Սուրիոյ տնտեսական տագնապալի իրականութեան մէջ, ելեւմուտքի նախարար Մուհամմետ Եուսըր Պարնիէի վերջին յայտարարութիւնները «Ախպարիէ Սուրիէ» կայանին,
կը ներկայացուին որպէս յուսադրիչ ազդակներ, բայց նաեւ աշխատանքի հրաւիրող ճանապարհային քարտէզ։ Նախարարին խօսքերը կ’ընդգրկեն թէ՛ խոստումներ, թէ՛ տնտեսական նոր տրամաբանութեան մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։
Նախարարին ելոյթը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
Ամսականներու Բարեփոխում: Պետութիւնը յանձնառու է ամբողջացնելու աշխատավարձերու եւ ամսականներու բարեփոխման գործընթացը՝ փորձելով մեղմացնել քաղաքացիին ուսերուն ծանրացած սղաճի բեռը։
Արտադրութեան Խթանում: Տնտեսութեան զարթօնքին համար նախարարը շեշտեց գործարարները եւ արտադրողները հարկերէ զերծ պահելու, ինչպէս նաեւ քանդուած գործարաններու վերակառուցման նպաստելու կարեւորութիւնը։  Նախարարին համաձայն, երկրին մէջ կան 30 հազարի հասնող քանդուած գործարաններ, որոնց վերակառուցումը, պետութեան օժանդակութեամբ, աշխատանքի հսկայական առիթներ պիտի ստեղծէ։ Նպատակը երկրէն ներս արտադրութիւնը զարգացնելն է, որպէսզի նուազի ներածումներու համեմատութիւնը եւ գործազրկութիւնը վերանայ ու ստեղծուին նոր աշխատատեղեր, ինչ որ տնտեսական ինքնաբաւութեան հիմնաքարն է։ Այս բոլորին կողքին նախարարը յայտնեց, որ կառավարութիւնը սուրիական միջավայրը ներդրումներու ապահով միջավայր դարձնելու համար տարբեր միջոցներու կը դիմէ։
Եռակողմ գործակցութիւն: Նախարարը շեշտեց, որ վերակառուցման գործընթացը կը հիմնուի պետութեան, աշխատուժի (մասնաւոր հատուածի թէ պետական) եւ ժողովուրդի միասնական ճիգերուն վրայ։
Տնտեսական բարեփոխումը չի կրնար սոսկ թուանշային ըլլալ. ան պէտք է ուղեկցի վարչական փտածութեան դէմ պայքարով եւ ներդրումային ապահով միջավայրի ստեղծմամբ։ Նախարարին «ձեռք ձեռքի» աշխատելու շեշտադրումները, ցոյց կու տան, որ պետութիւնը առանձին չի կրեր ամբողջ պատասխանատուութիւնը. անհրաժեշտ է հաւաքական գիտակցութիւն եւ գործակցութիւն։
Սուրիոյ վերակառուցումը միայն քար ու կառոյցի հարց չէ, այլ՝ հոգեբանական վերափոխման հարց։ Որպէսզի Պարնիէի մատնանշած բարեփոխումները յաջողին, մարդոց նայուածքը աշխատանքի նկատմամբ պէտք է հիմնովին փոխուի։
Սուրիական հասարակութիւնը պէտք է դադրի ըլլալէ լոկ սպառող հասարակութիւն, որ կը սպասէ պետական նպաստի։ Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ինքզինք համարէ տնտեսական շղթայի կարեւոր օղակ։
Աշխատանքը պէտք է դիտուի ոչ թէ միայն որպէս ապրուստի միջոց, այլեւ որպէս երկրի ինքնիշխանութեան եւ տնտեսական անկախութեան պաշտպանութեան գործիք։
Ուստի, նկատի ունենալով կառավարութեան ջանքերը այս ուղղութեամբ, ժամանակն է քաջալերելու ստեղծագործ միտքը եւ մասնաւոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կրնան նոր շունչ տալ երկրին։ Այս առումով անհրաժեշտ է իրազեկ դառնալ տնտեսական օրէնքներուն, ստեղծուող աշխատանքի առիթներուն, որպէսզի սուրիացի քաղաքացին աստիճանաբար վերականգնէ իր աշխատունակ կենցաղը։
Այս բոլորին համար, սակայն, կարեւոր է նաեւ երկրի ներքին ապահովութեան ամրագրումը։ Ներքին գործոց եւ տնտեսութեան ու ելեւմուտքի նախարարութիւններու ջանքերը համալրուելու պարագային կարելի է գետնի վրայ, ժամանակի ընթացքին բարեփոխումներ նկատել ու իրապէս գործի նոր առիթներու ստեղծումի ականատեսը դառնալ։