինչպէս նաեւ մարդկային այնպիսի ձիրքեր, ինչպիսիք են ստեղծագործ միտքը եւ մշտական ինքնազարգացումը։
Այս ծիրէն ներս, Միջազգային Աշխատանքի Դաշնակցութեան վարչութեան անդամ եւ «Manpower Egypt»-ի գործադիր տնօրէն Մուհամմետ ալ-Տարուին «Forbes Middle East»-ին յայտնած է, թէ նորաւարտ ուսանողները այսօր մուտք կը գործեն «հիմնովին տարբեր» աշխատաշուկայ մը, ուր ԱԲ գործիքներուն տիրապետելը այլեւս լրացուցիչ առաւելութիւն մը չէ, այլ մասնագիտական էական պայման։
Աշխատանքային արժէքներու վերակազմաւորումը
Ըստ «McKinsey & Company»-ի՝ մարդ-ռոպոթ գործակցութեան վերաբերեալ տեղեկագրին, Ամերիկայի մէջ աշխատանքի յայտարարութիւններուն մէջ «ԱԲ-ի հմտութեան» պահանջը մինչեւ 2025-ի կէսերը աճած է շուրջ եօթնապատիկ։ Այս կարողութիւնը պայման դարձած է մօտաւորապէս եօթը միլիոն անհատներու զբաղեցուցած պաշտօններուն համար։
Հաշուարկները ցոյց կու տան, թէ մինչեւ 2030 թուական պիտի ստեղծուի 170 միլիոն նոր աշխատատեղ՝ ի հեճուկս 92 միլիոնի անհետացման, ինչ որ կը նշանակէ 78 միլիոնի զուտ աճ։ Սակայն պահանջուած հիմնական հմտութիւններուն 39%-ը պիտի փոխուի, ինչ որ կը մատնանշէ աշխատանքի էութեան երեւելի տեղաշարժը։
Նորաւարտները եւ մասնագիտական նոր իրականութիւնը
Տնտեսական տուեալներու համաձայն, այսօրուան շրջանաւարտները կը մտնեն շուկայ մը, որ աւելի ու աւելի կը յենի ԱԲ գործիքներուն վրայ՝ տուեալներու վերլուծման, տեղեկագրերու պատրաստման, բովանդակութեան ստեղծման եւ ծրագրաւորման որոշ գործողութեանց համար։
Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովը կը նախատեսէ նահանջ այնպիսի պաշտօններու մէջ, ինչպիսիք են գանձապահները, տոմսավաճառները, վարչական օգնականները, տպագրիչները, հաշուապահներն ու հաշուեքննիչները։ Ուսումնասիրութիւնները կը յուշեն, թէ աշխարհի վրայ ամէն չորս աշխատանքէն մէկը ենթակայ է «Ստեղծագործական ԱԲ»-ի ազդեցութեան, որ առհասարակ պիտի փոխէ գործի բնոյթը եւ ոչ թէ ամբողջովին փոխարինէ զայն։
Ընդհակառակն. վիրաբոյժներու, փաստաբաններու եւ դատաւորներու պէս արհեստները նուազ ենթակայ են փոփոխութեան, քանի որ անոնք կը պահանջեն բարձր պատասխանատուութիւն, մարդկային անմիջական շփում եւ մասնագիտական դատողութիւն։ Այս պարագային, ԱԲ-ը կը մնայ սոսկ օժանդակող միջոց մը եւ ոչ թէ ամբողջական փոխարինող։
Ապագան բաց պիտի չըլլայ անոնց համար, որոնք միայն գործադրող են, այլ անոնց՝ որոնք կրնան վերասահմանել ու զարգացնել իրենց աշխատանքը։ Արդի աշխատաշուկայի իրական արժէքը մարդկային ու մեքենական բանականութեան ներդաշնակութեան մէջ է։