ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանական մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հալէպի Ահլին 56 – 60 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դամասկոսի Ուահտէն: Մրցումը տեղի ունեցաւ վերանորոգուած ալ-Շահպաա մարզադաշտին վրայ։ Մրցումներուն ներկայ էին Սուրիոյ մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար Մուհամմետ  Սամեհ ալ-Համետ, Հալէպի նահանգապետ Ազզամ ալ-Ղարիպ, Հալէպի մարզական եւ երիտասարդական գրասենեակի նախագահ Ահմետ ալ-Իմամ:
– Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը պատժական տնօրինումով երկու մրցումով կախակայեց Հալէպի Ահլի խումբի մարզիչ Ռիմ Սապպաղն ու խաղացող Սուզան Ապտուլ Ազիզը, ինչպէս նաեւ մէկ խաղի համար՝ Հըթթինի մարզիչ Իպրահիմ Հալապին, Ահլի Հըթթին խաղէն ետք պատահած արարքին համար: Կախակայման կողքին սահմանուեցան  նիւթական պատիժներ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԸՄԲԻՇ ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ 
ԵՒՐՈՊԱՅԻ Մ-23 ԱԽՈՅԵԱՆ
Սերպիոյ Զրենեանին քաղաքին մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները նուաճեցին 1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալներ: Արամայիս Յարութիւնեան (130 քկ.) երեք յաղթանակ տանելով հասաւ եզրափակիչ, ուր կրցաւ պարտութեան մատնել հունգարացի  Լասզլո Տարապոսը եւ տիրանալ ախոյեանութեան:  Սամուէլ Տէրտէրեան եզրափակիչին  պարտուեցաւ ռուս ներկայացուցիչ Թամիլ Գրիգորեանէն ու դարձաւ արծաթէ մետալակիր։ Մանուէլ Խաչատրեան (55 քկ.) պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտին ժամկէտէն շուտ 9 – 0 արդիւնքով յաղթեց թուրք Սերչան Կեսքինին եւ գրաւեց երրորդ դիրքը։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏՆ ՈՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆ 
ԻՐԵՆՑ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 28-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծէն ներս, մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը 4 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էլչին: 39-րդ վայրկեանին, գերմանացի պաշտպան Ռուտիկէր կատարեց Ռէալի կոլերուն բացումը, որմէ հինգ վայրկեան ետք, Վալվերտին հեռաւոր հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը: Ռէալի խաղացողները շարունակելով իրենց դրական խաղարկութիւնը կրցան 69-րդ վայրկեանին նշանակել երրորդ կոլը՝ Հաուսընի միջոցաւ: Նախքան աւարտը, Կուլէր արձանագրեց խումբին 69 մեթր հեռաւորութեամբ չորրորդ կոլը: Աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւող Պարսելոնան դարձեալ կրցաւ դուրս գալ յաղթական, 5 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սեւիլիան: Պարսելոնայի կոլերէն երկուքը արձանագրուեցան տուգանային հարուածներով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան