ՏԵՂԱԿԱՆ
ՇԱՊԻՊԷ ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ՏԱՐԱՒ ՈՒԱՀՏԷԻ ԴԷՄ՝
ՊԱՍՔԵԹԻ ՏՂՈՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Սուրիական Շապիպէ խումբը 99-98 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Ուահտէ խումբին, երկարաձգումէ ետք։ Մրցումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Մարտին, Հալէպի Շապիպէ ակումբի մարզադաշտին վրայ, Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան շրջագիծէն ներս։
Խաղի ամբողջ ընթացքը եղաւ խիստ մրցակցային եւ հետաքրքրական։ Շապիպէն առաջին կիսախաղը աւարտեց 13 կէտի առաւելութեամբ (50-37)։ Սակայն, երրորդ շրջանին Ուահտէն վերագտաւ իր հաւասարակշռութիւնը եւ կրցաւ նուազեցնել տարբերութիւնը մինչեւ 2 կէտի։
Չորրորդ շրջանին երկու խումբերն ալ փոխնիփոխ յառաջացան մինչեւ վերջին վայրկեանները։ Վերջին վայրկեանին Շապիպէի օտար մարզիկը կրցաւ կէտ մը արձանագրել՝ հաւասարեցնելով արդիւնքը (88-88)։ Այսպիսով խումբերը անցան յաւելեալ ժամանակի, ուր բախտը ժպտեցաւ տանտէրերուն, որոնք արձանագրեցին մեծ յաղթանակ մը՝ մէկ կէտի տարբերութեամբ (99-98)։
Այս արդիւնքով Շապիպէն բարձրացաւ ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրք՝ 12 կէտով, հաւասարելով առաջին դիրքը գրաւող Նաուաիրին եւ երկրորդ դիրքի վրայ գտնուող Ահլի Հալէպին։ Իսկ Ուահտէի կէտերը մնացին 10-ի վրայ՝ գրաւելով վեցերորդ դիրքը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ Ահլի Հալէպը պարտութիւն կրած էր Նաուաիրէն 90-67 արդիւնքով՝ Համայի Նասըհ Ալուանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
ՉՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԱՒԱԹԻ ԵՐՐՈՐԴ ՓՈՒԼԻՆ
Հայաստանի մարմնամարզի տղոց հաւաքականը չկրցաւ մասնակցիլ Աշխարհի գաւաթի երրորդ փուլին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնութիւնը։
Մարմնամարզի աշխարհի գաւաթի երրորդ փուլը սկսաւ 10 Մարտին, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ։
«Ստեղծուած կացութեան բերումով, ազգային հաւաքականը չկրցաւ վերադառնալ Քաթարի մէջ տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքէն, որուն հետեւանքով ալ կազմը չմասնակցեցաւ մրցաշարքի երրորդ փուլին», յայտնեցին դաշնութենէն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի հաւաքականը չէր մասնակցած նաեւ Աշխարհի գաւաթի երկրորդ փուլին, որովհետեւ անիկա տեղի կ’ունենար Պաքուի մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՐԱՁԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ 13-ՐԴ ՄԵՏԱԼԸ ՆՈՒԱՃԵՑ
Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացող Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներու վերջին օրը, Հայաստանի հաւաքականը օդամղիչ ատրճանակի վարժութեան մէջ պրոնզէ մետալի համար մրցեցաւ Պուլկարիոյ հաւաքականին դէմ։
Հայաստանի հաւաքականի եռեակը՝ կազմուած Զաւէն Իգիթեանէ, Բենիկ Խլղաթեանէ եւ Գէորգ Մելքոնեանէ, ընդհանուր հաշուարկով 17-9 արդիւնքով գերազանցեց պուլկարները եւ տիրացաւ ախոյեանութեան պրոնզէ մետալին։
Մինչեւ այս մրցումը, Հայաստանի հաւաքականը Եւրոպայի այս ախոյեանութեան ընթացքին արդէն իսկ նուաճած էր 4 ոսկի եւ 8 արծաթ մետալներ։
Ռաֆֆի Սիւլահեան

