Կան ուժեր, որոնք չեն աղաղակեր, բայց կը ցնցեն աշխարհներ։ Կան սրտեր, որոնք չեն պահանջեր, բայց կը նուիրեն ամէն բան։ Հայ մայրը այդ լուռ, բայց անսասան ուժն է՝ որ դարերու մութին մէջ լոյս պահեց, կորուստի վտանգին մէջ յոյս ծնաւ եւ աւերակներէն ապագայ կերտեց։

Ան երբեք բեմի վրայ չէր, բայց անոր ձեռքով կը գրուէր պատմութիւն։ Ան երբեք չէր գովերգեր իր մեծութիւնը, բայց անոր լռութիւնը աւելի հզօր էր, քան հազարաւոր խօսքեր։ Հայ մայրը չէր հարցներ՝ «ի՞նչ ստացայ», այլ կ՚ապրէր մշտապէս խորհելով մէկ հարցումի մասին՝ «ի՞նչ տուի»։ Եւ իր ամբողջ կեանքը դարձուց այդ հարցումին պատասխանը՝ անսահման նուիրում․․․։

Հայ մօրմէն ծնաւ ոչ միայն զաւակ, այլ նաեւ կամք։ Ան ոչ միայն մարդ դաստիարակեց, այլեւ արժանապատուութիւն պահել սորվեցուց։ Ան փոխանցեց ոչ միայն լեզու եւ հաւատք, այլ նաեւ ոգի։

Այսօր ալ, երբ հայ մայրը իր զաւկին աչքերուն մէջ կը նայի, ան կը տեսնէ ապագան՝ իր ամբողջ հաւատքով ու վախերով, իր ամբողջ սիրով ու յոյսով։

Եւ երբ պատմութիւնը կը ծանրանայ, երբ աշխարհը կը խաւարի, հայ մայրը չի փախչիր իրականութենէն։ Ան կը կրէ։ Ան կը տոկայ։ Ան կը վերածուի ժայռի մը, որուն վրայ կեանքը կը շարունակուի կառուցուիլ։ Անոր արցունքները երբեք թուլութեան նշան չեն, այլ՝ սերմեր են, որոնցմէ կը ծլի նոր ուժ, նոր սերունդ եւ նոր Հայաստան։

Հայ մայրը յաղթանակին աղաղակը չէ, այլ անոր արմատը։ Ան չի կանգնիր բարձունքին վրայ՝ փառքի մէջ, այլ կը մնայ խորքին մէջ՝ որպէս խարիսխ։ Ու առանց այդ խարիսխին, ո՛չ բարձունք կայ, ո՛չ ապագայ։

Այսօր, երբ կը խօսինք մայրերու մասին, մենք չենք գովերգեր միայն սէրը։ Մենք կը խոնարհինք ուժի մը առջեւ, որ անտեսանելի է, բայց անփոխարինելի։ Ուժ մը, որ չի կոտրուիր ժամանակի անդունդին մէջ, չի մաշիր տառապանքէն եւ չ՚անհետանար յիշողութենէն։

Վերջապէս, հայ մայրը յաւերժութիւն է՝ ապրող ծաղկուն սրտերու մէջ։ Անիկա սէր է, որ սահման չունի, զոհողութիւն է, որ չափ չունի, եւ ուժ է, որ վերջ չունի։ Եւ այնքան ատեն որ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունի հայ մայրը, գոյութիւն ունի խոստմնալից հա՛յը՝ կանգուն, յուսալի եւ աշխատասէր։

Լոռի Մաթոսեան